Հայկական

Հասրաթեան. «Սահմանին Տօնական  Օրերուն Իրավիճակը Խաղաղ Է»

Հասրաթեան. «Սահմանին Տօնական Օրերուն Իրավիճակը Խաղաղ Է»

Ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ ուժերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը 1-2 յունուարին խախտած է զինադադարը, սակայն կրակոցները սովորականէն աւելի չեն եղած: Այս մասին երէկ յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամլոյ բանբեր Սենոր Հասրաթեան: «Զինադադարը խախտուած է, կրակոցները սովորականին նման եղած են, արտակարգ ոչ մէկ դէպք եղած է: Իրավիճակը վերահսկելի է», ըսած է  ան:

Հայաստան Դարձաւ Եւրասիական  Տնտեսական Միութեան Լիիրաւ Անդամ

Հայաստան Դարձաւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Լիիրաւ Անդամ

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստան երէկուընէ ի վեր միացած է Եւրասիական տնտեսական միութեան: Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի միութեան անդամակցելու մասին համաձայնագիրը ստորագրուած էր 10 հոկտեմբեր 2014-ին: Հայաստան 2 յունուար 2015-էն կը դառնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան լիիրաւ անդամ, սակայն Եւրասիական տնտեսական միութեան գործադիր մարմիններուն մէջ պիտի ներկայանայ փոքր կազմով` մինչեւ անոնց լիազօրութիւններուն աւարտը: Մինչեւ 2015-ի աւարտը, մինչեւ աւարտի անոնց...

Page 703 of 703 1 702 703

Արխիւներ