Խմբագրական. Գոյապահպանումէն Դէպի Զարգացում
(«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ռատիոթոնին առիթով) «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աշխատանքային նոր ոճի եւ նոր բովանդակութեան մասին, հետեւելով մինչ այժմ կատարուած յայտարարութիւններուն, հարցազրոյցներուն, կարելի է առանձնացնել հետեւեալ նորարարական մօտեցումները: Ա.- Շարունակելով բրգաձեւ կառոյցի եւ անոր ներգրաւուած տարածաշրջանային-տեղական յանձնախումբերու աւանդական աշխատանքը` առցանցային դրամահաւաքներ կազմակերպելու հարթակներու ստեղծում: Այս ուղղութիւնը կ՛ենթադրէ առցանց ծառայութիւններու տարբեր դրութիւններու հաստատում` ամսական կշռութաւոր եղանակով փոքրածաւալ ծրագիրներու համար փոքր գումարներ կանոնաւոր...




















