Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վազգէն Մանուկեան. «Այն Իշխանութիւնը, Որ Իր Երկիրը Կը Հասցնէ Յանձնուողականութեան, Պարտաւոր Է Հեռանալ»

February 6, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5 փետրուարին ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը նախաձեռնած է երիտասարդներու հանդիպում Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեանին հետ:

«Մեր երազած պետութիւնը կառուցելու համար պէտք է հաւատք, կամք եւ աշխատանք, եւ ես կը կարծեմ` մեր երիտասարդութեան մօտ այդ ամէնը կայ, եւ մենք պիտի կարենանք այդ պետութիւնը կառուցել», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ երիտասարդութեան հետ հանդիպումին ընթացքին:

Վազգէն Մանուկեան նկատել տուաւ, որ իրենց սերունդը նախաձեռնեց անկախ պետութեան ձեւաւորումի. որոշ բաներ յաջողեցան, որոշ բաներ` ոչ:

«Մենք ունեցանք բանակ, մենք ունեցանք յաղթանակ, մենք կրցանք ազատագրել Ցեղասպանութենէն ետք մնացած կղզեակը, որ բնակեցուած էր մեր արիւնակիցներով` հայերով` Արցախը: Մենք քայլեր առինք, որ հասարակութիւնը ըլլայ ազատ, բայց այն հասարակութիւնը, որ կառուցուեցաւ, չէր բաւարարեր այն երազանքները, զորս մենք ունէինք, ժողովուրդը կտրուած էր իշխանութիւններէն, որովհետեւ իշխանութիւնները անընդհատ կը վերարտադրուէին: Այդ կապը կտրուած էր, եւ սովորական քաղաքացին ինքզինք չէր զգար երկրին տէրը, մնացած էր մինակ իր հոգերով», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան:

Անոր դիտարկումով` թերեւս այդ էր պատճառը, որ անկէ օգտուեցան եւ 2018-ին որոշակի ուժեր կոչ ուղղեցին մեր երիտասարդութեան, որ պիտի կառուցեն արդար երկիրը: Բայց 2,5 տարի անցաւ` ոչինչ շահեցանք եւ կորսնցուցինք գրեթէ ամէն ինչ:

«Հիմա հարց կը յառաջանայ` կարելի պիտի ըլլա՞յ նորէն ոտքի կանգնիլ եւ կառուցել այն երկիրը, որ կ՛ուզէինք կառուցել: Ես համոզուած եմ, որ` այո՛», ըսաւ վարչապետի միասնական թեկնածուն:

Անոր համոզումով այդ ճամբուն առաջին կարեւոր քայլը այս իշխանութենէն ազատիլն է:

«Որեւէ իշխանութիւն, որ իր երկիրը կը հասցնէ յանձնուողականութեան, պէտք է հեռանայ իշխանութենէ: Մէկ կողմ ձգենք, թէ պատերազմի ժամանակ իշխանութիւնները ինչ մեղքեր գործած են, անոր մասին մենք դեռ պիտի խօսինք, բայց այն իշխանութիւնը, որ իր երկիրը կը հասցնէ յանձնուողականութեան, պարտաւոր է հեռանալ: Երկիր մը, ուր չի խրախուսուիր լաւը եւ չի պատժուիր վատը, այդ երկիրը ապագայ չունի», նշեց Վազգէն Մանուկեան:

Նախորդը

Արթուր Մոսիեան. «Պատասխանատուութիւն Պիտի Կրէք, Թող Ոչ Մէկը Կասկածի»

Յաջորդը

Ակնարկ. Քաղաքական Ակնկալութիւններ

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.