Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Յայտարարութիւնը

July 15, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կը դատապարտէ որոշ օտարերկրեայ դեսպաններու եւ դիւանագէտներու այցելութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Շուշի:

Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած քարոզչական այցելութեան միանալու դիւանագէտներու ցաւալի որոշումը ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ Շուշիի եւ ընդհանրապէս Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան նկատմամբ նոյն բռնատէր եւ յանցաւոր ազրպէյճանական վարչակարգին կողմէ իրականացուած զինուորական յանցագործութիւններու հաստատման ու օրինականացման դատապարտելի գործողութիւն է:

44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ զանգուածային աջակցութեամբ եւ սուրիացի վարձկան ահաբեկիչներու տեղակայմամբ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը միտումնաւոր կ՛ոչնչացնէին Շուշիի քաղաքային ենթակառոյցները եւ երկու անգամ ռմբակոծեցին քաղաքի գլխաւոր տաճարը: Թուրք-ազրպէյճանական առանցքին կողմէ շղթայազերծուած աղէտալի պատերազմին պատճառով Շուշի քաղաքի դարաւոր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով քաղաքին մէջ լիակատար ցեղային զտում գործադրուած է եւ քաղաքը ամբողջովին դատարկուած է հայ բնակչութենէն: Պատերազմի աւարտէն ետք Ազրպէյճանի նախագահը հրապարակաւ եւ հպարտօրէն յայտարարեց, որ իրենք «շուներու պէս դուրս շպրտած են հայ բնակչութիւնը»:

Անխօս, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու` Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններու այս ուղեւորութեան չմիանալը յստակ ուղերձ է, որ արցախեան տագնապը տակաւին լուծուած չէ: Իրականութեան մէջ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք հիմնական սկզբունքներէն երկուքը` ուժի չկիրարկումը եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ հաւասարութեան իրաւունքը, Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ պատերազմի ընթացքին բացայայտօրէն խախտուած են:

Ցաւալի է, որ Շուշի այցելած դիւանագէտները չնախընտրեցին հետեւիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու օրինակին: Ընդունելով հրաւէրը` անոնք դարձան Ազրպէյճանի բռնատէր վարչակարգին քարոզչական արշաւի մաս: Աւելի՛ն, ատով անոնք հարուած հասցուցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ջանքերուն` Արցախի տագնապի տեւական, խաղաղ եւ արդար լուծում որոնելու ուղղութեամբ: Բացի ատկէ, այդ դիւանագէտները ամբողջովին անտեսած են այն փաստը, որ Ազրպէյճանը կը շարունակէ ապօրինի կերպով պահել եւ խոշտանգել աւելի քան 200 հայ պատերազմական գերիներ` օգտագործելով զանոնք իբրեւ քաղաքական առեւտուրի գործիք, ինչ որ կը խախտէ 2020 թուականի նոյեմբերի զինադադարի եռակողմ յայտարարութիւնը: Անիկա ստորագրուած է Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ եւ կը նախատեսէ բոլոր գերիներու եւ պատերազմական գերիներու վերադարձ:

Աւելի՛ն, Ազրպէյճանը կը շարունակէ հրաժարիլ միջազգային կազմակերպութիւններու, օրինակ` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին, մուտքի արտօնութիւն տրամադրել Արցախի հայկական ճարտարապետական եւ կրօնական յուշարձաններ: Վերջին ամիսներուն ի յայտ եկած է այդ կրօնական յուշարձաններու պղծման եւ նոյնիսկ ամբողջական ոչնչացման փաստեր: Բացի ատկէ, 2021 թուականի մայիսէն ի վեր ազրպէյճանական բանակը ոտնձգութիւն իրականացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքին նկատմամբ` Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ եւ առեւանգած հայ զինուորներ:

Շատ ցաւալի է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս դիւանագիտութիւնը, մասնաւորաբար այն երկիրներուն մէջ, որոնք կը շեշտեն, թէ կարեւոր կը նկատեն մարդու իրաւունքները եւ բարոյագիտութիւնը, կը վերածուի բռնատիրական երկրի մը տուտուկին տակ պարելու տգեղ դրսեւորման: Երկիր մը, որ Եւրոպայի մէջ առաւել յայտնի է բարդ փտածութեան մեքանիզմներ ստեղծելով, ինչպիսիք են «ազրպէյճանական լուացքատունը» եւ բնիկ հայ բնակչութեան դէմ վարձու ահաբեկիչներու միջոցով պատերազմ սանձազերծելը: Իբրեւ եւրոպական քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւն, մենք կը կարծենք, որ դիւանագիտութիւնը աւելին է, քան այս, եւ որ դիւանագիտութեան հիմքերը պէտք է ըլլան արժանապատուութիւնն ու արդարութեան որոշակի զգացումը:

Մենք, անշուշտ, պիտի շարունակենք ատոր ուղղուած մեր աշխատանքը:

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

 

Նախորդը

Արցախի Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններ. «Կոչ Կ՛ուղղենք Արցախի Տարածքներու Ապաբռնագրաւման Քայլերու Ձեռնարկելու»

Յաջորդը

Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Թշնամիին Կրակոցէն Հայ Զինուոր Մը Զոհուեցաւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկրորդ Ճակատի Բռնկումը Եւ Անկէ Բխած Հետեւութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկրորդ Ճակատի Բռնկումը Եւ Անկէ Բխած Հետեւութիւնները

January 10, 2026
Քիւրտ Զինեալները Մերժեցին  Հեռանալ Հալէպէն
Գլխաւոր լուրեր

Քիւրտ Զինեալները Մերժեցին Հեռանալ Հալէպէն

January 10, 2026
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.