Յայտարարութիւններ (12 Յուլիս 2019)
Հովանաւորութեամբ` Լիբանանի Առողջապահութեան Նախարարութեան Կազմակերպութեամբ` «ԼՕԽ»-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Նախազգուշական Բաժանմունքի «ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՕՐ» «ՀԻՄԱ՛ ՔՆՆԵՑԷՔ ՁԵՐ ՃՆՇՈՒՄԸ ԵՒ ՎԵՐՋԱԿԷՏ» Խորագիրով Առողջապահական օրը կ՛ընդգրկէ արեան ճնշումի անվճար քննութիւն, ինչպէս նաեւ ... Շարն.
Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին. Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնը Պաշտօնապէս Յայտարարեց Ասիոյ 25-րդ Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալելու Մասին
Երէկ կէսօրին «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց 25-28 յուլիսին Քֆարզըպիանի (Քեսրուան) շրջանին մէջ Ասիոյ 25-րդ ախոյեանութիւնը` «Մաութըն Պայք»-ը ... Շարն.
Պիչ-Վոլիպոլ. Լիբանան Կը Հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւնը` Թրիփոլիի Մէջ
1-3 օգոստոսին Լիբանան կը հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ պիչ-վոլիպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումները` Պահսասի մէջ (Թրիփոլի) գտնուող «Նժեի Պիչ»-ի աւազոտ դաշտերուն վրայ: Զտումի այս մրցումները Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին տոմս մը ապահովելու համար ... Շարն.
«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Լիբանանի 42-րդ Միջազգային Ռելին` 30 Օգոստոսէն 1 Սեպտեմբեր
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, 30 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելին: Այս ռելին կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ անոր ... Շարն.
19-21 Յուլիսին Ֆութսալի Մարզիչներու Յատուկ Դասընթացքներ` Սպանացի Մարզիչներու Կողմէ
Գործակցութեամբ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, լիբանանցի մարզիչ Թարեք Ռըզք կը կազմակերպէ ֆութսալի մարզիչներու (տղաք եւ աղջիկներ) յատուկ դասընթացքներ, 19-21 յուլիսին: Այս ուղղութեամբ յառաջիկայ երկուշաբթի, 15 ... Շարն.
Քասեմ Անսարի Դէմ Գանգատ Ներկայացուց Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին
Անսարի եւ Պըրժի նախկին ֆութպոլիստ պաղեստինցի Մոհամետ Քասեմ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին գանգատ ներկայացուց այն բանի մասին, որ Անսարէն նախորդ տարեշրջանին իր ամսականները ամբողջութեամբ չէ գանձած: Ան յայտնեց, որ քանի մը ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վարդան Ղազարեան Նշանակուեցաւ Սաժեսի Մարզիչ
Լիբանանեան մարզական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի եւ Սաժեսի նախկին յառաջապահ Վարդան Ղազարեան նշանակուեցաւ Սաժեսի մարզիչ: Կը կարծուի, որ խումբը իր փորձերուն պիտի սկսի ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Մեկնեցաւ Փորթուգալ
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ մեկնեցաւ Փորթուգալ, հոն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին: Հայրենի հաւաքականը, որ մաս կը ... Շարն.
«Եւրոպայի Լիկա». Ալաշկերտ Միակն Ըլլալով` Յաղթական
Երէկ` հինգշաբթի, 11 յուլիսին սկսան «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումները: Հայկական երեք խումբեր` Փիւնիկ, Ալաշկերտ եւ Բանանց, իրենց կարգին մրցումներ կատարեցին: Առաջին երկուքը` իրենց դաշտերուն վրայ: ... Շարն.
Պարսելոնա Մտադիր Չէ 200 Միլիոն Եւրոյէն Աւելի Վճարել Նէյմարի Համար
Սպանական «Մարքա» մարզաթերթին համաձայն, թէեւ Պարսելոնա գրեթէ համաձայն է պրազիլցի Նէյմարի վերադարձին, սակայն մտադիր չէ անոր փոխանցման համար Փարիզ Սեն Ժերմենին վճարել 200 միլիոն եւրոյէն աւելի: Եթէ պատահի, որ մինչեւ ... Շարն.
