Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Համագումարը Պետութեան Կը Յորդորէ Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Դեկտեմբեր 10, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

HDK_120815

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ժողովուրդներու ժողովրդավարական համագումարը 9 դեկտեմբերին Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի ու արժանապատուութեան եւ այս յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրուան առնչութեամբ ուղերձ տարածած է` հասցէագրուած թրքական պետութեան:

Ուղերձին մէջ, որ ստորագրուած է համագումարի բանբերներ Սեպահաթ Թունճելի եւ Էրթուղրուլ Քիւրքչիւի կողմէ, կոչ կ՛ուղղուի առերեսուելու սեփական պատմութեան հետ եւ ներում հայցելու գործուած ցեղասպանութիւններուն համար:

«Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին` 1915-ին հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը, որ գործադրուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան այդ ժամանակուան ղեկավարութեան` Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան կարգադրութեամբ, օսմանեան հայերու ազգային եւ կրօնական ինքնութիւնները ջնջելու ուղղուած ծրագրաւորուած եւ համակարգուած համամարդկային յանցագործութիւն էր», կը նշուի յայտարարութեան մէջ, ուր ներկայացուած է, թէ ինչպէս 24 ապրիլ 1915-ին Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան ձերբակալութեամբ սկսած ցեղասպանական գործողութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը, որ այդ տարածքներու հնագոյն բնակիչներէն է, արմատախիլ եղաւ իր սեփական հայրենիքէն: «Հետագային Ցեղասպանութիւնը իթթիհատականներուն ներուեցաւ հայերու «դրամագլուխի թրքացման» եւ «թրքական տարրը գերիշխող դարձնելու» հիմնաւորումներով: 100 տարի ետք ալ Թուրքիան կը շարունակէ Ցեղասպանութեան ժխտումը», կ՛ըսուի ուղերձին մէջ:

Հեղինակները յայտնած են, որ ցեղասպանութիւնները 20-րդ դարէն ետք ալ կրկնուեցան: Արդէն մեր օրերուն ականատես կը դառնանք, թէ ինչպէ՛ս ՏԱՀԵՇ-ը կը փորձէ ոչնչացնել եզիտիները, սակայն թէ՛ ՄԱԿ-ը, թէ՛ Թուրքիան լուռ կը մնան եզիտիներու պատահած դէպքերուն առնչութեամբ:

«Ժողովուրդներու ժողովրդավարական համագումարը կը խոնարհի ցեղասպանութիւններու պատճառով բոլոր զոհուածներու յիշատակին առջեւ եւ կը յիշեցնենք, որ Թուրքիան մէկն է այն պետութիւններէն, որ ստորագրած է Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային համաձայնագիրին տակ:

«Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղենք դադրեցնելու հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւններու ժխտումը, ներում հայցելու այն համամարդկային յանցանքներուն համար, որոնք գործադրուած են օսմանեան պետութեան ժողովուրդներուն դէմ, պետութիւն մը, որուն քաղաքական ժառանգորդն ալ նոյնինքն ժամանակակից Թուրքիան է:

«Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլումը հաւաքական պատասխանատուութիւն է: Ոգեկոչելով Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը` մենք պիտի բարձրացնենք անոնց հարցը, անտարբեր պիտի չըլլանք այն զուլումին նկատմամբ, որ տեղի ունեցած է, եւ ցոյց պիտի տանք, որ զիրենք երբեք պիտի չմոռնանք: Իրականութեան հետ առերեսուիլն ու ներում հայցելը այն ճամբան է, որով Թուրքիան պիտի կարենայ խաղաղութեան եւ հաւասարութեան մէջ ապրիլ աշխարհի եւ մեր ժողովուրդներուն հետ», կ՛ըսուի ուղերձին մէջ:

 

 

Նախորդը

Հակառակ Զօր. Աուն – Ֆրենժիէ Տեսակցութեան` Լռութիւնը Շարունակեց Մնալ Տիրական

Յաջորդը

Հակառակորդը Սկսած Է Հրետանիով Ռմբակոծել. Հայ Զինուոր Մը Զոհուած Է

RelatedPosts

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Շարունակենք Լռել
Հայկական

Թրամփ Դարձեալ Խօսած Է Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումի Մասին

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?