23 փետրուարին Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ պատասխանատու ընկերներու հանդիպումը` Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի եւ Ռուսիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ալպերթ Անդրեանի հետ:
Նախարարը բարձր գնահատեց Հայ դատի գրասենեակներու հայանպաստ եւ արցախանպաստ գործունէութիւնը աշխարհի յառաջատար երկիրներուն մէջ:
Նախարարին եւ ներկայացուցիչին հետ քննարկուեցան գրասենեակի եւ Արցախի ներկայացուցչութեան համագործակցութեան օրակարգն ու յառաջիկայ գործունէութեան միացեալ ծրագիրը:



