Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան. «Մենք Պիտի Հասնինք Մեր Ուզած Իրաւական Պետութեան Կերտման»

Ապրիլ 8, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 7 ապրիլ 2021-ին, Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Աւանի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ դատաքննութիւն, ուր քննարկուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանին ներկայացուցած բողոքը Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն, ոստիկանութեան աշխատակիցներուն, Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան ծառայութեան Պետական պահպանութեան ծառայութեան պետին դէմ` 28 դեկտեմբեր 2020-ին խաղաղ ցուցարարներուն նկատմամբ կիրարկուած բռնութիւններուն եւ այլ ապօրինութիւններու վերաբերեալ:

Դատաքննութեան ընթացքին Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ տուեալ կառոյցներու աշխատակիցները առանց որեւէ հիմքի, իրենց ծառայողական դիրքը օգտագործած են բերման ենթարկելով քաղաքացիները:

Ան նշեց, որ ինք 5 տարի Ազգային ժողովի պատգամաւոր եղած է եւ շատ լաւ գիտէ պատգամաւորի լիազօրութիւնները, եւ երբ հանրութիւնը կը պահանջէ հանդիպում ունենալ պատգամաւորի մը հետ, եւ այդ հանդիպումի անհրաժեշտութիւնը պայմանաւորուած է յատկապէս զգայուն այնպիսի հարցերով, ինչպիսին հայրենիքի դաւաճանութեան մէջ հանրային մեղադրանքն է, պատգամաւորը առնուազն պէտք է համապատասխան վարքագիծ դրսեւորէ եւ ոչ թէ յարձակողական ու հրահրող վարքագիծ:

Արծուիկ Մինասեան յստակացուց, որ խօսքը Ազգային ժողովի Իմ քայլը խմբակցութեան պատգամաւոր Սիսակ Գաբրիէլեանի եւ այլ պատգամաւորներու մասին է, որոնք 28 դեկտեմբեր 2020-ին նման վարքագիծ դրսեւորեցին:

Ըստ անոր, «ոստիկանութեան եւ պետական պաշտպանութեան ծառայութեան ղեկավարի ակնյայտ յանցագործութիւններ պարունակող վարքագիծը, ըստ էութեան, պատշաճ ընթացք չէ ստացած, որովհետեւ մեր բողոքներուն հիման վրայ թէ՛ քննչական մարմինները, թէ՛ դատախազութիւնը ցուցաբերած են անգործութիւն` ներկայացնելով, որ յանցագործութիւն չեն յայտնաբերած»:

Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, ասիկա ո՛չ միայն մասնագիտական, այլ նաեւ հանրային դատապարտելի վարքագիծ է: «Եթէ այսպիսի վարքագիծ չդրսեւորուէր դատախազութեան կողմէ, հետագային մենք բռնութեան նոր դէպքեր չէինք ունենար», շեշտեց ան:

Դատական նիստը յետաձգուեցաւ, որպէսզի դատարանը ծանօթանայ գործի նիւթերուն: Յաջորդ դատական նիստը տեղի պիտի ունենայ 29 ապրիլին:

«Մենք պիտի հասնինք մեր ուզած իրաւական պետութեան կերտման, ուր դաւաճանները եւ անոնց սպասարկողները տեղ չունին», շեշտեց  Արծուիկ Մինասեան:

 

 

Նախորդը

«Պիտի Չարտօնենք, Որ Իրաւական Հաշուեքննութիւնը Ձախողի Կամ Երկիրը Քանդուի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Փութին-Փաշինեան Հանդիպում` Մոսկուայի Մէջ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?