Երազանքս է, որ այս սահմանը օր առաջ բացուի: Երազանքս է հայ-թրքական սահմանը բացուած տեսնել, կը կարծեմ` յառաջիկայ տարուան յունուար-փետրուար ամիսներուն այս առումով դրական զարգացումներ պիտի տեսնենք: Երեւանի մէջ այս մասին լրագրողներուն ըսած է «Քառնըկի» հիմնադրամի ներկայացուցիչ Կարօ Փայլան, որ կը մասնակցէր «Օրպելի Ֆորում. Կառուցելով խաղաղութիւն եւ բազմակողմանի համագործակցութիւն» խորագիրով քննարկման:
Ան կ՛ենթադրէ, որ յունուարին այդ հարցին մէջ շատ լաւ զարգացումներ պիտի ըլլան: Խօսքը, մասնաւորաբար, երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար սահմաններու բացման մասին է:
Փայլան յոյսով է, որ ատկէ քանի մը ամիս ետք նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ քաղաքացիները կրնան սահմանը անցնիլ:
«Թուրքիա-Հայաստան համագործակցութեան համար ապագան փայլուն կը տեսնեմ: Ազրպէյճանն ու Թուրքիան ունին «երկու երկիր, մէկ համայնք» քաղաքականութիւն, եւ այս երկու հոլովոյթները միասին քալելու կարելիութիւն ունին, որովհետեւ նախապէս Թուրքիա-Հայաստան համագործակցութեան կը խոչընդոտէր Հայաստան-Ազրպէյճան տագնապը», ըսած է ան:
Անոր գնահատումով, այս ամիսները շատ որոշիչ պէտք է ըլլան Թուրքիա-Հայաստան եւ Հայաստան-Ազրպէյճան համագործակցութեան համար:


