Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Խորհուրդի Ժողովին

February 27, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

21-24 փետրուար 2019-ին, Թունուզի Սուսա քաղաքի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան (ԸԵՄՄ) խորհուրդի ժողովը, որուն ՀՅԴ Երիտասարդականը մասնակցեցաւ երկու ներկայացուցիչով` Անահիտ Յակոբեան (Ֆրանսա) եւ Եղիա Թաշճեան (Լիբանան): Համագումարին կը մասնակցէին աւելի քան 50 ընկերվարական, յառաջդիմական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններու երիտասարդական կազմակերպութիւններ` տարբեր երկիրներէ:

Ժողովի հիմնական նիւթերն էին բնապահպանական եւ ընկերային արդարութեան հարցերը: Մասնակիցները քննադատեցին մեծ պետութիւններու անտարբերութիւնը վերոնշեալ հարցերուն շուրջ: Բնապահպանութեան վերաբերեալ ժողովը կոչ ուղղեց աշխարհի երկիրներուն` ջանք գործադրել միացնելու իրենց ճիգերը` կանխելու համար բնապահպանական աղէտը:

Մասնակիցները նաեւ պահանջեցին, որ ընկերվարական կուսակցութիւնները բնապահպանութեան հարցը դիտեն իբրեւ  առաջնահերթութիւն, անիկա ներառելով իրենց քաղաքական եւ ընտրական ծրագիրներու մէջ եւ որդեգրեն կայուն զարգացման ծրագիրներ: Այդ պայքարի շրջագիծին մէջ է նաեւ ընկերային արդարութեան հաստատման հարցը, որուն չիրականացումը կը վնասէ աղքատ եւ բանուոր դասակարգերու շահերուն:

Խորհուրդի ժողովին, ի շարս այլ հարցերու, քննարկուեցաւ Վենեզուելայի տագնապը, որուն վերաբերեալ մասնակիցները կոչ ուղղեցին մեծ պետութիւններուն` միջամուխ չըլլալու երկրի ներքին հարցերուն, ինչպէս նաեւ շեշտեցին տագնապի խաղաղ լուծման եւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը:

Ժողովը գնահատեց կիներու իրաւունքներու ասպարէզին մէջ  արձանագրուած յառաջխաղացքը եւ յայտարարեց, որ ընկերվարութիւնը ամբողջական չէ առանց ժողովրդավարութեան:

Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան խորհուրդի ժողովը որդեգրեց բազմաթիւ բանաձեւեր, որոնք կապուած էին բնապահպանական հարցերուն, կիներու իրաւունքներուն եւ ընկերային արդարութեան:

Կարեւորութեամբ կը նշենք, որ ՀՅԴ Երիտասարդականի առաջարկած բանաձեւը, որ կը վերաբերէր «Հանքագործութիւնը եւ անոր  ազդեցութիւնը բնութեան վրայ» հարցին, միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ: Բանաձեւի մշակման գործին մասնակցեցան Պուլկարիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ընկերվարական կուսակցութիւններու երիտասարդական միութիւնները: Բանաձեւին ի նպաստ խօսք առին բազմաթիւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Խորհուրդի ժողովի շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները առանձին հանդիպումներ ունեցան Թունուզի, Պաղեստինի, Ուքրանիոյ, Լիբանանի, Իրաքի քրտական եւ այլ երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց ժամանակ կողմերը շեշտեցին համագործակցութեան կարեւորութեան եւ շարունակականութեան հարցը:

Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը Ընկերվար-միջազգայնականի երիտասարդական ուղեկից կազմակերպութիւնն է: ՀՅԴ Երիտասարդականը ԸԵՄՄ-ի լիիրաւ անդամ է:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

26 փետրուար 2019

Նախորդը

Չաւուշօղլու. «Ազրպէյճանի Ողբերգութիւնը Մեր Ողբերգութիւնն Է»

Յաջորդը

Հանդիպում Մոսկուայի Հայ Դատի Գրասենեակին Մէջ

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.