Լիբանանի խորհրդարանը երէկ շարունակեց մէկ օր առաջ սկսած իր աշխատանքը եւ որդեգրեց շարք մը օրինագիծեր, մասնաւորաբար Լիբանանի Հանրապետութեան եւ Միջազգային դրամատան միջեւ տնտեսական վերականգնման համար հողագործական սննդեղէնի ոլորտին մէջ «Կանաչ փոփոխութեան» ծրագիրի ֆինանսաւորման վերաբերեալ:
Խորհրդարանը նաեւ որդեգրեց 2025 թուականի ամավարկին մէջ յաւելման նախագիծը ծառայութեան մէջ գտնուող զինուորներուն 14 միլիոն լ.ո.-ի ամսական դրամաշնորհ տալու, իսկ հանգստեան կոչուած զինուորներուն 12 միլիոն լ.ո.-ի ամսական դրամաշնորհ տալու առումով: