Պաքուի մէջ աւարտած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ միւս գերիներու դատավարութիւնը:
Յաջորդ դատական նիստը նշանակուած է 3 նոյեմբերին: Մեղադրող կողմը հանդէս պիտի գայ ճառով:
Տակաւին չէ աւարտած միայն Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնը:
Այդ նիստերը կ՛ընթանան անկախ լրատուամիջոցներու եւ միջազգային կառոյցներու բացակայութեամբ:


