Ազրպէյճանի տարածքով Հայաստան ցորեն ուղարկուած է: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
«15 վակոնէ բաղկացած գնացքը, որ կը տեղափոխէր 1048 թոն ցորեն, Ռուսիայէն Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի ճամբով ուղեւորուած է դէպի Հայաստանի Դալարիկ կայարան, ուր նախատեսուած է ատոր բեռնաթափումը», նշուած է լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած յայտարարութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ 21 հոկտեմբեր 2025-ին Ղազախստան կատարած պետական այցելութեան ժամանակ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, որ Ազրպէյճան վերցուցած է Հայաստան բեռներու տարանցման բոլոր սահմանափակումները:


