. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը երէկ արշալոյսին հարաւային Լիբանանի Պընթ Ժպէյլ գաւառի Այթա Շաապ գիւղին մէջ տուն մը հարուածեց:
. ԽՈՒՄԲ մը քաղաքայիններ Իպլ Սաքքա գիւղին մէջ արգելք հանդիսացան ՖԻՆԻՒԼ-ի պարեկութիւն կատարող ուժին, որովհետեւ անոր լիբանանեան բանակը չէր ընկերակցեր:
Իպլ Սաքքայի քաղաքապետութիւնն ու բնակիչները դատապարտեցին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժի աշխատանքը խանգարելու դէպքը:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը գրէ, որ Լիբանան կը պատրաստուի իր պաշտօնական պատասխանը տալու ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքի Պէյրութ իր այցելութեան ընթացքին ներկայացուցած առաջարկներուն, որոնք կը կեդրոնանան երկու կէտերու շուրջ` Հըզպալլայի զինաթափման թղթածրարը փոխանցել նախարարաց խորհուրդին` նկատի ունենալով, որ անիկա գործադիր իշխանութիւնն է, որ պէտք է բոլոր բաղադրիչ մասերուն մասնակցութեամբ, ներառեալ շիի նախարարները, զինաթափման որոշումը կ՛որդեգրէ, երկրորդ` որդեգրել «քայլի դիմաց քայլ» մեքանիզմը, ուր Իսրայէլ որոշ կէտէ մը կը հեռանայ Հըզպալլայի իր զէնքին վերաբերեալ մեծ քայլ մը կատարելուն դիմաց»:
. ՊԵՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Սուրիոյ հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թամըս Պարրաքի փաստաթուղթին լիբանանեան պատասխանը հիմնուած է «քայլի դիմաց քայլ» սկզբունքին վրայ, ի տարբերութիւն ամերիկացի պատուիրակի փաստաթուղթին, որ լիբանանեան կողմին կոչ կ՛ուղղէ Հըզպալլայի զէնքը ստանձնելու` իբրեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իսրայէլի վրայ հարաւային Լիբանանէն հեռանալու համար ճնշում բանեցնելու նախաքայլ»:
«Լիբանանեան բարեփոխումները կ՛առաջարկեն քայլերու զուգահեռութիւն, սկսելով հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան աստիճանական հեռացումի դիմաց կառավարութեան Հըզպալլայի զէնքը ստանձնելու որոշումի յայտարարման, որմէ ետք կուսակցութիւնը կը սկսի Լիթանիէն հիւսիս իր զէնքի յանձնումին, որ իսրայէլեան ամբողջական հեռացման զուգահեռ կ՛ընթանայ», նշած են աղբիւրները:
Այս ծիրին մէջ Այն Թինէի եւ վարչապետարանի այցելուները «Ժատիտ»-ին յայտնած են, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ գոհ են իրենց ժողովէն, եւ Պըրրի պիտի ստանձնէ նշեալ տարազը Հըզպալլային փոխանցելը եւ երկու օրուան ընթացքին անոր պատասխանը ստանալը:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան հսկող զինուորական յանձնախումբի անդամ իսրայէլացի պատուիրակը այս շաբաթ գումարուած վերջին ժողովի ընթացքին յայտնած է, թէ Իսրայէլ Հըզպալլայի ամբողջական զինաթափումէն առաջ որեւէ քայլ պիտի չկատարէ, ինչ որ հարցականներ կը ստեղծէ ամերիկեան առաջարկին նկատմամբ, թէ անիկա Լիբանանի վրայ ճնշում բանեցնելու քաղաքականութեան ծիրին մէ՞ջ է:
. ԱԶԳԱՅԻՆ Համաձայնութիւն կուսակցութեան ղեկավար Պիլալ Թաքիէտտին յայտնեց. «Անհրաժեշտ է լուծել Լիբանանի մէջ սուրիական ներկայութեան հարցը: Սուրիոյ մէջ այլեւս պատերազմ չկայ, եւ քաղաքական պայմանները այլեւս կ՛արտօնեն սուրիացիներուն տունդարձի կարելիութիւնը: Լիբանան այլեւս կարողութիւնը չունի այս մեծ բեռը կրելու»:
«Մենք դիմացը կանգնած ենք մեծ վտանգներու, որոնք կը ցնցեն ընկերային, տնտեսական եւ ապահովական կայունութիւնը: Սուրիական ներկայութիւնը այլեւս Լիբանանին եւ անոր ժողովուրդին համար իսկական վտանգ մը դարձած է», աւելցուց ան:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին. «Զինադադարի համաձայնութեան հսկողութեան յանձնախումբը Իսրայէլէն տեղեկութիւն ստացաւ, թէ վերջինս Ալի Թահերի մէջ Հըզպալլայի կառոյցներու գոյութեան շուրջ կասկածներ ունի եւ նպատակ ունի զանոնք հարուածելու, թէեւ նշեալ դիրքը Լիթանիէն հարաւ եղող շրջանէն դուրս է, եւ լիբանանեան բանակը զայն նախապէս չխուզարկեց»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի եւ վարչապետ Սալամի միջեւ հանդիպումի ընթացքին տարբեր թղթածրարներու, մասնաւորաբար ամերիկացի պատուիրակ Պարրաքի յանձնած փաստաթուղթին շուրջ սպասուող պատասխանին շուրջ դիրքորոշումներու համակարգում կատարուեցաւ:
«Յանձնախումբ մը աշխատանք կը տանի բանաձեւելու պատասխանը եւ զայն յանձնելու անոր երկրորդ այցելութեան ընթացքին»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի Պընթ Ժպէյլ գաւառի Քունին գիւղին մէջ յարձակում գործեց ինքնաշարժի մը վրայ: Արձանագրուեցաւ զոհ մը:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը յարձակում գործեց հարաւային Լիբանանի Մահրունա գիւղին մէջ մոթորսիքլեթի մը վրայ: Արձանագրուեցան երկու զոհեր, որոնցմէ մէկը` կին մը: Նաեւ վիրաւոր մը արձանագրուեցաւ:
Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ Մահրունա գիւղին վրայ յարձակումի ընթացքին ահաբեկած է Հըզպալլայի մասնայատուկ «Ռատուան» ուժերուն մէջ տեղեկահաւաքի սպայ մը:


