«Փաստ» օրաթերթը կը գրէ. «Մեր ունեցած տեղեկութիւններով, 12 նոյեմբերին Հայաստան պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որդին` Թրամփ կրտսերը: Ըստ մեր աղբիւրներուն, այցելութեան նպատակները կը ներառեն առեւտուրի հետաքրքրութիւններ, իշխանութիւններու տարբեր շրջանակներու հետ հանդիպումներ»:
«Առայժմ յայտնի չէ` Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպում նախատեսուա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Հաւանական կը նկատուի, որ այցելութիւնը կազմակերպած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր նշանակուած դեսպան Նարեկ Մկրտչեան, որպէսզի «շեֆին» ապացուցէ իր գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը»:
Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի որդին` Էրիք Թրամփը չէ սպառած ապագային պետութեան ղեկավարի պաշտօնին մէջ առաջադրուելու կարելիութիւնը` վստահութիւն յայտնելով, որ կը հասկնայ ամերիկացիներուն տրամադրութիւնները:
«Ես չեմ ըսեր, որ չեմ կրնար մասնակցիլ քաղաքականութեան: Կարծեմ` կրնամ: Ես կը հասկնամ այս երկրին տրամադրութիւնները… Այնպէս որ, երբեք մի՛ ըսեր երբեք», ըսած է Թրամփ կրտսերը` պատասխանելով լրագրող Ներիա Քրաուսի այն հարցումին, թէ արդեօք ան նախագահի պաշտօնին իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ՞:
Սպիտակ տան ղեկավարի որդին նշած է, որ արդէն քաղաքական գործունէութեան մասնակցելու փորձառութիւն ունի եւ միշտ եղած է իր հօր կողքին:


