Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց. «Մենք զինադադարը գործադրեցինք ամբողջութեամբ, իսկ իսրայէլացին եւ ամերիկացին չեն կրնար մեր վրայ որեւէ թերութիւն նկատել»` աւելցնելով. «Զինադադարը նոր փուլ մըն է, որուն անունը պետութեան պատասխանատուութիւնն է»:
Անդրադառնալով զէնքի յանձնման հարցին` Քասեմ հարց տուաւ. «Խելք ունեցող եւ շիտակ մտածող մէկը կա՞յ, որ կը ջնջէ իր ունեցած ուժի ազդակները, երբ իսրայէլացին համաձայնութիւնը \չի գործադրեր եւ կը շարունակէ յարձակումները»:
Շէյխ Քասեմ յայտնեց, որ Հըզպալլան Իսրայէլի դէմ դնելու կարողութիւնն ունի, եւ ըսաւ. «Յարձակումը, որ տեղի կ՛ունենայ, լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն է»:


