Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Լրատուամիջոցները Արձագանգած Են Սահմանադրական Բարեփոխումներու Հանրաքուէին

December 8, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Mamul_120715

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ միջազգային լրատուամիջոցները 7 դեկտեմբերին անդրադարձած են մէկ օր առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէի արդիւնքներուն:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սահմանադրական բարեփոխումներով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը պիտի դառնայ արարողակարգային գործիչ, որ պիտի ընտրուի խորհրդարանին կողմէ, 7 տարի ժամկէտով` ներկայ 5-ին փոխարէն: «Կառավարութիւնը յայտարարած է, որ փոփոխութիւնները անհրաժեշտ են քաղաքական համակարգը «ուշքի բերելու» եւ երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու համար: Սակայն ընդդիմութիւնը կը բարձրաձայնէ կեղծիքներու մասին: Նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտպանած է սահմանադրական փոփոխութիւններու նախաձեռնութիւնը` նշելով, որ նոր սահմանադրութիւնը աւելի պիտի հզօրացնէ ընդդիմութիւնը», կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:

Ֆրանսական գործակալութեան յօդուածը լայնօրէն հրապարակուած է այլ միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու կողմէ, ինչպէս` բրիտանական «Տը Կարտիըն»-ի եւ ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի կողմէ:

«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ հանրաքուէին մասնակցած ընտրողներուն մեծ մասը` 63,35 առ հարիւրը թեր քուէարկած է խորհրդարանական կառավարման ձեւին եւ մեծամասնական ընտրակարգի ջնջման: «Նախնական տուեալներու համաձայն, սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծին կողմ քուէարկած է աւելի քան 825 հազար մարդ կամ քուէարկութեան մասնակիցներուն 63,35 առ հարիւրը», կը գրէ լրատուամիջոցը եւ կ՛աւելցնէ, որ 6 դեկտեմբերի հանրաքուէին վերջնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին 13 դեկտեմբերին:

«Պի.Պի.Սի.»-ի անգլերէն ծառայութիւնը կը նշէ, որ կիրակի օրուան հանրաքուէին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը հաւանութիւն տուաւ վարչապետի դերին բարձրացման: Լրատուամիջոցը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ որոշ ընդդիմադիր պատգամաւորներ հանրաքուէին յաջորդ օրը պոյքոթի ենթարկած են խորհրդարանի նիստը, իսկ աւելի առաջ բողոքի հաւաք կազմակերպուած էր մայրաքաղաք Երեւանի մէջ:

Լրատուամիջոցը կը մէջբերէ նաեւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի երեսփոխաններուն կարծիքը այն մասին, որ քուէացուցակներուն մէջ անճշդութիւններ եղած են:

 

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Մէջ Ազգային Ճակատը` Յաղթական «Ֆրանսացի Քուէարկողները Մերժեցին Քաղաքական Հին Դասակարգը» Յայտարարեց Լը Փեն

Յաջորդը

Դամասկոս Միջազգային Դաշինքի Օդուժին Կողմէ Սուրիոյ Բանակին Դէմ Հարուածը Որակած Է «Բացայայտ Յարձակում»

RelatedPosts

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական  Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ

October 1, 2026
ԵԽԽՎ-ի Մէջ.  Լէյ Հայաստանի Իշխանութիւնները Մեղադրեց Կրօնական Ինքնավարութեան Դէմ  Ոտնձգութիւն Կատարելու Մէջ
Հայկական

ԵԽԽՎ-ի Մէջ. Լէյ Հայաստանի Իշխանութիւնները Մեղադրեց Կրօնական Ինքնավարութեան Դէմ Ոտնձգութիւն Կատարելու Մէջ

October 1, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.