Newsletter

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Հետ

ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 2 մարտ 2019-ի երեկոյեան, ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի պատուիրակութիւնը, Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ: Հանդիպումին արծարծուեցան Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուող հարցեր: ՀՅԴ ներկայացուցիչները արծարծուած հարցերուն մասին վեհափառին փոխանցեցին կուսակցութեան տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները` յայտնելով...

Արհեստածին Տօն` Ապրիլ 24-էն Առաջ

Արհեստածին Տօն` Ապրիլ 24-էն Առաջ

Յաջորդ հինգշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին պիտի քննարկուի ապրիլ 23-ը` Սերժ Սարգսեանի հրաժարականի օրը, Քաղաքացիի օր հռչակելու նախաձեռնութիւնը: Ապրիլ 23-ը այլ խորհուրդ ունի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար: Արդէն 20 տարիէ աւելի ապրիլ 23-ին ՀՅԴ-ն Երեւանի մէջ  կը կազմակերպէ աւանդական դարձած ջահերով երթ` ոգեկոչելու 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան Սուրբ զոհերու յիշատակը: Բազմաթիւ  քաղաքացիներ` հիմնականին մէջ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ  սփիւռքահայեր, Ազատութեան հրապարակէն ջահերով եւ...

Նիկոլ Փաշինեան. «Արտաքին  Գործոց Նախարարութիւնը  Մեծ Դերակատարութիւն Ունի Հայաստանի Արտաքին  Քաղաքականութեան Հզօրացման Մէջ»

Նիկոլ Փաշինեան. «Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մեծ Դերակատարութիւն Ունի Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Հզօրացման Մէջ»

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է` Դիւանագէտի օրուան առիթով: Ըստ վարչապետի պաշտօնական կայքին, ուղերձին մէջ ըսուած է. «Յատկանշական է, որ մասնագիտական ձեր տօնը շաղկապուած է հայ ժողովուրդի պատմութեան ու հայոց պետականութեան կայացման շրջանի կարեւորագոյն այն իրադարձութեան հետ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան Եռագոյնը վեր բարձրացաւ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին առջեւ` իրականացնելով մեր ժողովուրդի դարաւոր Երազանքը, որն է` Հայաստանի տեղի ու դիրքի իրաւական եւ...

Տիւքան. «Ներդրումները Դժուար Թէ Ապահովուին,  Առանց Ելեկտրականութեան Մարզը Բարեկարգելու»

Տիւքան. «Ներդրումները Դժուար Թէ Ապահովուին, Առանց Ելեկտրականութեան Մարզը Բարեկարգելու»

«Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներու գործադրութեան հոլովոյթին հսկող ֆրանսացի յատուկ պատուիրակ, դեսպան  Փիեռ Տիւքան շաբաթավերջին այցելեց Լիբանան: Տիւքան այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի եւ վարչապետին խորհրդականները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումները գործադրելու նպատակով հարկ եղած ջանքերն ու քայլերը: Միւս կողմէ, Տիւքան ֆրանսական դեսպանատան մէջ տուած...

Պըրրի Ընտրուեցաւ Խորհրդարանական Արաբական  Համադաշնակցութեան Ընդհանուր Քարտուղար

Պըրրի Ընտրուեցաւ Խորհրդարանական Արաբական Համադաշնակցութեան Ընդհանուր Քարտուղար

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Յորդանան, ուր իր մասնակցութիւնը բերաւ Խորհրդարանական արաբական համադաշնակցութեան 29-րդ խորհրդաժողովին, որ կը կրէր «Երուսաղէմը` պաղեստինեան պետութեան յաւիտենական մայրաքաղաքը» խորագիրը: Ամմանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին ընթացքին Պըրրի ընտրուեցաւ Խորհրադարանական արաբական համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար: Խորհրդարանական արաբական համադաշնակցութեան նախագահ, Եգիպտոսի խորհրդարանի նախագահ Ալի Ապտել Ալ դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարելու որոշումը` շեշտելով, որ Երուսաղէմը...

Նահատակ Ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Շարադրական Մրցանք

Նահատակ Ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Շարադրական Մրցանք

Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին շաբաթ, 2 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը,  որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարանները: Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն եւ ըսաւ, որ սոյն մրցանքը կը կազմակերպուի ամէն տարի, Արցախեան ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակը վառ պահելու...

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի  Արի Եւ Արենուշ Խումբերու Վագր  Եւ Վագերաձի Խմբակները Այցելեցին «Ազդակ»

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Արի Եւ Արենուշ Խումբերու Վագր Եւ Վագերաձի Խմբակները Այցելեցին «Ազդակ»

Շաբաթ, 2 մարտ 2019-ին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի արի եւ արենուշ խումբերու Վագր եւ Վագերաձի խմբակները այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ընկերակցութեամբ իրենց առաջնորդին` Սէրուժ Գույումճեանին: Լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան խմբագրատան մէջ կատարուող զանազան աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք, անդրադարձաւ «Ազդակ»-ի տասը էջերու դիմագիծին, բովանդակութեան եւ պատրաստութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ բացատրեց «Ազդակ»-ի պաշտօնական կայքէջին, էփլիքէյշընին եւ թուայնացած 90-ամեայ արխիւին մասին: Անդրադարձ...

Բուն Բարեկենդանի Տօնի Առիթով  Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Կիրակնօրեայ Վարժարանին Աշակերտները

Բուն Բարեկենդանի Տօնի Առիթով Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Կիրակնօրեայ Վարժարանին Աշակերտները

Եկեղեցական տօնացոյցին համաձայն, Մեծ պահոց քառասնօրեակին կանխող կիրակին Բուն Բարեկենդանի կիրակին է, որ կրօնականին կողքին յատկանշական է իր ազգային աւանդութիւններով: Այս ծիրին մէջ, Անթիլիասի մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները` ծպտուած տարբեր կերպարներով, այցելութիւն կու տան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ու տօնը կը նշեն քրիստոնէական ու մշակութային ոլորտին մէջ: Այս տարի եւս, կիրակի, 3 մարտ 2019-ին, յաւարտ Բուն Բարեկենդանի Ս....

Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Ռումիէի  Բանտին Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Եկեղեցական Արարողութիւն

Ընտրուած Թաղական Խորհուրդներու Անուանացանկը

Կիրակի, 24 փետրուար 2019-ին, Լիբանանի Հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ թաղական խորհուրդներու ընտրութիւն կատարուեցաւ: Քառամեայ շրջանի համար հետեւեալ հայորդիները թաղական ընտրուեցան.- 1.- Ս. Նշան Մայր եկեղեցի, Պէյրութ 1.- Գէորգ Քոփարեան 2.- Օննիկ Մահտէսեան 3.- Նազարէթ Չէքէմեան 4.- Սարգիս Թորոսեան 5.- Ռազմիկ Յովսէփեան 6.- Սեպուհ Հաւաթեան 7.- Մարտիկ Շահինեան 8.- Սմբատ Ղազէլեան 9.- Ճորճ Պալթայեան 2.- Ս. Յակոբ եկեղեցի, Ժեհթաուի 1.-...

Միացեալ Յանձնախումբերուն Խորհրդարանի  Նիստերը Պիտի Գումարուին Չորեքշաբթի Օրերը

Միացեալ Յանձնախումբերուն Խորհրդարանի Նիստերը Պիտի Գումարուին Չորեքշաբթի Օրերը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախանցեալ օր նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին` ներկայութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխաններ Սամիր Ժսըրի, Մարուան Համատէի եւ Ալեն Աունի, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահերի եւ ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Մուսայի: Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ միացեալ յանձնախումբերուն խորհրդարանի նիստերը պիտի գումարուին չորեքշաբթի օրերը: Ֆըրզլի նկատել տուաւ...

Դեսպան Աթաբէկեան Պու Սաապի Հետ  Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան  Ամրապնդման Հեռանկարները

Դեսպան Աթաբէկեան Պու Սաապի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան Ամրապնդման Հեռանկարները

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը, որ շնորհաւորեց զինք` պաշտպանութեան նախարար նշանակուելուն առիթով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ վերջերս Լիբանանի եւ Հայաստանի բանակներուն միջեւ ստորագրուած պաշտպանութեան մարզի վերաբերող համաձայնագիրը գործադրելու քայլերը: Լասընի Հետ Նախարար Պու Սաապ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն...

«Զբօսաշրջական Մեր Ծրագիրով  Աշխարհը Պիտի Զարմացնենք»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Զբօսաշրջական Մեր Ծրագիրով Աշխարհը Պիտի Զարմացնենք» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի,  երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը` «Հոսփիթելիթի սըրվիսըզ»-ի կողմէ: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին մեկնարկը կատարուեցաւ «Հորեքա Լեպանոն» 26-րդ ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ «Պիել սիսայտ արենա»-ի մէջ, 2-5 ապրիլ 2019-ին: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր, Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան մարզի սենտիքաներու նախագահներ եւ Պէյրութի...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Յարգանքի Տուրք  Մատուցած Է Մարտ 1-ի  Դէպքերու Զոհերու Յիշատակին

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Յարգանքի Տուրք Մատուցած Է Մարտ 1-ի Դէպքերու Զոհերու Յիշատակին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 1 մարտ 2019-ի առաւօտեան ծաղիկներ դրած է Միասնիկեանի արձանին մօտ` յարգանքի տուրք մատուցելով Մարտ 1-ի դէպքերու զոհերու յիշատակին: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն: Նաեւ` Սումկայիթի Անմեղ Զոհերու Յիշատակին Նախագահ Արմէն Սարգսեան 28 փետրուար 2019-ին այցելած է Ծիծեռնակաբերդի բարձունք` ոգեկոչելու Սումկայիթի ողբերգական դէպքերու անմեղ զոհերուն յիշատակը: Հանրապետութեան նախագահը ծաղկեպսակ...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն.  Հաղորդագրութիւն

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն

Երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան հետեւեալ հաղորդագրութիւնը յղեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, մեկնելով նախապէս հրապարակած իր հաղորդագրութիւններէն, շրջանի բնակիչներն ու քաղաքացիները տեղեակ կը պահէ, թէ աղբերու ժամանակաւոր «կառատուն»-ը դատարկելու աշխատանքները, որոնք վերջերս գարշահոտեր պատճառած էին եւ նեղացուցած զանոնք, արդէն իսկ աւարտած են: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը այդ աշխատանքին համար Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդին կողմէ նշանակուած կապալառուէն իմացած է, թէ...

«Այս Հանգրուանին Բոլորէն Կը Պահանջուի  Զգաստ Ըլլալ` Նուազագոյն  Վնասներով Դուրս Գալու Համար»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Համազգայինը ՀՅ Դաշնակցութեան Նուէրն Է Հայութեան

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Հայաստանէն մեկնարկած Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակի հանդիսութիւնները պաշտօնապէս իրենց աւարտին հասան անցնող կիրակի, Պուրճ Համուտի մէջ կայացած եզրափակիչ տօնակատարութեամբ: Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութենէն 10 տարի ետք, 1928-ին հանրապետութեան հիմնադիր սերունդէն ներկայացուցիչներ հիմը դրին Համազգայինին` իր անկախութիւնը կորսնցուցած հայրենիքէն հեռու ափերու վրայ հայը հայ պահելու սրբազան նպատակով: Դաշնակցական հայեր էին Համօ Օհանջանեան, Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ...

Սրբոց Վարդանանց Տօնին Եւ Համանուն Եկեղեցւոյ  Անուանակոչութեան Արժանաւոր Նշում

Սրբոց Վարդանանց Տօնին Եւ Համանուն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Արժանաւոր Նշում

«Հայրենասիրութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքով Թարգմանել Եւ Հայ Քրիստոնէական Հաւատքը Հայրենասիրութեան Վերածել` Միմիայն Հայուն Տրուած Կարողութիւն Է» Նարեկ Արքեպիսկոպոս Պուրճ Համուտի Նորաշէն թաղամասի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած մեծաթիւ հաւատացեալները հինգշաբթի, 28 փետրուար 2019-ին եկած էին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի խօսքերով, 451 թուականը, մեր առօրեային եւ ներկային առնչելով, Սուրբ Վարդան Մամիկոնեանի անունը կրող այս ս. եկեղեցւոյ մէջ միասնաբար աղօթքով, ս....

