Newsletter

Նախագահ Աուն Աքըրի Հետ Քննարկեց Ամէնէն  Աղքատ Ընտանիքներուն Տրուելիք  Օժանդակութեան Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Աուն Աքըրի Հետ Քննարկեց Ամէնէն Աղքատ Ընտանիքներուն Տրուելիք Օժանդակութեան Վերաբերող Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըրը, որուն հետ քննարկեց Միջազգային դրամատան տրամադրած 246 միլիոն տոլարի վարկը, որ իբրեւ օժանդակութիւն պիտի յատկացուի ամէնէն աղքատ ընտանիքներու օժանդակութեան: Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղատա Շրէյմը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան մէջ տակաւին գոյութիւն ունեցող կարգ...

Ֆահմի. «Բանտերէն Եւ Ոստիկանատուներու Արգելարաններէն 606 Արգելափակեալ Ազատ Արձակուած Են, Իսկ Յատուկ Պարագաներու Ներում Շնորհելու Աշխատանքը Լուրջ Ընթացքի Մէջ Է»

Ֆահմի. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Գրեթէ Անկարելի Է Մինչեւ Միջազգային Նոր Համաձայնութեան Մը Գոյացումը»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ մեծ պետութիւններուն տարակարծութիւնները, շրջանային տագնապները, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան ամուր թնճուկները չեն արտօներ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի կարենան կառավարութիւն մը կազմել: Ֆահմի հաստատեց, որ այս փուլին դժուար թէ կարելի ըլլայ կառավարութիւն կազմել: «Կառավարութեան կազմութիւնը...

Տիապ Ռուտաքովի Հետ Քննարկեց «Սփութնիք»  Պատուաստը Լիբանանի Մէջ  Արտադրելու Հեռանկարները

Տիապ Ռուտաքովի Հետ Քննարկեց «Սփութնիք» Պատուաստը Լիբանանի Մէջ Արտադրելու Հեռանկարները

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ Թալլեթ Խայեաթի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը` ներկայութեամբ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Իմատ Հուպալլայի եւ դեղորայքի արտադրութեան «Արուան» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ապտել Ռազզաք Եուսեֆի, ընկերութեան փոխտնօրէն Ռուայտա Տահամի եւ Տիապի աւագ խորհրդատու Խտըր Թալեպի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան «Քորոնա» ժահրին դէմ ռուսական «Սփութնիք» պատուաստը Լիբանանի մէջ արտադրելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ այդ ուղղութեամբ...

Նաքուրայի Մէջ.  Ընդգծուեցաւ Լիբանանեան Բռնագրաւուած  Հողերէն Իսրայէլեան Ուժերու  Հեռացման Անհրաժեշտութիւնը

Զօր. Տել Քոլ. «Ժամանակն Է Արդէն Ամբողջացնելու Կապոյտ Գիծը Նշելու Աշխատանքը»

Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու գործունէութեան 43-ամեակին առիթով, Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ յայտնեց, որ խաղաղապահ ուժերը յանձնառու կը մնան հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման: Նաքուրայի մէջ տեղի ունեցած խորհրդանշական հանդիսութեան մը ընթացքին, Տել Քոլ հաստատեց, որ հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային աննախընթաց տագնապին, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը շարունակած են իրենց...

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Եւ Սէուտական Արաբիոյ  Դեսպանը Կոչ Կ՛ուղղեն Անյապաղ  Նոր Կառավարութեան Կազմութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Եւ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը Կոչ Կ՛ուղղեն Անյապաղ Նոր Կառավարութեան Կազմութեան

Երկուշաբթի, 22 մարտ 2021-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի կոչ ուղղեցին Լիբանանի նոր կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան ու տնտեսական տագնապը դիմագրաւելու ազդու միջոցներու որդեգրման: Վեհափառ հայրապետին գրասենեակին մէջ աւելի քան ժամ մը մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոսն ու դեսպանը Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցերու առընթեր նաեւ իրենց լուրջ մտահոգութիւնը յայտնեցին...

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Պիտի  Շարունակէ Իր Գործունէութիւնը Նոյն Ձեւաչափով

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Պիտի Շարունակէ Իր Գործունէութիւնը Նոյն Ձեւաչափով

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի խորհուրդը շաբաթ օր հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. 20 մարտ 2021-ին տեղի է ունեցել Հայրենիքի փրկութեան շարժման խորհրդի նիստ: Քննարկելով ստեղծուած քաղաքական իրավիճակը` Հայրենիքի փրկութեան շարժման խորհուրդը վերահաստատել է, որ շարունակում է նոյն ձեւաչափով գործունէութիւնը` օրակարգում ունենալով նախապէս յայտարարուած դիրքորոշումներն ու նպատակադրումները: ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Արամ Մանուկեանի Ծննդեան Օրուան Առիթով  ՀՅԴ Ընտանիքին Անունով Ծաղկեպսակ  Զետեղուած Է Անոր Յուշարձանին Դիմաց

Արամ Մանուկեանի Ծննդեան Օրուան Առիթով ՀՅԴ Ընտանիքին Անունով Ծաղկեպսակ Զետեղուած Է Անոր Յուշարձանին Դիմաց

19 մարտը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր, ազգային, պետական, հասարակական եւ կուսակցական գործիչ Արամ Մանուկեանի ծննդեան օրն է: Ազգային-պետական գործիչի ծննդեան 142-ամեակին առիթով Երեւանի կեդրոնին մէջ վեր խոյացող անոր յուշարձանին դիմաց ՀՅԴ-ի մեծ ընտանիքին անունով ծաղկեպսակ զետեղուած է: Օրուան ընթացքին  անոր յուշարձանը այցելած են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի, ՀՅԴ մարզային կառոյցներու, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական...

Ամերիկացի Ծերակուտականները Պայտընին  Կոչ Ուղղած Են` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Ամերիկացի Ծերակուտականները Պայտընին Կոչ Ուղղած Են` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Միացեալ Նահանգներու 37 ծերակուտականներ միացած են Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ռոպըրթ Մենենտեսի նամակին` նախագահ Ճօ Պայտընին կոչ ուղղելով հետեւելու Քոնկրեսի օրինակին եւ ամբողջութեամբ ու պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: Մենենտես նամակին մէջ Պայտընին յիշեցուցած է, որ նախապէս, այդ թուականին եւ 2020 թուականի նախընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ ան ճանչցած է Հայոց...

Վարչապետի Նշանակման  Երեսփոխանական  Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու  Ժամանակացոյց

Երկրին Մէջ Տիրող Կացութիւնը Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Դրական Ոչինչ Կը Յուշէ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ անցեալ հինգշաբթի օրուան պայմանաւորուածութեան հիմամբ այսօր նախագահն ու վարչապետը կը հանդիպին Պաապտայի մէջ` շարունակելու համար կառավարութեան կազմութեան շուրջ խորհրդակցութիւնները: Ըստ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներուն, վարչապետին կողմէ 18 նախարարէ բաղկացած մասնագէտներու կառավարութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական ոչ մէկ ուժի մէկ երրորդի առաւելութիւն շնորհելու նախապայմանները կը յամենան, իսկ կառավարութիւն չկազմելու պարագային ան վարչապետի...

Անթիլիասի Ուխտի Օր

Անթիլիասի Ուխտի Օր

Հայոց աշխարհի երկրորդ լուսաւորիչին` Ս. Գրիգորի Լուսաւորիչ հայրապետին սոսկալի չարչարանքներուն եւ Խոր Վիրապ մուտքի տօնը, որ Անթիլիասի Ուխտի օրն է, մայրավանքի համանուն մայր տաճարին մէջ նշուեցաւ կիրակի, 21 մարտ 2021-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Յիշեալ տօնին աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալներ տօնին նախօրէին մայրավանքին մէջ գիշերելով` իրենց աղօթքներով եւ ուխտով կը պարուրեն մայր տաճարը, իսկ կիրակի օրուան պատարագին անոնք կը մասնակցին...

Նախագահ Աուն Ընդունեց  Մարալ Նաճարեանը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Մարալ Նաճարեանը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ռուսական հարցերու իր խորհրդատուն` Ամալ Ապու Զէյտը, ընկերակցութեամբ Մարալ Նաճարեանի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` իր ազատ արձակումին նպատակով անոր ունեցած դերակատարութեան համար: Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած եւ ապա ազատ արձակուած Մարալ Նաճարեան նախագահ Աունին յայտնեց, թէ ինք Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմի աւարտին ուղղուած է Շուշի իր ընտանիքին անդամներուն հետ...

Պրիթելի Մէջ  Բանակը Ձերբակալեց  Աւազակախումբի Պետը

Պրիթելի Մէջ Բանակը Ձերբակալեց Աւազակախումբի Պետը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ Պրիթելի մէջ կատարեց ձերբակալութիւններ` դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործներ հետապնդելէ ետք: Հետապնդումի ընթացքին արձանագրուեցան կրակոցներ եւ արձակուեցան նռնականետեր` բանակին եւ յանցագործներուն միջեւ: Առաւօտեան կանուխ ժամերուն տեղի ունեցած այս գործողութեան ընթացքին բանակը կրցաւ ձերբակալել գողութիւններ կազմակերպող աւազակախումբի պետն ու անոր օգնականները: Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պրիթելի մէջ բանակը ներխուժած է աւազակներու բնակարանները`...

Ակնարկ.  Երկուշաբթի Օրուան Առիթը  Եւ Բացակայող Նախադրեալները

Ակնարկ. Երկուշաբթի Օրուան Առիթը Եւ Բացակայող Նախադրեալները

Հանրապետութեան նախագահի հրապարակային հրաւէրը վարչապետին` այցելելու նախագահական պալատ, կառավարութեան կազմութեան ընթացիկ հանդիպումի ճշդումի առումով արտակարգ եղանակ է: Գուցէ նաեւ աննախադէպ` Լիբանանի պատմութեան նորագոյն ժամանակամիջոցին մէջ: Հրաւէրի ենթաթեքսթը այն էր, որ վարչապետը հրաւիրուած է ներկայանալու եւ ներկայացնելու նախագահի առարկութիւնները նկատի առած կառավարութեան ցանկ մը. այլապէս, ան պէտք է հրաժարի եւ առիթ տայ նոր վարչապետին կազմելու համար կառավարութիւնը: Վարչապետին հակազդեցութիւնը համարժէք էր:...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Այդքան Ալ Չենք Հաւատար,  Որ 20 Յունիսին Կրնան Տեղի Ունենալ Ընտրութիւններ»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Այդքան Ալ Չենք Հաւատար, Որ 20 Յունիսին Կրնան Տեղի Ունենալ Ընտրութիւններ»

Երէկ` ուրբաթ, 19 մարտին, Բաղրամեան պողոտային վրայ մամլոյ ասուլիս տուաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան, որ յատկապէս անդրադարձաւ 20 յուլիսին խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպելու Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան: Ան հաստատեց, որ Փաշինեանի յայտարարութիւնը` ընտրութիւններ կազմակերպելու մասին, ապացոյց չէ, որ այդ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան: Արդարեւ, խորհրդարանական ընտրութիւններու համար անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ վարչապետին հրաժարականը,...

Արծուիկ Մինասեան. «Այս Իշխանութիւնը  Կը Փորձէ Դատարաններն Ու Դատաւորները  Դարձնել Իր Խամաճիկները»

Արծուիկ Մինասեան. «Այս Իշխանութիւնը Կը Փորձէ Դատարաններն Ու Դատաւորները Դարձնել Իր Խամաճիկները»

Երէկ` ուրբաթ, 19 մարտ 2021-ին, Դեմիրճեան փողոցին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ Ազգային ժողովի Իմ քայլը խմբակցութեան ներկայացուցած նախաձեռնութիւնը` դատական օրէնսգիրքին վերաբերեալ, հերթական ոտնձգութիւն է դատական իշխանութեան նկատմամբ` քաղաքական իշխանութեան կողմէ: Ըստ անոր, այս իշխանութեան նպատակը ճնշում գործադրելն է այն դատաւորներուն նկատմամբ, որոնք չեն կատարեր իր ցանկութիւնը: «Բարձրագոյն դատական...

Դոկտ. Վահան Տէր Ղեւոնդեան. «Լուրջ Խնդիր Ունինք  Արցախը Գիտականօրէն Աշխարհին Ծանօթացնելու»

Դոկտ. Վահան Տէր Ղեւոնդեան. «Լուրջ Խնդիր Ունինք Արցախը Գիտականօրէն Աշխարհին Ծանօթացնելու»

Երէկ երեկոյեան «Ազդակ»-ի առցանց 26-րդ լսարանին զեկուցեց Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէն դոկտ. Վահան Տէր Ղեւոնդեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսութեան սկիզբը Տէր Ղեւոնդեան ներկայացուց մատենադարանի պատմականը, 1915-էն ի վեր, հասնելու համար մեր օրերը: Ս. Էջմիածինէն Երեւանի ազգային գրադարան եւ ապա Մատենադարանի այսօրուան շէնքը Տէր Ղեւոնդեան ներկայացուց ձեռագրային արխիւներու համալրման փուլերը: Բացատրելով մատենադարանի գիտահետազօտական հիմնարկի...

Լիբանանի Մէջ Քանատայի Դեսպանը  Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Լիբանանի Մէջ Քանատայի Դեսպանը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Շանթալ Շասթենայ ուրբաթ, 19 մարտ 2021-ին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան դեսպանի քաղաքական հարցերու խորհրդական Մանոն Պուաքլեր, Քանատական օժանդակութիւններու ֆոնտի համակարգող Իզապել Պայան-Տըպըս, քաղաքապետարանի պատասխանատուներ եւ «Նապաա» միութեան անդամներ: Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին զինք ընդունելուն համար: Տարբեր բնագաւառներու մէջ Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն ակնարկելէ ետք, ան մտահոգութիւն...

22 Հոկտեմբերին Պիտի Գումարուի  Ազգային Ժողովի Արտահերթ Նիստ

Հայաստանի Մէջ Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 20 Յունիսին

Երէկ` հինգշաբթի, 18 մարտ 2021-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարելով յայտարարեց, որ  Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 20 յունիս 2021-ին: Փաշինեանի գրառումէն առաջ տեղի ունեցած էր վարչապետի եւ  Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի հանդիպումը: «Քիչ առաջ տեղի ունեցաւ իմ հանդիպումը Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի հետ: Հանդիպումի ընթացքին արձանագրեցինք, որ...

Արթուր Խաչատրեան. «Փաշինեան Իր Հետեւողական  Քայլերով Կ՛ուղղուի Բանակի Կազմաքանդման»

Արթուր Խաչատրեան. «Փաշինեան Իր Հետեւողական Քայլերով Կ՛ուղղուի Բանակի Կազմաքանդման»

«168 Թի. Վի.»-ի «Ռիվիու» հաղորդաշարին ընթացքին, խօսելով արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպելու վերաբերեալ իշխանութիւններու  յայտարարութիւններուն եւ դիմատետրեան գրառումներուն մասին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան տեսակէտ յայտնեց, որ Փաշինեանը արտահերթ ընտրութիւններու հարցը օրակարգ բերելով պարզապէս կը շեղէ մարդոց ուշադրութիւնը` ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ Սիւնիքի, Զանգեզուրի հարցէն: «Ինչ կը վերաբերի քաղաքական ուժերու հետ անոր հանդիպումներուն, ապա պէտք է ըսել, որ անոնք շարքային...

«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն

Ալիեւի Այցելութիւնը Արցախի Բռնագրաւուած Տարածքներ Կը Նկատուի Հետագայ Յարձակողապաշտ Ծրագիրներու Մարմնաւորում

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադարձաւ Ազրպէյճանի նախագահի` Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու այցելութեան հանգամանքին, շեշտելով ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բացայայտ խախտումներով զանգուածային ոճրագործութիւններուն փաստը եւ անդրադառնալով պատերազմի ընթացքին Ազրպէյճանի բանակին կողմէ ցեղային զտումներուն եւ արցախահայութեան դէմ պատերազմական յանցագործութիւններուն: «Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ Հատրութի շրջանին մէջ կատարուած յայտարարութիւնները կը բացայայտեն հայկական բնակավայրերու ոչնչացման եւ անոնց փոխարէն ազրպէյճանական բնակավայրեր ստեղծելու մտադրութիւնը,...

Page 37 of 256 1 … 36 37 38 … 256