Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան իր զօրակցութիւնը յայտնած է Էջմիածինին եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ կարգալոյծ հոգեւորականի մը կողմէ պետական իշխանութիւններու բացայայտ հովանաւորութեամբ իրականացուող քայլերը ոչ միայն անօրինական են եւ կը հակասեն եկեղեցական կանոնադրութեան, այլ նաեւ կը խաթարեն Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը, կը վիրաւորեն հաւատացեալներու զգացումները եւ կը վտանգեն ազգային ինքնութիւնն ու հոգեւոր արժէքները:
«Այս դժուար ժամանակներուն մէջ, երբ մեր ժողովուրդը կանգնած է ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներու առջեւ, Հայ առաքելական եկեղեցին կը շարունակէ մնալ ազգային միասնութեան, հաւատքի եւ յոյսի կարեւոր յենարան: Հետեւաբար, եկեղեցւոյ դէմ ուղղուած իւրաքանչիւր գործողութիւն նաեւ հարուած է մեր պատմական յիշողութեան եւ հոգեւոր արժէքներուն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
«Անթոյլատրելի կը նկատուի պետական կառոյցներու միջամտութիւնը եկեղեցւոյ ներքին գործերուն, ինչպէս նաեւ` կարգալոյծ անձերու սատարումը` Յովհաննավանքի տարածքը գրաւելու եւ չեղեալ նկատուող պատարագներ կատարելու փորձերու ընթացքին:
«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք այս անօրինական եւ անպատուաբեր քայլերը եւ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք` դադրեցնելու եկեղեցւոյ ներքին կեանքին միջամտութիւնները, վերականգնելու արդարութիւնն ու օրինականութիւնը, եւ ապահովելու եկեղեցւոյ սպասաւորներու անվտանգ ու խաղաղ գործունէութիւնը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Նուրհան արք. Մանուկեան յայտարարութեան վերջաւորութեան իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ ամբողջ հոգեւորականութեան` բարձր գնահատելով անոնց անձնուէր ծառայութիւնն ու անսասան հաւատքը: Նաեւ յոյս կը յայտնէ, որ պետական մարմինները պիտի դիմեն ողջախոհ քայլերու` պահպանելու հասարակական համերաշխութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը եւ ազգային-հոգեւոր ժառանգութեան նկատմամբ յարգանքը:


