Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան. «Այս Իշխանութիւնը Կը Փորձէ Դատարաններն Ու Դատաւորները Դարձնել Իր Խամաճիկները»

March 20, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 19 մարտ 2021-ին, Դեմիրճեան փողոցին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ Ազգային ժողովի Իմ քայլը խմբակցութեան ներկայացուցած նախաձեռնութիւնը` դատական օրէնսգիրքին վերաբերեալ, հերթական ոտնձգութիւն է դատական իշխանութեան նկատմամբ` քաղաքական իշխանութեան կողմէ:

Ըստ անոր, այս իշխանութեան նպատակը ճնշում գործադրելն է այն դատաւորներուն նկատմամբ, որոնք չեն կատարեր իր ցանկութիւնը:

«Բարձրագոյն դատական խորհուրդին` իբրեւ դատաւորներ ու դատարաններու անկախութիւնը երաշխաւորող մարմին, կը տրուի  ինքնուրոյն վարոյթ յարուցելու իրաւասութիւն` դատաւորները  կարգապահական պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցով: Ասիկա այն փաստն է, որ դատարաններն ու դատաւորները քանի մը հոգիի ցանկութիւնները կատարողը դարձնելու փորձ կը կատարուի: Վտանգը այն է, որ մեր դատաւորները պէտք է ոչ թէ արդարադատութիւն իրականացնեն, այլ անընդհատ փաստաբանական ծառայութիւններէ օգտուին` իրենց իրաւունքները պաշտպանելու ցանկութիւն ունենալով», նշեց ան:

Արծուիկ Մինասեան նկատել տուաւ, որ մինչ դատաւորները անկախութիւն դրսեւորելու փորձ կ՛ընեն, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, քրէական ծառայողներուն կը ստիպեն «յարձակիլ» այդ դատաւորներուն, անոնց ընտանեկան կեանքին վրայ:

«Եւ վերջապէս, կարեւոր հարց մը. այս իշխանութիւնը կը փորձէ դատարաններն ու դատաւորները դարձնել իր խամաճիկները: Ասիկա Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան եւ այս քաղաքական իշխանութեան ձգտումն ու ցանկութիւնն է: Մենք պէտք է հասկնանք, որ այս իրավիճակին մէջ, երբ երկիրը կանգնած է ընկերային-տնտեսական® ժողովրդագրական աղէտի առջեւ, թիւ մէկ ամպիոնին վրայ կը քննարկուի այսպիսի հակասահմանադրական, հակաիրաւական նախաձեռնութիւն: Ասոր վերջ տալու համար պէտք է անմիջապէս հիմա կանխել ամէն ինչ», յայտնեց Մինասեան:

Ան աւելցուց, թէ այն դատաւորները, որոնք յստակ ո՛չ ըսած են «ազգադաւ» իշխանութեան, վերջինին կողմէ թիրախ դարձած են:

«Քաղաքական իշխանութեան բռնատիրական քաղաքականութիւնը կը շարունակուի, որուն վերջ տալու համար ընդդիմադիր բոլոր ուժերը պէտք է համախմբուին», շեշտեց Մինասեան:

 

 

Նախորդը

Դոկտ. Վահան Տէր Ղեւոնդեան. «Լուրջ Խնդիր Ունինք Արցախը Գիտականօրէն Աշխարհին Ծանօթացնելու»

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Այդքան Ալ Չենք Հաւատար, Որ 20 Յունիսին Կրնան Տեղի Ունենալ Ընտրութիւններ»

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.