Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պաքուի Մարտավարական Խաղերը Եւ Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահին Հրամայականը

August 24, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստին Ազրպէյճանի որդեգրած մարտավարական խաղերուն նպատակն էր հիմնականին մէջ ցոյց տալ, առաջին` որ Բերձորի միջանցքը փակ չէ եւ այնտեղ անցակէտ տեղադրելը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն որոշումն է, որովհետեւ Բերձորը Ազրպէյճանի տարածքն է: Երկրորդ` միջազգային հանրութեան երեւիլ խաղաղասէր եւ հոգատար, ըսելով, որ պատրաստ է Աղտամի ճամբով մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել Արցախի ժողովուրդին:

Քանի մը առաջադրանք տեսանելի են մարտավարական այս խաղերուն ետին:

Նախ այն, որ անցակէտ տեղադրելով փորձ կը կատարուի նուիրականացնել Բերձորին Ազրպէյճանին պատկանելիութիւնը: Շեշտել, որ անցակէտերը պայման են, որովհետեւ Հայաստան այդ ճամբով զինական օժանդակութիւն կը հասցնէ Արցախին: Հետեւաբար բեռնատարներուն մուտքը փակելով այժմ վտանգն է, որ կը կանխարգիլուի:

Աւելի՛ն. նման շրջափակում կազմակերպելով Պաքուն, ըստ էութեան, կ՛արգելափակէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն միջեւ կապը կամ կենսաճանապարհը:

Երկրորդ առաջադրանքը հանգուցաւորուած է առաջինին հետ: Բերձորը փակելով Պաքուն նախ միջազգային ընտանիքին կը փորձէ համոզել, որ հակամարդասիրական կամ ցեղային զտման քաղաքականութիւն չէ, որ կը կիրարկէ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ:  Ազրպէյճան պատրաստ է մարդասիրական օժանդակութիւնը Ստեփանակերտ հասցնել Աղտամի ճամբով: Այս մէկը արդէն ազրպէյճանական օրակարգի առանցքն է, որ կը բնութագրուի Ազրպէյճան-Ազրպէյճանի մէջ ապրող հայ ազգաբնակչութիւն յարաբերակցութեամբ:

Նկատուեցաւ նաեւ այն, որ Ազրպէյճան ոչ միայն ՄԱԿ-ի ժողովասրահներուն մէջ, այլ նաեւ ընդհանրապէս չ՛օգտագործեր միջանցք բառը իր հռետորաբանութեան մէջ:

Այս բոլորը դէպի միջազգային դաշտ նետուած գնդակներ են:

Մարտավարութեան խաղերը երկրորդ շարքի վրայ այլ  թիրախներ կը հարուածեն:

Բերձորի նշանակութիւնը ըստ էութեան կապուած է Մոսկուայի հետ: Մոսկուայի միջնորդութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ կայ եռակողմ նոյեմբերեան համաձայնութիւն, որ Բերձորի միջանցքը պիտի վերահսկուի ռուս խաղաղապահներուն կողմէ: Այդ գործառոյթի չէզոքացումն է, որ կ՛ապահովէ Ազրպէյճանը Բերձորի կարգավիճակը փոխելով, անցակէտ տեղադրելով եւ շրջափակելով:

Պաքուի ՄԱԿ-եան մարտավարութեան երկրորդ առաջադրանքն ալ Մոսկուան թիրախաւորած է:  Աղտամի ճամբան Բերձորին այլընտրանք ներկայացնելով Մոսկուան ըստ էութեան եռակողմէն շեղում կ՛արձանագրէ եւ բերձորեան միջանցքի ռուսական դերակատարութիւնը ընդմիշտ փակելու կը միտի: Եռակողմէն դուրս այլ պայմանաւորուածութեան կը ձգտի Պաքուն, այս պարագային ՄԱԿ-ի երաշխաւորութեամբ, քանի որ ՄԱԿ-ի մէջ կ՛արծարծէ հարցը եւ համախոհ պետութիւններ կ՛որոնէ:

Խաղը ուրեմն, աւելի հեռու կ՛երթայ եւ ռուսական երաշխաւորութիւնն ու տարածաշրջանին մէջ կարգավիճակը կը հարուածէ:

Կայ անշուշտ խաղին երրորդ թիրախը` ներարցախեան դաշտին պառակտումը: Փակելով եւ այլընտրանք ցոյց տալով Պաքուն փուլ առ փուլ կը փորձէ ներարցախեան դաշտին մէջ համախոհներ գտնել: Ի վերջոյ կրնայ գոյանալ մտայնութիւն, որ մարդասիրական օժանդակութիւնը պէտք է ընդունիլ ուղղակի Ազրպէյճանէն, սնունդին, մթերքին եւ դեղորայքին առընթեր կազ, ելեկտրականութիւն եւ համացանցային կապ ունենալու համար:

Այստեղ արդէն կը սկսի Ստեփանակերտ-Պաքու բանակցային գործընթացը, սակայն Ազրպէյճանի ճշդած խաղի կանոններով կամ ընդհանրապէս օրակարգով:

Իսկ ներարցախեան պառակտումները, բախումներն ու ընդհարումները խորքին մէջ կը նպաստեն Արցախի պետական կառոյցներու կազմաքանդման ծրագիրին: Գաղտնիք չէ անշուշտ, որ Ազրպէյճանի նախապայմանային քաղաքականութեան առաջին կէտերն են բանակի ինքնալուծարումն ու պետական հաստատութիւններու ինքնակազմաքանդումը:

Այս բոլոր հանգամանքներով ալ կը բացատրուի Արցախի Ազգային ժողովի նախագահին ելոյթը`  միաւորուած մնալու եւ Արցախի պետական հաստատութիւնները անհպելի պահելու հրամայականը:

«Ա.»

Նախորդը

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (24 Օգոստոս 2023)

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.