Թենիս. Ուիմպըլտըն. Այսօր` Նատալ – Ֆետերեր Կիսաւարտականի Տաք Ճակատում
Աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ռաֆայէլ Նատալ, որ քառորդ աւարտականին հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց ամերիկացի Սեմ Քուերիի դէմ (7-5, 6-2, 6-2), կիսաւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ ... Շարն.
Ալիեւ Հանդիպում Ունեցած Է Ռուսիոյ Բանակի Սպայակոյտի Պետին Հետ
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Վալերի Կերասիմովի հետ, որ նաեւ բանակցութիւններ վարած է իր ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական ... Շարն.
Մինչ Թեհրան Կը Հերքէ. Լոնտոն Եւ Ուաշինկթըն Կը Հաղորդեն Իրանեան Նաւերու Կողմէ Բրիտանական Քարիւղատար Նաւ Արգելանքի Տակ Առնելու Փորձի Մը Մասին
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը յայտարարած է, թէ իրանեան երեք նաւեր փորձած են Հորմուզի նեղուցին մէջ փակել «Պրիթիշ Հերիթէյճ» նաւուն ճամբան, սակայն բրիտանական ծովուժի «Մոնթրոզ» յածանաւը բերանացի զգուշացում ... Շարն.
Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Կը Պատրաստէ
Եւրոպական Միութիւնը կը քննարկէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաստատման հարցը` Անգարայի կողմէ Կիպրոսի ափերուն մօտ երկրաբանահետախուզական աշխատանքներ կատարելուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Թուրքիոյ անօրինական երկրաբանահետախուզական աշխատանքներու չդադրեցման ... Շարն.
Պաքուի Մէջ Հանդիպում` Ռուսիոյ Եւ ՕԹԱՆ-ի Սպայակոյտի Պետերուն Միջեւ
Պաքուի մէջ չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած են Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Վալերի Կերասիմովի եւ ՕԹԱՆ-ի Միացեալ զինեալ ուժերու հրամանատար զօրավար Թոտ Ուոլթըրզի բանակցութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» ... Շարն.
Ռուհանի-Փութին-Էրտողան Հանդիպումը` Օգոստոսին
Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Հասան Ռուհանիի, Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եռակողմ ձեւաչափով հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ օգոստոսին` Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր Սուլթանի մէջ: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը ... Շարն.
«Պրեքզիթ»-ը Պիտի Միաւորէ Թէ՛ Պահպանողական Կուսակցութիւնը, Թէ՛ Բրիտանիան» Կ՛ըսէ Ճոնսըն
Մինչեւ 31 հոկտեմբերին սահմանուած ժամկէտը Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը պիտի միաւորէ թէ՛ ճգնաժամ ապրող Պահպանողական կուսակցութիւնը եւ թէ՛ ալ ամբողջ երկիրը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած ... Շարն.
ՏԱՀԵՇ Թուրքիոյ Սպառնացող Տեսանիւթ Մը Հրապարակած Է
«ՏԱՀԵՇ Թուրքիոյ նահանգ» անունը կրող ահաբեկչական խմբակը Թուրքիոյ սպառնացող տեսանիւթ մը հրապարակած է: Տեսանիւթին մէջ կ՛երեւին հինգ ահաբեկիչներ, որոնցմէ մէկը թրքերէնով կը սպառնայ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն: Տեղեկութիւնը հրապարակուած է ... Շարն.
Մեքսիքայի Նախագահը Աղքատներուն Օգնելու Համար Կը Վաճառէ Նախագահական Հանգստավայրը
Մեքսիքայի նախագահ Անտրես Մանուէլ Լոփես Օպրատոր յայտարարած է, թէ յառաջիկային կը պատրաստուի վաճառելու Քարիպեան ծովուն մէջ մեքսիքական Քոսումել կղզիին վրայ գտնուող նախագահական հանգստավայրը` Քինթանա Ռոօ նահանգի աղքատներուն օգնելու նպատակով: Այս ... Շարն.
2019-ի Տաքը Նոր Մրցանիշներ Կը Հաստատէ
ՄԱԿ-ի միջազգային օդերեւութաբանական կազմակերպութիւնը յայտարարած է, թէ 2019 թուականը ամէնէն տաք տարին է օդի ջերմաստիճանի դիտարկման ամբողջ պատմութեան ընթացքին, իսկ 5 տարուան վրայ ջերմաստիճանի մրցանիշը արդէն հաստատուած է յունիսին: Այս ... Շարն.