Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Օդուժը Բուռն Յարձակումներ Գործեց Հարաւային Լիբանանի Վրայ

June 28, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան օդուժը երէկ շարք մը յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Ալի Թահեր Տիմաշքիէ, Ժարմաք եւ Մահմուտիէ շրջաններուն վրայ: Ըստ «Նաշրա» լրատուական կայքին, իսրայէլեան օդուժը աւելի քան 20 յարձակումներ գործած է` օգտագործելով ցնցումային ռումբեր:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Լայնածաւալ օդային յարձակումներ անգամ մը եւս կը թիրախաւորեն ենթակառոյցներ` զանոնք վերաշինելու փորձեր նկատելէ ետք»:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի աւելի ուշ պնդեց, թէ իսրայէլեան ռմբաձիգներ յարձակում գործած են հարաւային Լիբանանի Ժապալ Շքիֆ շրջանին մէջ գտնուող դիրքի մը վրայ, որ Հըզպալլայի կրակոցի եւ պաշտպանութեան համակարգերու ղեկավարման համար կ՛օգտագործուէր:

Ատրահի նշեց, որ յարձակումի ենթարկուած վայրը մաս կը կազմէ ստորգետնեայ ծրագիրի մը, որ նախապէս վնասազերծուած է իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով:

Ան ըսաւ, որ իսրայէլեան բանակը զայն վերաշինելու փորձեր նկատած է, ինչ որ զինք մղած է շրջանին մէջ «ենթակառոյցին» վրայ յարձակում գործելու:

Ատրահի աւելցուց, որ այդ դիրքի գոյութիւնն ու զայն վերաշինելու փորձերը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխադարձ հասկացողութիւններու «բացայայտ խախտում» են:

Ան ըսաւ, որ իսրայէլեան բանակը «պիտի չհանդուրժէ» այդ դիրքին մէջ գործելու Հըզպալլայի փորձերը եւ «պիտի շարունակէ վերացնել Իսրայէլի պետութեան վրայ որեւէ սպառնալիք»:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն մօտէն հետեւեցաւ Նապաթիէի, Իքլիմ Թուֆահի եւ խաղաղ բնակչութեան վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն ու դատապարտեց «Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու անցեալ նոյեմբերին գոյացած համաձայնութեան խախտման շարունակութիւնը»:

«Իսրայէլ կը շարունակէ անտեսել որոշումները եւ շրջանին մէջ բռնարարքներն ու մագլցումը դադրեցնելու շրջանային եւ միջազգային կոչերը, ինչ որ կը պահանջէ միջազգային ընտանիքին կողմէ ազդու քայլ մը` վերջ տալու համար այս յարձակումներուն, որոնք չեն ծառայեր Լիբանանի եւ շրջանի պետութիւններուն մէջ կայունութեան համար թափուող ջանքերուն», նշեց նախագահ Աուն:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին բուռն կերպով դատապարտեց Նապաթիէի շրջանին վրայ իսրայէլեան յարձակումները:

Վարչապետը նշեց, որ այդ յարձակումները «բացայայտ ոտնահարում են ազգային գերիշխանութեան եւ թշնամական արարքները դադրեցնելու դասաւորումներուն, զորս գոյացուցինք անցեալ նոյեմբերին, ինչպէս նաեւ սպառնալիք են կայունութեան համար, զոր նախանձախնդիր ենք պահպանելու»:

Նախորդը

Իլոն Մասք Նախագահ Աունին Հեռաձայնելով Փափաք Յայտնեց, Որ Իր Ընկերութիւնը Լիբանանի Մէջ Ներկայ Ըլլայ

Յաջորդը

Նեթանիահու. «Իրանի Վրայ Յաղթանակը Կարելիութիւն Կը Ստեղծէ Աբրահամեան Համաձայնութիւններու Էական Ընդլայնան Համար»

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ  Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

September 26, 2026
Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն  Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»

September 26, 2026
Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց  Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի  Գործունէութիւնը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի Գործունէութիւնը

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.