Խմբագրական

Editorial

Ակնարկ.  Փոխկապակցուած,  Պայմանական Ուղերձներ

Ակնարկ. Փոխկապակցուած, Պայմանական Ուղերձներ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Լիբանան այցելութեան եւ պետութեան ղեկավարներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն մասին հրապարակուած լրատուութիւններուն մէջ պաշտօնական Պէյրութին Ուաշինկթընի ուղղած ուղերձները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ: Միացեալ Նահանգներ պիտի աջակցին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծման աշխատանքներուն: Նմանապէս Միացեալ Նահանգներ եւս կ՛առաջադրեն եւ պատրաստ են զօրակցելու սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի գործողութիւններուն: Այս երկու զօրակցական առաջադրանքներուն կը հետեւի զգուշացումի բաժինը:...

Խմբագրական. Կարգավիճակի Համազգային Առաջադրանքը Անխախտ Պահելու Հրամայական

Արցախի խորհրդարանական կուսակցութիւններու միացեալ յայտարարութիւնը, ըստ էութեան կոչ է ընտրական նպատակներով Արցախի կարգավիճակի առումով կատարուող հրապարակումներու ընթացքին կարմիր գիծերը չհատելու: Տեղական ինքնակառավարման եւ համապետական ընտրութիւններու նախօրեակին, օրինաչափ է ժողովրդավար հասարակարգ ունեցող երկիրներու համար, կատարել երբեմն զգայացունց յայտարարութիւններ, մեղադրանքներ, ներկայացնել դատական յայտեր` չէզոքացնելու համար մրցակիցը կամ գերմրցունակ երեւնալու համար իբրեւ թեկնածու: Բանավէճեր, յատուկ հարցազրոյցներ, լրատուադաշտի մէջ գերաշխուժ ներկայութիւններ` այս բոլորը ընտրութիւններուն...

Ակնարկ.  Տնտեսական Դիմադրութիւն

Ակնարկ. Տնտեսական Դիմադրութիւն

Նախագահական պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահին հնչեցուցած առաջադրանքները բեկումնային շրջադարձ ստեղծելու յստակ ուղերձներ կը փոխանցեն: Տնտեսական դիմադրութեան նախաձեռնելու կոչը մարտունակութեան խորհուրդ ունի իր մէջ` կտրուկ որոշումներ կայացնելու եւ իրավիճակ փոխելու ուղղութեամբ: Դիմադրութիւնը նաեւ ճգնաժամի դիմաց հակաճգնաժամային գործողութիւններու դիմելու հայեցակարգ է, որ կ՛ընդգծէ հրամայականներ: Անյետաձգելի հրամայականներ, որոնք պէտք է կատարուին անմիջականութեամբ: Դիմադրութիւնը տակաւին, ժողովրդային ներգրաւուածութիւն կ՛ենթադրէ: Եզրոյթը առաւելաբար ձեւաւորուած է Համաշխարհային Բ....

Ակնարկ. Նոր Զելանտայէն Անգարային Ուղղուած Եւ Ընկալուած Ուղերձները

Նոր Զելանտայի ահաբեկչական գործողութեան դրդապատճառներուն մասին կատարուող վերլուծականները կը կեդրոնանան ահաբեկչութիւն ընդդէմ ահաբեկչութեան ակնկալելի գործընթացի զարգացման վրայ: Այլ խօսքով` ծայրայեղականութեան դիմաց յառաջացող հակազդեցութեան նոյն  ոճի որդեգրման անհատական թէ քաղաքական մղումներուն վրայ: Համաշխարհային ներկայ հասարակարգի  դրուածքը բարդացուցած է իրավիճակը այն իմաստով, որ բնակչութիւններու շարժունակ  միտումները փոփոխութիւններու ենթարկած են ժողովրդագրական պատկերները: Աշխարհագրական միջավայրեր անվերջ կը ստանան ժողովրդագրական յարափոփոխ պատկերներ: Ժողովուրդներու տեղափոխութեան արդի...

