Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Վալերի Կերասիմովի հետ, որ նաեւ բանակցութիւններ վարած է իր ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ զինուորական եւ ռազմական-թեքնիք համագործակցութեան արդիական հարցերը, որոնց շարքին` Կասպից ծովուն մէջ պաշտպանութեան նախարարութիւններու գործակցութիւնը: