Խմբագրական. Ուղղակի Ժողովրդավարութեամբ` Հանրաքուէով
Ամուլսարը հանքարդիւնաբերական նպատակներով շահագործելու խնդիրը համատարած եւ սուր հնչեղութիւն ստացած է մեր երկրին մէջ: Տեղեկատուական բաց համակարգը բնականաբար կը նպաստէ, որ երկրի սահմանները հատուին դէպի ընդհանրապէս հայկական աշխարհ եւ հրապարակային քննարկումները շարունակուին այս առումով: Փորձաքննութեան եզրակացութիւններու հիման վրայ Ամուլսարի վերաշահագործման կարելիութիւնը արագօրէն զօրաշարժի ենթարկած է բնապահպանական գործունէութիւն ծաւալող հասարակական կազմակերպութիւններ եւ քաղաքացիական շարժումներ` կասեցնելու համար հանքարդիւնաբերական աշխատանքներու վերսկսումը: Բնապահպանական մասնագիտական...




















