«ՏԱՀԵՇ Թուրքիոյ նահանգ» անունը կրող ահաբեկչական խմբակը Թուրքիոյ սպառնացող տեսանիւթ մը հրապարակած է: Տեսանիւթին մէջ կ՛երեւին հինգ ահաբեկիչներ, որոնցմէ մէկը թրքերէնով կը սպառնայ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն:
Տեղեկութիւնը հրապարակուած է ամերիկեան ՍԱՅԹ (Միջազգային ահաբեկչական խմբաւորումներու որոնողական հիմնարկ) հակահետախուզական հիմնարկի կայքին վրայ, իսկ տեսանիւթը տարածուած է «Թելեկրամ»-ի միջոցով:
Թուրքիան իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի վիլայէթ նշող տեսանիւթին մէջ Ապու Քաթատա Ալ Թուրքին կը սպառնայ նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին:
ՍԱՅԹ Հակահետախուզական հիմնարկի տնօրէն Ռիթա Կաց յայտարարած է, թէ ատիկա կազմակերպութեան անյոյս ցուցադրական ժեսթ է, եւ նմանատիպ տեսանիւթեր վերջերս հրապարակուած են նաեւ կովկասեան տարածքներուն եւ Ազրպէյճանի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայն»-ի թրքական ծառայութիւնը: