Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Թել Աւիւ-Անգարա Զգուշացումներ Երեք Ուղղութիւններով

April 5, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը առ այն, որ թրքական դերակատարութիւնը Սուրիայով սահմանափակուած չէ եւ թէ  թուրքերը Լիբանանի մէջ եւս ժխտական դերակատարութիւն ունին, կարելի է տեղաւորել Թուրքիա-Իսրայէլ որոշ ընդհատումներով ընթացող հռետորաբանական պատերազմի սահմաններուն մէջ: Այս սպառնական փոխասացութիւնները մինչ այժմ չէին հատեր յայտարարողական դաշտի սահմանները: Յայտարարութեան նախորդած մասը կը կապուի սուրիական տարածքներու վրայ Իսրայէլի իրականացուցած զինուորական յարձակումներուն հետ: Իսրայէլացի դիւանագէտը յայտնած էր, թէ Թուրքիան Իրանէն Հըզպալլային գումարներու փոխանցման մէջ դեր ունի:

Ուրեմն կը հասկցուի այն, որ Լիբանանի մէջ Անգարայի դերը Հըզպալլային գումար փոխանցելով կը խանգարէ Իսրայէլի շահերը: Իսկ Սուրիոյ պարագային, դարձեալ Իրանի հետ գործակցութեան մասին իսրայէլական ակնարկներ կը հնչեն այս անգամ պաշտպանութեան նախարարին ճամբով: Ան յայտարարեց, որ եթէ Դամասկոս Իսրայէլի թշնամի ուժերու Սուրիա մուտքը արտօնէ, շատ սուղ գին պիտի վճարէ: Թշնամի ուժեր բնականաբար նախ եւ առաջ իրանեանին կը վերաբերին: Ընդհանրացնելով եւ յոգնակի ձեւակերպումով թիրախաւորում կատարելով, Թել Աւիւի ներկայացուցիչը խորքին մէջ սլաք կ՛ուղղէ Անգարային:

Աւելի յստակ եւ ուղղակի պատգամը փոխանցեց Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռը, երբ սուրիական տարածքներու վրայ գտնուող ռազմավարական կեդրոններու դէմ իրականացուած յարձակումին նպատակը բնորոշեց Անգարայի ուղղուած զգուշացումով:

Իր գլխաւոր թշնամին Իրանը նկատելով Թել Աւիւ իր ռազմական գործողութիւնները կը շարունակէ Կազայի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ: Երեք պարագաներուն ալ Անգարան կը ներկայացուի Թել Աւիւի կողմէ իբրեւ Իսրայէլի թշնամի պետութեան աջակցող: Լիբանանի պարագային իր ճամբով իրանեան նիւթական օժանդակութիւնները փոխադրելու կ՛աջակցի. Սուրիոյ պարագային կը զգուշացնէ, որ պիտի չարտօնէ թշնամի զօրքերուն մուտքը Սուրիա: Կազայի առումով թրքական դերին ուղղուած զգուշացումները դուրս չեն մնացած այս շարքէն:

Սուրիական տարածքներու վրայ իրականացուած իսրայէլեան գործողութիւնները Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարին կողմէ կը պարզաբանուին իբրեւ  զգուշացում` ուղղուած Թուրքիոյ նախագահին: Այս զգուշացումին` կը յաջորդէ այն, որ Իսրայէլի սահմաններէն որեւէ մէկուն վրայ 6 հոկտեմբեր 2023-ի կացութեան վերականգնումը պիտի չարտօնուի:

Հոկտեմբերը պարզ է, որ Կազային կը վերաբերի, եւ այստեղ Անգարայի զօրակցութիւնը Համասին կամ ընդհանրապէս պաղեստինցիներուն նկատմամբ անուղղակիօրէն կը դատապարտուի: Աւելի քաղաքական ընթերցումը այս բաժինին այն է, որ նախահոկտեմբերեան իրավիճակի ստեղծում Իսրայէլի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ արտօնելի չէ:

Խօսքը ուղղակիօրէն Սուրիոյ կը վերաբերի. կը շեշտուի, որ Թուքիան որեւէ ձեւով պէտք չէ օժանդակէ սուրիական տարածքներու վրայ Իսրայէլի սպառնալիք նկատուող զինուորական որեւէ միաւորի ստեղծման:

Կ՛արժէ յիշել, որ Անգարան իր հերթին նման զգուշացումներ ուղղած էր Իսրայէլին, քրտական զինեալ գործօնին օժանդակելու մեղադրանքներով:

Այս հանգամանքները կը յուշեն, որ առաջին փուլին նկատուած երկու պետութիւններու առիթաւորումը Սուրիոյ մէջ ստեղծուած նոր իրավիճակէն սկսած է փոխուիլ: Երկու նպաստաւորուող պետութիւնները շահերու բախման կէտեր ունին: Անցած են փոխզգուշացումի փուլ:

«Ա.»

 

Նախորդը

Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Պահանջով Խնդրագիր` Ուղղուած ԵԱՀԿ-ի Բարձրաստիճան Պաշտօնեաներուն

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 198-ի Լուծում

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.