Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին պատճառով գերեվարուած հայերու հարցով կը զբաղի անձամբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Դեսպանը դիտել տուաւ, որ հայ գերիներու վերադարձը 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան առաջնահերթութիւններու շարքին է: «Չեմ չափազանցեր, ասիկա այն հարցն է, որով անձամբ կը զբաղի մեր երկրին նախագահը, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները: Այս հարցին լուծումը կրնայ ըլլալ, որ այնքան շուտ չըլլայ, որքան կ’ակնկալուի, բայց հաւատացէք, առաւելագոյնը կը կատարուի. ես վստահ եմ, որ անիկա հաստատ պիտի լուծուի», դիտել տուաւ Ռուսիոյ դեսպանը:
Սերկէյ Քոփիրքին նաեւ նշեց, որ Հայաստանի նախկին ղեկավարներուն հետ կատարուող քննարկումներուն առանցքը կը հանդիսանայ ռուս-հայկական բարեկամութիւնը:
«Մենք խօսեցանք բոլոր արդիական հարցերուն մասին, որոնց կարգին այն խնդիրներուն, որոնք յառաջացած են 2020-ի վերջին ողբերգական իրադարձութիւններէն ետք: Խօսեցանք նաեւ Ռուսիոյ կողմէ իրականացուող խաղաղապահ առաքելութեան եւ մարդասիրական աջակցութեան մասին», յայտնեց դեսպանը:



