Ակնարկ. Զօրացրուողներու Եւ Դիրքապահներուն Միջեւ Կան Զօրակոչուողները
Լիբանանեան տպագիր մամուլին ապրած ճգնաժամը պետութեան եւ հասարակութեան ուշադրութիւնը հերթական անգամ իր վրայ կեդրոնացուց, երբ աւանդութիւն ունեցող եւ լիբանանեան թերթերու առաջին հորիզոնականներուն կանգնած «Անուար»-ը եւս որոշեց միանալ «Սաֆիր»-ի, «Իթթիհատ»-ի եւ «Հայաթ»-ի պէյրութեան բաժինի առած որոշումներուն: Թերթ մը եւս յանձնուեցաւ գոյութեան կռիւին մէջ եւ որոշեց լոյս չտեսնել` իրեն հետ խաւարին տանելով նաեւ «Սայեատ» հրատարակչատան բոլոր տպագիր հրատարակութիւններու լոյս տեսնելիք հետագայ թիւերը:...



















