Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանութիւն. Պէտք Է Համոզել Հայ Ժողովուրդը, Որ Հանրաքուէի Արդիւնքները Վստահելի Են Եւ Օրինական

December 9, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

eng141153734170

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն, որուն մէջ գոհունակութիւն կը  յայտնէ «Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին ու կառավարութեան բաց բանավԷճէ ետք 6 դեկտեմբերին տեղի ունեցած սահմանադրական հանրաքուէի խաղաղ կազմակերպման համար»:

«Նոր սահմանադրութենէն բխող կառավարման համակարգի փոփոխութիւնը զգալի է: Քաղաքական կուսակցութիւններու եւ անկուսակցական դէտերու արժանահաւատ հաղորդումները  ընտրախախտումներու վերաբերեալ, այնուամենայնիւ, մտահոգիչ են եւ պէտք է լիարժէք կերպով հետաքննուին` համոզելու հայ ժողովուրդը, որ հանրաքուէի արդիւնքները վստահելի են եւ օրինական: Մենք կոչ կ՛ուղղենք ընտրական յանձնախումբին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան  կառավարութեան կատարելու ընտրախախտումներու վերաբերեալ արժանահաւատ հաղորդումներու թափանցիկ քննութիւն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

«Այս հարցերուն պէտք է լուծում տալ հիմա, ինչպէս նաեւ  կառավարութեան եւ Ազգային ժողովին կողմէ նոր ընտրական օրէնսգիրքի ձեւաւորման ընթացքին մէջ` հիմք ընդունելով ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց գրասենեակի առաջարկները` ապահովելու, որ հետագայ ընտրութիւնները Հայաստանի ժողովուրդին կողմէ նկատուին արժանահաւատ, օրինական եւ ընկալուին իբրեւ իրենց կամքի իրական արտայայտում», յայտարարած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը:

 

 

Նախորդը

ԵԽԽՎ-ի Դէտերը Հրապարակած Են Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Հանրաքուէին Իրենց Արժեւորումը

Յաջորդը

Վարդանեան. «Արդիւնաւէտ Կառավարական Եւ Հաւասար Պայմաններու Պարագային Կարելի Պիտի Ըլլայ Երկիրը Տանիլ Դէպի Զարգացում»

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը  Իւրաքանչիւր Հայու Եւ Ամբողջ Հայութեան  Աւագ Պարտաւորութիւնն Է»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ուղերձը Հայաստանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

September 21, 2026
Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախցիների Հաւաքական Եւ Անվտանգ Վերադարձի Իրաւունքն Անսակարկելի Է»

September 21, 2026
Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Լրատուամիջոցները  Կարգաւորող Մարմիններու  Ներկայացուցիչներու Հանդիպում
Հայկական

Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Լրատուամիջոցները Կարգաւորող Մարմիններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.