Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժաշի. «Ամերիկացիէն Չենք Վախնար, Ան Ոչինչ Պիտի Կարենայ Ընել, Եթէ Կառչած Մնանք Մեր Ուժին Եւ Միասնականութեան»

July 2, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Ժաշի յայտնեց, թէ այն, ինչ այսօր Լիբանանի մէջ տեղի կ՛ունենայ, «ամերիկացի տիրոջ» գործած «խուլիկանութեան» լոյսին տակ տեղի կ՛ունենայ: Ան ամերիկեան պետութիւնը «վայրագ, ոճրագործ եւ դաւադիր» կոչեց:

«Ամբողջ եօթը ամսուան ընթացքին բոլոր դիւանագիտական միջոցները ձախողեցան յարձակումը զսպել, մեր հարազատներուն եւ ժողովուրդին դէմ թշնամիին գործած սպանութիւնն ու առօրեայ ոճիրը դադրեցնել», ըսաւ Ժաշի:

«Այն, ինչ որ ամերիկացին կ՛ուզէ եւ այսօր կ՛առաջարկէ, զինաթափման նիւթն է, եւ իր պայմանները կը ճշդէ, սակայն անիկա ժողովուրդներուն համար անխուսափելի ճակատագիր չէ, ո՛չ ալ երկինքէն իջած գիրք մը», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Այս ամերիկացին 1982 թուականին Լիբանանի մէջ նախկին փորձառութիւններ ունի, երբ յուսախաբութեան ու պարտութեան պոչը քարշ տալով հեռացաւ»:

«Մենք ամերիկացիէն չենք վախնար», ըսաւ Ժաշի եւ խօսքը «գերիշխանութեան ջատագովներուն» ուղղելով յայտնեց. «Եթէ գերիշխանութեան ձեր ձգտումին մէջ անկեղծ էք, ապա ամերիկեան ցուցմունքներուն ու պայմաններուն մի՛ ենթարկուիք, որովհետեւ ոչինչ պիտի կարենայ ընել, եթէ կառչած մնանք մեր ուժին ու միասնականութեան, ընդդէմ գոռոզ փարաւոնին, որ այսօր արդի փարաւոնը կը ներկայացնէ»:

«Լիբանանցի ժողովուրդի ճակատագիրը այս թշնամին դիմակայելն է, որովհետեւ այլընտրանք չունի, որովհետեւ ժողովուրդ մըն է, որ չի ճնշուիր եւ վարկաբեկումը չ՛ընդունիր», ըսաւ երեսփոխանը:

«Լիբանան այսօր աւելի քան երբեւէ կարիքը ունի Դիմադրութեան, որ անոր ուժը, պարծանքն ու արժանապատուութիւնը կը մարմնաւորէ», յայտնեց ան` նշելով. «Բոլորը գիտեն, որ եթէ Դիմադրութիւնը չ՛ըլլար, Շարոնը տակաւին նախագահական պալատին մէջ նստած կ՛ըլլար»:

«Բոլոր լիբանանցիները Դիմադրութեան պարտական են, որովհետեւ հողը ազատագրեց եւ այս ժողովուրդը հպարտացուց», յայտնեց Ժաշի:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Խորհրդարանը 2-րդ Օրն Ըլլալով Նախագիծեր Որդեգրեց

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.