Ակնարկ.  Համակարգում Իտլիպի Մէջ`  Վերահսկողութեան  Եւ Արտօնութեան Միջեւ

Ակնարկ. Համակարգում Իտլիպի Մէջ` Վերահսկողութեան Եւ Արտօնութեան Միջեւ

Մոսկուա-Անգարա պաշտպանութեան գերատեսչութիւններու պետերու միջեւ կնքուած համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ, ըստ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարին, սուրիական Իտլիպի մէջ կը հաստատուի գործողութիւններու համակարգման կեդրոն: Տարի մը առաջ ստորագրուած էր Իտլիպը ապառազմականացուած գօտիի վերածելու մասին համաձայնագիրը երկու երկիրներուն միջեւ: Այդ համաձայնագիրին հետեւողութեամբ է փաստօրէն նոր առաջադրանքը: Հիմա կը բխի հետեւեալ հարցադրումը. համաձայնութիւնը կը վերաբերէր ապառազմականացնելուն: Ապառազմականացման համար կար անշուշտ քաղաքական երկու հիմնական ընկալում: Ռուսական...

Փաշինեանն Ու Ալիեւը Ունեցած Են  Մէկուկէս Ժամ Տեւած Հանդիպում Մը

Ակնարկ. Երաշխաւորելու Համար Հետագայ Համաձայնութիւնը` Նախ Կիրարկել Մինչ Այժմ Կայացածները

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին ընդառաջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հրապարակած յայտարարութիւնը, քաղաքական ընթացիկ եզրաբանութեան առընթեր բանակցային փիլիսոփայութեան հետ կապուած կարեւոր բաղադրիչներ ներառած է: Համանախագահները կը խօսին հանդիպումին բանակցային բովանդակութիւն տալու անհրաժեշտութեան մասին: Այսինքն անկախ` խաղաղութեան պատրաստելու, հրադադարի դրութիւնը յարգելու, հռետորաբանութիւնը ապառազմականացնելու կոչերէն, համանախագահները կողմերը վերաբանակցելու կը հրաւիրեն: Բանակցութիւնները վերսկսելու կոչին առընթեր եւ անկէ աւելին, յայտարարութիւնը օրակարգային կէտերու ուրուագիծը եւս կը փոխանցէ` յուշելով,...

Խմբագրական.  Կրթական Մարզի Վերաիմաստաւորման Ուղիներ (Ուսուցչաց Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Կրթական Մարզի Վերաիմաստաւորման Ուղիներ (Ուսուցչաց Տօնին Առիթով)

Պայմաններու բերումով կանանց եւ ուսուցչաց տօները, անմիջական յաջորդականութեան առընթեր, ըստ էութեան փոխառնչուածութեան երեւոյթ կը պարզեն: Խօսքը` ուսուցչական ասպարէզին բացարձակ մեծամասնութիւնը կանանց վերաբերելու իրողութեան մասին է: Փորձենք հարցը դիտարկել հայրենիքի եւ այս պարագային լիբանանահայ կրթական միջավայրին մէջ նկատելու համար, որ մանկավարժութեամբ զբաղողները ընդհանրապէս` տնօրէններէն մինչեւ տարբեր բաժիններու ուսուցիչները, կիներ են: Կրթութեան ոլորտի պետական կառավարումը սակայն մեծ մասամբ կը զբաղցնեն տղամարդիկը` նախարարէն...

Խմբագրական.  Կիներու Տօնէն Դէպի Իրաւահաւասարութիւն (Մարտ 8-ի Առիթով)

Խմբագրական. Կիներու Տօնէն Դէպի Իրաւահաւասարութիւն (Մարտ 8-ի Առիթով)

Միջազգային տօնացոյցը հետզհետէ յագեցած պատկեր կը ստանայ: Այս ընթացքը կը համոզէ, որ իւրաքանչիւր օր միջազգային հնչեղութիւն պիտի ապահովէ` նուիրուած ըլլալով յատուկ թեմայի: Մարդու իրաւունքներ, կիներու, հայրերու, մայրերու, դիւանագէտի, սիրոյ, հանդուրժողութեան, քաղցկեղի, բանաստեղծութեան, անտառներու® Տարուան մէջ նշելի 160-էն աւելի  թեմաներու շարքին մէջ օրեր կան, որոնք երկու տօնի յատկացուած են եւ միջազգային հանրութեան  կը յուշեն նշել երկուքը հաւասարապէս միեւնոյն օրը: Ընտրուած թեմաներէն...

