Ակնարկ. Երեւան – Աթէնք – Նիկոսիա Առանցքը Եւ Անգարայի Ջղաձգութիւնը
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի գրառումին հակազդեցութիւնը Անգարայի կողմէ` ո՛չ միայն պետական առումով, այլ նաեւ ընդհանրապէս քաղաքական-հասարակական մակարդակի վրայ մերժելի է` բռնամիջոցի ամէնէն վայրագ դրսեւորումի պետականացման հասկացողութեամբ: Իսթանպուլը Կոստանդնուպոլիս դարձնելու առաջադրանքի Հայ դատի թուիթըրեան գրառումը ջղաձգութեան բարձր աստիճանաչափ արձանագրած էր Անգարայի պետական շրջանակներուն մէջ: Նախագահ Էրտողանի խորհրդականը կը սպառնար նման առաջադրանք ունեցողներուն գլուխը հեռացնել ուսերէն: Ֆիզիքական բռնամիջոցի այս սպառնալիքը, անկախ պետական...



















