Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Թշնամիին Կրակոցէն Հայ Զինուոր Մը Զոհուեցաւ

July 15, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցին, որ երէկ` չորեքշաբթի, 14 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10:30-ի շուրջ դէպք մը արձանագրուեցաւ հայ-ազրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ: Ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, մարտական դիրքերու յառաջխաղացքի նպատակով փորձեցին, ճարտարագիտական սարքերու գործածութեամբ, ամրաշինական աշխատանքներ իրականացնել:

Հայկական կողմին` նշեալ աշխատանքները դադրեցնելու միտուած հակազդող գործողութիւններէն ետք ազրպէյճանցի զինուորները նշանառու կրակ բացին հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Ծաւալած փոխհրաձգութեան պատճառով մահացու հրազէնային հարուած ստացաւ եւ մահացաւ 1983-ի ծնունդ, պայմանագրային զինուոր, շարքային Սամուէլ Ալավերդեան: Ազրպէյճանական կողմը եւս կորուստներ ունի:

Դէպքին առիթով Հայաստանի Քննչական կոմիտէն քրէական գործ յարուցած է: Քննչական կոմիտէն տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «14 յուլիս 2021-ին` ժամը 10:30-ի սահմաններուն, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքին ուղղութեամբ թշնամիի անյայտ զինուորի մը կողմէ արձակած կրակոցին պատճառով ձախ ուսագօտիի շրջանին մէջ հրազէնային վնասուածք ստացած է պայմանագրային զինուոր Սամուէլ Գագիկի Ալավերդեանը: Հիւանդանոց տեղափոխուելու ճամբուն վրայ Ս. Ալավերդեանը մահացած է:

Դէպքին առիթով Հայաստանի Քննչական կոմիտէն զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան ութերորդ կայազօրային քննչական բաժինին մէջ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 2-րդ, 6-րդ եւ 13-րդ կէտերով յարուցուած է քրէական գործ:

Կը կատարուի նախաքննութիւն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Նախկին Արտաքին Գործոց Նախարարը Առաջարկած Է Մեկուսացնել Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի Եւ Ռուսիոյ Դեսպանները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.