Հայկական

«Միացեալ Նահանգներ Մտահոգ Են Զօրքերու  Շփման Գիծին Վրայ Լարուածութեան Աճով»  Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ  Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

«Միացեալ Նահանգներ Մտահոգ Են Զօրքերու Շփման Գիծին Վրայ Լարուածութեան Աճով» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Ռոպերթ Սեքութա «Արմէնփրես» վկայակոչելով ԱՓԱ-ն կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպերթ Սեքութա երէկ Պաքուի մէջ լրագրողներուն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ անհանգստացած են զօրքերու շփման գիծին վրայ լարուածութեան աճով: Սեքութա յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգները ղարաբաղեան տագնապը «սառեցուած» չեն նկատեր: Նշելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրով կը զբաղին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները, Սեքութա ըսած է. «Եթէ մարդիկ կը...

Սահմանադրական Հանրաքուէի  Օր Ճշդուած Է 6 Դեկտեմբերը

Սահմանադրական Հանրաքուէի Օր Ճշդուած Է 6 Դեկտեմբերը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով` Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի օր ճշդուած է 6 դեկտեմբեր 2015-ը: Հրամանագիրը տեղադրուած է նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ: Հրամանագիրը գործադրման ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակման յաջորդող օրը:

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է  Վենետիկի Յանձնաժողովի  Նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Վենետիկի Յանձնաժողովի Նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն, որ Հայաստան հասած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանին կողմէ  հրաւիրուած միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցելու առիթով: Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը եւ գոհունակութեամբ արձանագրած, որ Պուքիքիոյի գլխաւորած յանձնաժողովին հետ երկար տարիներու պատմութիւն ունեցող արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը օգտակար եղած է Հայաստանի համար: Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն...

Նախագահ Սարգսեան Էջմիածինի Մէջ  Մասնակցած Է Քաղաքի Հիմնադրութեան  2700-Ամեակի Ձեռնարկներուն

Նախագահ Սարգսեան Էջմիածինի Մէջ Մասնակցած Է Քաղաքի Հիմնադրութեան 2700-Ամեակի Ձեռնարկներուն

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Էջմիածինի մէջ մասնակցած է քաղաքի տօնի` Էջմիածնի հիմնադրութեան 2700-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն: Նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ  կողքին գտնուող Վազգէն Սարգսեանի անուան հրապարակ, ուր ներկայ  գտնուած է Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանի բացման արարողութեան եւ ծաղկեփունջ զետեղած է անոր յուշարձանին, հաղորդած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը: Նախագահ Սարգսեան այցելած...

Իրանի Նոր Նշանակուած Դեսպանը  Իր Հաւատարմագիրներու Պատճէնը  Յանձնած Է Նախարար Նալբանդեանին

Իրանի Նոր Նշանակուած Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրներու Պատճէնը Յանձնած Է Նախարար Նալբանդեանին

Հայաստանի մէջ Իրանի նոր նշանակուած դեսպան Սէյիտ Քազըմ Սաժժատի երէկ իր հաւատարմագիրներու պատճէնը  յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին: Արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցումով` դեսպան Սաժժատի ընդգծած է, որ Իրանի իշխանութիւնները կարեւոր կը նկատեն բարեկամ Հայաստանի հետ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդումը, եւ վստահեցուցած, որ պաշտօնավարման ընթացքին իր առաւելագոյնը պիտի կատարէ հայ-իրանական համագործակցութեան զարգացման համար: «Հանդիպումին քննարկուեցան երկկողմանի...

Տինքի Հարցով Ձերբակալուած Ինը  Ոստիկաններէն Հինգը Ազատ Արձակուած Են

Տինքի Հարցով Ձերբակալուած Ինը Ոստիկաններէն Հինգը Ազատ Արձակուած Են

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքի գործով ձերբակալուած անվտանգութեան նախկին հինգ աշխատակիցներ ազատ արձակուած են: Սպանութեան գործը քննող Պոլսոյ հանրապետական դատախազութեան ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցագործութեան դէմ պայքարի բաժանմունքի դատախազ Կէօքալփ Քէօքչիւ հարցաքննութեան կանչած էր անվտանգութեան նախկին 9 ձերբակալուած աշխատակիցներ: Հարցաքննութենէն ետք Ֆարուք Ս.-ն, Եըլմազ Ա.-ը, Օսման Գ.-ն, Մեհմեթ Ա.ը եւ Օնուր Ք.-ն, որոնք կը մեղադրուէին «կազմակերպուած սպանութեան» եւ...

Նախագահ Սարգսեանին Իր Հաւատարմագիրները  Յանձնած Է Հայաստանի Մէջ  Բրիտանիոյ Նոր Նշանակուած Դեսպանը

Նախագահ Սարգսեանին Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Հայաստանի Մէջ Բրիտանիոյ Նոր Նշանակուած Դեսպանը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Բրիտանիոյ  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուտիթ Ֆառնուորթը: Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է դեսպանը` պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ մաղթած յաջողութիւն, ընդգծելով, որ Բրիտանիոյ հետ միջպետական կապերու ամրապնդման, փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման եւ երկկողմանի  յարաբերութիւնները որակական նոր մակարդակի բարձրացնելու համար բոլոր նախադրեալները գոյութիւն ունին: Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ...

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Արտաքին  Գործոց Նախարար Նիքըլսընին Կոչ Ուղղած Է  Արձագանգելու Ազրպէյճանական Յարձակումներուն

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Արտաքին Գործոց Նախարար Նիքըլսընին Կոչ Ուղղած Է Արձագանգելու Ազրպէյճանական Յարձակումներուն

Քանատայի կառավարութիւնը չի կրնար լռութեամբ հետեւիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լարուածութեան սրումին: Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ռոպ Նիքըլսընին ուղղուած նամակին մէջ  այս մասին նշած է այդ երկրին մէջ Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Ժիրայր Պասմաճեան` յորդորելով երկրին կառավարութիւնը դատապարտելու ազրպէյճանական կողմի յարձակումները հայկական զօրքերուն եւ խաղաղ բնակիչներուն վրայ: Յայտնենք, որ Քանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըր յայտարարած է, որ Քանատան չի կրնար ինքնիրեն թոյլ...

Լեռնային Ղարաբաղի  Պաշտպանութեան Նախարարութիւն.  Հակառակորդը Զինադադարը Խախտած Է  Յատկապէս Հրաձգային Զէնքերով

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. Հակառակորդը Զինադադարը Խախտած Է Յատկապէս Հրաձգային Զէնքերով

6-էն 7 հոկտեմբերի լուսցող գիշերուան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ, ի տարբերութիւն նախորդ օրերուն, հակառակորդը զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է յատկապէս հրաձգային զինատեսակներով: Այդ մասին կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Հաղորդագրութեան համաձայն, ազրպէյճանական զինուորական ուժերը ինքնաձիգներէ, արձակազէններէ, գնդացիրներէ եւ «Իսթիգլալ» տիպի հրաձգային զինատեսակներէ հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակած են շուրջ 1900, իսկ 60...

Տինքի Սպանութեան Հարցով Որդեգրուած Է  9 Ոստիկան Ձերբակալելու Որոշում

Տինքի Սպանութեան Հարցով Որդեգրուած Է 9 Ոստիկան Ձերբակալելու Որոշում

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով ընթացող հետաքննութեան ծիրին մէջ 9 ոստիկան ձերբակալելու որոշում տրուած է: Անոնց շարքին են Պոլսոյ հետախուզական բաժանմունքի նախկին տնօրէն Ահմեթ Իլհան Կիւլեր եւ Անվտանգութեան գլխաւոր վարչութեան հետախուզական բաժանմունքի թեքնիք հարցերով ենթաբաժինի նախկին ղեկավար Եունուս Եազար: Տինքի սպանութեան գործը քննող Պոլսոյ հանրապետական դատախազութեան ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցագործութիւններու դէմ բաժանմունքի դատախազ Կէօքալփ...

Թուրքիա Պիտի Շարունակէ  Ազրպէյճանին Աջակցիլ

Թուրքիա Պիտի Շարունակէ Ազրպէյճանին Աջակցիլ

Աքար - Ալիեւ հանդիպումէն պահ մը «Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքար 6 հոկտեմբերին ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Արցախի տագնապի լուծման հարցին մէջ Թուրքիա պիտի շարունակէ աջակցիլ Ազրպէյճանին: Աքարի համաձայն, Թուրքիա կ՛ակնկալէ, որ միջազգային հանրութիւնը Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ Ուքրանիոյ հարցին նկատմամբ նման մօտեցում մը ցուցաբերէ: Նշենք, որ Աքար նոյն օրը...

Քոչարեան Դէմ Կ՛արտայայտուի Սահմանադրական Բարեփոխումներուն

Քոչարեան Դէմ Կ՛արտայայտուի Սահմանադրական Բարեփոխումներուն

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան մեծ սխալ որակեց գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնած սահմանադրական փոփոխութիւնները` պնդելով, որ անոնց հետեւանքները ծայրայեղ վտանգաւոր են Հայաստանի ապագային համար: Երէկ իր ոչ պաշտօնական կայքին` 2rd.am-ին հրապարակած հարցազրոյցին մէջ Քոչարեան վերստին ընդգծած է, որ ինք միանշանակ դէմ է փոփոխութիւններուն, աւելցնելով` «առաջարկուող նախագիծը քաղաքական մենաշնորհը կը դարձնէ սահմանադրական կանոն»: «Նախագիծի 89-րդ յօդուածը կոչուած է ապահովել մէկ...

«Ազատութեան» Մրցանակ` Հայոց  Ցեղասպանութեան Ճանաչման Երախտաւորներուն

«Ազատութեան» Մրցանակ` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Երախտաւորներուն

Տէյվիտ Պոնիոր եւ Ֆեթհիյէ Չեթին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան նախկին ղեկավար Տէյվիտ Պոնիորը արժանացաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի բարձրագոյն` «Ազատութեան» մրցանակին` Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի անկախութեան ճանաչման գործին մէջ իր ունեցած մեծ ներդրումին համար: Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կայքը կը հաղորդէ, որ մրցանակը ամերիկացի նախկին պաշտօնեային պիտի շնորհուի 14 նոյեմբերին` կազմակերպութեան 9-րդ ամէնամեայ ընդունելութեան ձեռնարկին ընթացքին: «Ազատութեան»...

Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ  Շինարարական Ճիւղի 0,2 Առ Հարիւր Աճ

Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Շինարարական Ճիւղի 0,2 Առ Հարիւր Աճ

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս տարուան յունուար-օգոստոս ժամանակաշրջանին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իրականացուած է 211 միլիառ 43,2 միլիոն դրամի (աւելի քան 445 միլիոն 756 հազար տոլար) շինարարութիւն: 2014-ի նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ շինարարութեան ծաւալը աճած է 0,2 առ հարիւրով: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, շինարարութեան 13 առ հարիւրը կատարուած է օգտագործելով պետական պիւտճէն, 1,7 առ հարիւրը` համայնքներու միջոցները, 10,7 առ հարիւրը`...

Ըստ «Հայկական Ժամանակ»-ի.  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Կատարուած  Արտաքին Ուղղակի Ներդրումներուն  Ծաւալը Նուազած Է Շուրջ 3 Անգամով

Ըստ «Հայկական Ժամանակ»-ի. Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Կատարուած Արտաքին Ուղղակի Ներդրումներուն Ծաւալը Նուազած Է Շուրջ 3 Անգամով

Հայրենի «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթը կը գրէ. «Այս տարուան առաջին կիսամեակին Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան մէջ կատարուած արտաքին ուղղակի ներդրումներուն ծաւալը անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ նուազած է շուրջ երեք անգամով` 180 միլիոն տոլարէն նուազելով մինչեւ 65 միլիոն տոլարի: «Նուազած են գրեթէ բոլոր երկիրներէն մեր տնտեսութեան գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ կատարուած ներդրումները: Բացառութիւն կը կազմէ թերեւս միայն հանքային արդիւնաբերութեան մարզը: Ուշագրաւ է,...

Քեմալ Եալչընի` «Հոգիս Ձեզմով Կը Խայտայ»  Փաստագրական Թատերգութիւնը Առաջին  Անգամ Պիտի Ներկայացուի Հայաստանի Մէջ

Քեմալ Եալչընի` «Հոգիս Ձեզմով Կը Խայտայ» Փաստագրական Թատերգութիւնը Առաջին Անգամ Պիտի Ներկայացուի Հայաստանի Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ` 14-17 հոկտեմբեր Նիւ Եորքի  «Վլատիմիր Քոչարեան» թատերախումբը Հայաստանի մէջ առաջին անգամ պիտի ներկայացնէ «Հոգիս ձեզմով կը խայտայ» փաստագրական թատերգութիւնը` ըստ  թուրք գրող  Քեմալ Եալչընի համանուն գիրքին:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը  Դիմած Է Է ԵԱՀԿ  Մինսքի Խմբակին

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Դիմած Է Է ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակին

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան նամակ մը յղած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահողներուն` կոչ ուղղելով անմիջականօրէն մատնանշել այն կողմը, որ կը խախտէ զինադադարի դրութիւնը: Կարապետեան իր նամակին մէջ արտայայտած է Եւրոպայի հայ համայնքներուն մտահոգութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանի եւ շփման գիծի երկայնքին լարուածութեան աճին առնչութեամբ: Ան նաեւ ափսոսանք յայտնած է, որ Ազրպէյճանը արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով մերժած...

Վարդանեան. «Կեանքը Ցոյց  Պիտի Տայ, Որ Մենք Աւելի Ճիշդ Ենք»

Վարդանեան. «Կեանքը Ցոյց Պիտի Տայ, Որ Մենք Աւելի Ճիշդ Ենք»

Երէկ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան անդրադարձած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի այն յայտարարութեան, որ ինք կտրուկ դէմ է սահմանադրական փոփոխութիւններուն, որովհետեւ անոնք պիտի յանգեցնեն խորհրդային ժամանակաշրջանին բնորոշ միակուսակցական համակարգի մը ձեւաւորման: Աղուան Վարդանեան նշեց. «Ես միշտ յարգանքով վերաբերած եմ եւ  կը շարունակեմ յարգանքով վերաբերիլ հանրապետութեան երկրորդ նախագահի արտայայտած տեսակէտներուն, բայց յատկապէս...

Նախագահ Սարգսեանին Իր Հաւատարմագիրները  Յանձնեց Հայաստանի Մէջ  Վիեթնամի Նոր Նշանակուած Դեսպանը

Նախագահ Սարգսեանին Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Հայաստանի Մէջ Վիեթնամի Նոր Նշանակուած Դեսպանը

Նախագահ Սերժ Սարգսեանին երէկ իր հաւատարմագիրները  յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Վիեթնամի Հանրապետութեան նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նկուեն Թհան Շոնը (նստավայրը` Մոսկուա): Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է դեսպանը Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւն սկսելու առիթով եւ յաջողութիւն մաղթած: Նախագահ Սարգսեան եւ դեսպան Նկուեն Թհան Շոն քննարկած են հայ-վիեթնամական յարաբերութիւններու հեռանկարին վերաբերող հարցեր` այդ շրջագիծին մէջ կարեւոր նկատելով բարձր մակարդակի քաղաքական...

Պոլսոյ Քաղաքապետութիւնը  37.5 Միլիոն Տոլար Պէտք Է  Վճարէ Հայ Կաթողիկէ Համայնքին

Պոլսոյ Քաղաքապետութիւնը 37.5 Միլիոն Տոլար Պէտք Է Վճարէ Հայ Կաթողիկէ Համայնքին

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ թրքական «Սապահ» թերթը 5 հոկտեմբերին հաղորդած է, թէ հայ կաթողիկէ համայնքի Ս. Յակոբ հիւանդանոցին հոգաբարձութիւնը դատական յաղթանակ մը տարած է Պոլսոյ քաղաքապետութեան դէմ` Շիշլիի ամէնէն բանուկ հրապարակին վրայ 45 տարի առաջ գրաւուած 4474 մեթր քառակուսի հողամասին գծով: Այս հողամասը կը գտնուէր գերեզմանատան շրջանակին մէջ: Դատարանը վերջապէս վճռած է ի նպաստ հայ կաթողիկէ համայնքին եւ որոշած, թէ...

Page 623 of 692 1 622 623 624 692

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?