Խորհրդարանը երէկ գումարեց լիագումար նիստ մը, որուն ընթացքին որդեգրեց Լիբանանի եւ Միջազգային դրամատան միջեւ վերանորոգ ուժանիւթի ծրագիրի գործադրութեան եւ Լիբանանի մէջ ուժանիւթի համակարգի ամրապնդման փոխատուութեան համաձայնութիւն կնքելու մասին նախագիծը, 2025 թուականի պետական ամավարկի յաւելեալ վարկ տրամադրելու նախագիծը, 2025 թուականի ամավարկի օրէնքի կարգ մը կէտերու բարեփոխման եւ ուրիշներու ջնջման նախագիծը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմէն վնասուածներուն տուրքերէ որոշ բացառում տրամադրելու նախագիծը:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պատասխանելով երեսփոխան Ժորժ Օքայսի աւելի քան 65 երեսփոխաններու կողմէ ստորագրուած դիմումին ակնարկելուն եւ նիստէն հեռանալով օրինաթիւը չքացնել սպառնալուն, յայտնեց. «Դիմումը չենք ստանձնած, մեզի չէ հասած, եւ երբ հասնի, ըստ կարգի զայն նկատի կ՛ունենանք: Ինծի մի՛ սպառնար: Նիստը կը շարունակուի, եւ առանց սպառնալիքի»:
Լիբանանեան ուժերու, Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ կարգ մը բարեկարգչական ու անկախ երեսփոխաններ դուրս եկան նիստէն` մերժելով արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան առնչուող կէտի օրակարգին վրայ չներառուիլը: «Ժատիտ» աւելի ուշ հաղորդեց, որ ժողովասրահէն դուրս եկած բարեկարգչական շարք մը երեսփոխաններ վերադարձած են դահլիճ:
Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի նախագահ Ժորժ Ատուան զարմանք յայտնեց այդ կէտի նիստի օրակարգին մէջ չներառուելուն նկատմամբ` նշելով. «Ասիկա 30 տարիէ ի վեր առաջին անգամն է, որ այսպիսի նախագիծ մը կը ներկայացուի, առանց որ օրակարգի վրայ ներառուի»:
«Կ՛ուզենք օրէնսդրութիւնը արագացնել եւ ոչ թէ զայն խանգարել, մանաւանդ որ ընտրութիւններուն պատրաստութիւնը օրինական ժամերու յարգում կը պահանջէ, եւ եթէ այս բարեփոխումը այսօր չորդեգրուի, ապա ներքին ու արտաքին մակարդակներու վրայ խնդիրներ պիտի դիմակայենք», ըսաւ ան:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց. «Արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան օրէնքը 7 տարիէ ի վեր որեւէ նիստի օրակարգի վրայ չէ ներառուած, եւ մենք այսօր ներքին գործոց նախարարը այս օրէնքը կիրարկելու սկսելէն երկու ամսուան հեռաւորութեան վրայ ենք»:
«Խօսք առնելով կոչ ուղղեցի` գումարելու կառավարութեան ներկայութեամբ խորհրդարանի նիստ մը` իմանալու համար այն քայլերը, զորս կառավարութիւնը կը կատարէ զէնքի մենաշնորհի հարցին առնչութեամբ», ըսաւ ան:
«Արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան օրէնքի բարեփոխման ճակատամարտին մէջ մինչեւ վերջ պիտի երթանք» յայտարարեց Ժեմայել: