Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քումաթի. «Պիտի Չարտօնենք, Որ Լիբանան Առանց Ուժի, Առանց Ինքզինք Պաշտպանելու Կարողութեան Մնայ»

June 30, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մահմուտ Քումաթի յայտնեց. «Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը այն կողմն է, որ յաղթանակ արձանագրեց, երկիրը կը պահպանէ, անոր ուժ կը պարգեւէ եւ զայն կը պաշտպանէ արտաքին թշնամիներէն»:

«Պիտի չարտօնենք, որ Լիբանան առանց ուժի, առանց ինքզինք, իր բոլոր բաղադրիչ մասերով պաշտպանելու կարողութեան մնայ», աւելցուց Քումաթի:

«Լիբանանի մէջ ամերիկեան բռնագրաւումը պէտք է վերջ գտնէ, այդ բռնագրաւումը քաղաքական որոշումի ճամբով ըլլայ, թէ ճնշումներու, նշանակումներու, կանոններու, լրտեսներու եւ գաղտնի սպասարկութիւններու ճամբով», շեշտեց ան:

«Խնդիրը Դիմադրութեան մէջ չէ, այլ ամերիկեան բռնագրաւումին, որ Լիբանանի վրայ ամէն ուղղութիւններէն ճնշում կը բանեցնէ», նշեց ան:

«Լիբանանեան պետութենէն այսօր կը պահանջուի իսրայէլեան, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի գիւղերուն մէջ, առօրեայ յարձակումներուն եւ խախտումներուն շարունակման լոյսին տակ, առաջնահերթութիւն տալ Լիբանանի ազատագրութեան», նշեց Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամը:

«Պաշտօնական հակազդեցութիւնները բողոքներէ անդին չեն անցնիր, եւ այդ բողոքները օգուտ չունին շարունակուող յարձակումին դիմաց: Պետութիւնը բողոքելէ զատ ի՞նչ կ՛ընէ, եւ այդ բողոքը արդեօք որեւէ արդիւնքի կը հասնի՞», հարց տուաւ ան:

«Դիմադրութիւնը Լիբանանի ուժին եւ անոր պաշտպանութեան գլխաւոր անկիւնաքարը պիտի մնայ: Մենք պիտի չփոխենք ներքին կայունութեան պահպանման վերաբերեալ մեր քաղաքականութիւնը, եւ պետութեան հետ հաղորդակցող ու գործակցող պիտի մնանք: Սակայն միեւնոյն ժամանակ պիտի չհրաժարինք Լիբանանի ուժէն, որուն ներկայացուցիչը Դիմադրութիւնն է», շեշտեց Քումաթի:

 

 

Նախորդը

Շէյխ Քապալան. «Պետութիւնը Դատապարտելի Է, Թերացած Է, Եւ Լիբանանի Վիզը Ոչ Ոքի Պիտի Յանձնենք»

Յաջորդը

Ռաժժի. «Զէնքի Նիւթը Պէտք Է Արծարծուի Նախարարութեան Խորհուրդին Մէջ, Եւ Կը Փորձենք Դիւանագիտութեան Ճամբով Իսրայէլը Հեռացնել Լիբանանէն»

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.