Ակնարկ.  Պետական Դրսեւորումներ`  Փտածութեան Դէմ Պայքարի

Ակնարկ. Պետական Դրսեւորումներ` Փտածութեան Դէմ Պայքարի

Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը փտածութեան դէմ պայքարելու միտումներ կը դրսեւորէ: Խորհրդարանը համընթաց քայլերու կը դիմէ այդ ուղղութեամբ: Զգայացունց յայտարարութիւններ, երկիրը ախտավարակ հիւանդութենէ փրկելու կոչեր, պետական պիւտճէին հարուած հասցուցած մարդոց ամենաթողութեան վերջ տալու պահանջներ` պետաքաղաքական մթնոլորտ ստեղծած են: Զուգահեռ անշուշտ կայ թերահաւատութիւն: Լիբանանեան փորձառութեան վրայ հիմնուած կասկածանքով մօտեցում` նման առաջադրանքի եւ փտածութեան դէմ պարագայական, ընտրովի սահմանափակ պայքարի փաստը նկատի ունենալով: Աւելի՛ն: Կայ...

Խմբագրական.  Արտաշատ – Տիզպոնէն Մինչեւ Երեւան-Թեհրան Յարաբերութիւններ  (Վարդանանց Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Արտաշատ – Տիզպոնէն Մինչեւ Երեւան-Թեհրան Յարաբերութիւններ (Վարդանանց Օրուան Առիթով)

Վարդանանց պատերազմի խորհուրդները ընկալելու վերլուծականները դասական առումով կը կեդրոնանան հաւատքի կառչածութեան եւ ընդհանրապէս խնդիրի բարոյական ծալքերուն վրայ: Քաղաքական առումով` ինքնուրոյնութիւնն ու  համեմատական գերիշխանութիւնը պահպանելու: Աշխարհաքաղաքական դիտանկիւնէն` օրուան պայմաններու նկատառումով ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը փրկելու կամ պարսկական համահարթեցումը կասեցնելու փաստերուն վրայ: Քաղաքական վերլուծաբանութեան այժմէական փորձը հաւանաբար աւելորդ չնկատէ Պարսկաստան-Հայաստան դարաւոր յարաբերութիւններու, այսօրուան բառամթերքով` Թեհրան-Երեւան կապերու ռազմավարական նշանակութեան մասին անդրադարձ կատարելը: Վարդանանցը անշուշտ...

Ակնարկ.  Լաւրովը Կ՛ուղղէ Սուրիական  Ժամացոյցի Սլաքները

Ակնարկ. Լաւրովը Կ՛ուղղէ Սուրիական Ժամացոյցի Սլաքները

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին յստակացումը, որ Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ Սուրիոյ մէջ միացեալ զինուորական գործողութիւններ կատարելու ծրագիրներ գոյութիւն չունին, ըստ էութեան Անգարայի նկրտումները զսպելու կը միտին: Խնդիրը ուղղակիօրէն կը վերաբերի սուրիական տագնապին սկիզբէն ի վեր Անգարայի յանկերգած ապահովական գօտիի ստեղծման առաջադրանքին: Լաւրովի այս յստակացումը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ, որ Մոսկուա-Անգարա ռազմաքաղաքական գործընկերութիւնը կարճաժամկէտ եւ սահմանափակ դրուածքով կը դրսեւորուի` Սուրիոյ...

Ակնարկ.  Անհամաձայնութիւնը`  Ոչ Թէ Անժամկէտին, Այլ Հանրաքուէին

Ակնարկ. Անհամաձայնութիւնը` Ոչ Թէ Անժամկէտին, Այլ Հանրաքուէին

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ դեսպան Ռիչըրտ Հոկլընտի տուած հարցազրոյցով արտայայտուած միտքերը դուռ կը բանան որոշ դիտարկումներու բանակցային իրավիճակին եւ անոնցմէ բխող հայկական կողմի ընելիքներուն մասին: Հոկլընտ կ՛ըսէ, որ այսօր սեղանի վրայ գտնուող հարցի Լաւրովեան նախագիծին նկատմամբ որեւէ կողմ իր համաձայնութիւնը չէ տուած, ուստի բեկումնային պահ սպասելը ճիշդ պիտի չըլլայ, հակառակ անոր որ շփման գիծին ուղղութեամբ կտրուկ կրճատուած են...

Արցախի Մէջ Տնտեսական Աշխուժութեան  Ցուցանիշը Աճած Է 15 Առ Հարիւրով

Խմբագրական. Բանաձեւել Բանակցային Հիմնադրոյթները (Արցախեան Շարժման 31-ամեակին Առիթով)

Արցախեան բանակցութիւնները այսօր սառեցուած վիճակի մէջ են: Աւելի ճիշդը` ապրիլեան պատերազմէն ետք բովանդակային բանակցութիւններ գոյութիւն չունին, գէթ պաշտօնապէս: Հանդիպումները, միշտ հիմնուելով պաշտօնական լրահոսի եւ հանդիպումներէն բխած յայտարարութիւններու հիման վրայ, հիմնականին մէջ կեդրոնացած էին 94-ի հրադադարը յարգելու համար համապատասխան միջոցներու դիմելու անհրաժեշտութեան եւ անոր շուրջ համաձայնութիւններու վրայ: Հայկական կողմը կը յայտարարէ, որ ոչ նախապէս ծրագրուած յատուկ հանդիպումները առիթ եղած են ուղղակի...

Ակնարկ  Գերքաղաքականացուած  Մեկնաբանութիւններուն Դիմաց

Ակնարկ Գերքաղաքականացուած Մեկնաբանութիւններուն Դիմաց

Սուրիա մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի ուղարկումը ինչպէս ներքին, նոյնպէս ալ միջազգային մակարդակի վրայ տեղի տուած է տարատեսակ մեկնաբանութիւններու: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը, մեկնաբանելով խումբը Սուրիա ուղարկելու որոշումը, յայտնած էր, որ հասկնալի է Սուրիոյ մարդասիրական իրավիճակին արձագանգելու այլ պետութիւններու ցանկութիւնը, եւ թէ Միացեալ Նահանգները կը կիսեն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան շուրջ մտահոգութիւնները, այսուհանդերձ իրենք չեն պաշտպաներ Սուրիոյ...

Խմբագրական.  Արժէքապահպան Նոր Աշխատանքներու  Մեկնարկի Հրամայականը  (ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին  Եւ Համազգայինի 90-ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Արժէքապահպան Նոր Աշխատանքներու Մեկնարկի Հրամայականը (ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Եւ Համազգայինի 90-ամեակին Առիթով)

Հաւանաբար աշխատանքային առումով համադրութիւն մը չէ կատարուած ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի յաջորդաբար 100-ամեակի եւ 90-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւնները Լիբանանի մէջ կազմակերպելու առումով: Բնական մղումով մը մարմնակրթական եւ կրթամշակութային համահայկական մեծագոյն կազմակերպութիւնները իրենց յոբելենական տարուան նշումները սկսան Երեւանով եւ կ՛աւարտեն Լիբանանով: Մեկնարկ-փակումի յոբելենական այս տօնակատարութիւնները արդէն իրենց աշխարհագրական վայրերու ճշդութեամբ կարեւոր ուղերձներ կը փոխանցեն: Դաշնակցութեան ուղեկից կազմակերպութիւններ սփիւռքի մէջ գործած են ու կը...

Խմբագրական.  Յարգելու Համար Զոհերուն Յիշատակն  Ու Ինքնորոշուածներուն Արժանապատուութիւնը

Խմբագրական. Յարգելու Համար Զոհերուն Յիշատակն Ու Ինքնորոշուածներուն Արժանապատուութիւնը

Ֆրանսայի մէջ գործող Հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքները համակարգող մարմինը, իբրեւ միացեալ միաւոր, քաղաքական առաւելներ կ՛արձանագրէ: Համայնքին անունով ներկայանալու իրաւասութիւն ապահոված կառոյց է եւ իբրեւ այդպիսին ներկայացուցչական հանգամանք կը վայելէ, որուն հետ հաշուի կը նստին Ֆրանսայի իրերայաջորդ նախագահներ կամ պետական բարձրագոյն դէմքեր: Հայկական կողմէն դիտուած, Ապրիլ 24-ը Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման օր հռչակուիլը Ֆրանսայի նախագահին կատարած յայտարարութեան ամէնէն յատկանշական բաժինն է: Ինչ...

Խմբագրական.  Օրհներգն Ու ՀՀ Սահմանադրութիւնը

Խմբագրական. Օրհներգն Ու ՀՀ Սահմանադրութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգի փոփոխութեան առումով քննարկումներ կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը կը թուի, որ դադար առած է: Դադար առնելը չի նշանակեր անշուշտ, որ այս հարցը վերստին օրակարգ պիտի չվերադառնայ: Օրհներգի փոփոխութեան մասին տեսակէտներու բարձրաձայնումը նոր չէ: Առաջին վարչակարգէն սկսեալ այս խնդիրը զուգահեռ ընթացած է եւ մերթ ընդ մերթ հրապարակ եկած իրերայաջորդ իշխանութիւններու օրով: Ընդ որում ո՛չ միայն երաժշտագիտական եւ գրականագիտական, այլ նաեւ պետական-քաղաքական...

Խմբագրական.  Ազգային Միասնականութիւնը`  Կարգախօսային Սահմաններէն Դուրս

Խմբագրական. Ազգային Միասնականութիւնը` Կարգախօսային Սահմաններէն Դուրս

Երկարատեւ պարանաձգութիւններէ, չափաբաժիններու ճշդումի համար քաղաքական առեւտուրի տարբեր փուլեր թեւակոխելէ ետք, վերջապէս կազմուեցաւ Լիբանանի կառավարութիւնը: Կառավարութիւնը կը հռչակուի իբրեւ ազգային միասնականութեան դահլիճ, կը ներառէ 18 նոր դէմքեր, որոնցմէ 4-ը` կին: Լիբանանահայութիւնը, վերջին տասնամեակներուն, առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայանայ երեսուն հոգինոց կառավարութեան մէջ երկու նախարարական պաշտօն զբաղեցնող նախարարով: Վերջին օրերուն եւ մետասաներորդ պահուն ոչ պաշտօնական կերպով արծարծուեցաւ նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը Դաշնակցութեան...

Ակնարկ.  Քրտական Խաղաթուղթը` Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ

Ակնարկ. Քրտական Խաղաթուղթը` Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ

Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկելու գործընթացը: Յառաջիկային եւս 9 միջնորդութիւն կը ներկայացուի Թուրքիոյ խորհրդարանի սահմանադրական եւ արդարադատութեան միացեալ յանձնախումբին, որպէսզի քրտամէտ կուսակցութեան 8 երեսփոխաններ միանուագ զրկուին պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ: Նախապէս նման միջնորդութիւն ներկայացուած էր Թուրքիոյ խորհրդարան` Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի դէմ: Այս կը նշանակէ, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան գրեթէ ամբողջ խորհրդարանական խմբակցութեան դէմ...

Խմբագրական.  Ռազմաքաղաքական Դաշինքի Հրամայականը (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Ռազմաքաղաքական Դաշինքի Հրամայականը (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով)

Հայոց բանակի օրուան նշումի առիթով` անկախ արարողակարգային ելոյթներէն եւ հռչակագրային բնոյթի հրապարակումներէն, կ՛արծարծուին ընդհանրապէս պաշտպանական համակարգին առջեւ դրուած խնդիրները, զանոնք լուծելու ուղիներու մատնանշումները, կը նախանշուին ծրագրային գերակայ ուղղութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանական համակարգը այսօր իր առջեւ դրած է ընդհանուր առաջադրանքներ: - Արմատական քայլերու  ձեռնարկել  զօրակոչային գործընթացի թափանցիկութեան եւ արդարութեան բարելաւման: - Ամրապնդել պետութիւն-զինուոր-ընտանիք մշտական կապը: - Բարելաւել ժամկէտային զինծառայողներու պարենային եւ...

Page 41 of 62 1 40 41 42 62

Արխիւներ