Յիշատակի Ձեռնարկ` Ռոստոմի  Մահուան 100-ամեակին Նուիրուած.  «Ռոստոմ Իր Հոգին Միշտ Դրած Է  Գործին Մէջ Եւ Ոչ Թէ Անունը»  Ըսաւ Համբիկ Պիլալեան

Յիշատակի Ձեռնարկ` Ռոստոմի Մահուան 100-ամեակին Նուիրուած. «Ռոստոմ Իր Հոգին Միշտ Դրած Է Գործին Մէջ Եւ Ոչ Թէ Անունը» Ըսաւ Համբիկ Պիլալեան

Երէկ` ուրբաթ, 1 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայաշէնի ժողովրդային տան «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած` ՀՅԴ հիմնադիր երրորդութեան անդամներէն Ռոստոմի (Ստեփան Զօրեան) մահուան 100-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկը` պաշտօնական հիւրերու եւ մեծաթիւ հայորդիներու ներկայութեան: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվի Սէրայտարեան, որ ըսաւ, թէ Ռոստոմ իր կենդանութեան դարձած է յեղափոխական գործիչ, իսկ  մահէն ետք...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  Ցուցասրահի 10-ամեակին Ընդառաջ.  Հայրենի 48 Արուեստագէտներու  Ստեղծագործութիւններու  Հաւաքական Ցուցահանդէս

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահի 10-ամեակին Ընդառաջ. Հայրենի 48 Արուեստագէտներու Ստեղծագործութիւններու Հաւաքական Ցուցահանդէս

Ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, նախագահութեամբ Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան ամոլին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ գործակցութեամբ Հայ կերպարուեստի հիմնադրամին, երէկ` ուրբաթ, 1 մարտ 2019-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ հաւաքական ցուցահանդէսի բացում` մասնակցութեամբ հայրենի վաստակաւոր եւ մրցանակակիր 48 արուեստագէտներու: Անոնք հետեւեալներն էին. Խաչիկ Աբրահամեան, Սարգիս Աբրահամեան, Վոլոդիա Աբրահամեան, Ռուբէն Ատալեան, Արա Ալէքեան, Լեւոն Առաքելեան, Շուշան Առաքելեան,...

Խմբագրական.  Արտաշատ – Տիզպոնէն Մինչեւ Երեւան-Թեհրան Յարաբերութիւններ  (Վարդանանց Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Արտաշատ – Տիզպոնէն Մինչեւ Երեւան-Թեհրան Յարաբերութիւններ (Վարդանանց Օրուան Առիթով)

Վարդանանց պատերազմի խորհուրդները ընկալելու վերլուծականները դասական առումով կը կեդրոնանան հաւատքի կառչածութեան եւ ընդհանրապէս խնդիրի բարոյական ծալքերուն վրայ: Քաղաքական առումով` ինքնուրոյնութիւնն ու  համեմատական գերիշխանութիւնը պահպանելու: Աշխարհաքաղաքական դիտանկիւնէն` օրուան պայմաններու նկատառումով ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը փրկելու կամ պարսկական համահարթեցումը կասեցնելու փաստերուն վրայ: Քաղաքական վերլուծաբանութեան այժմէական փորձը հաւանաբար աւելորդ չնկատէ Պարսկաստան-Հայաստան դարաւոր յարաբերութիւններու, այսօրուան բառամթերքով` Թեհրան-Երեւան կապերու ռազմավարական նշանակութեան մասին անդրադարձ կատարելը: Վարդանանցը անշուշտ...

Վարչապետ Փաշինեան Պաշտօնական  Այցելութիւն Տուաւ Իրան.  Հայ-Իրանական Բարձր Մակարդակի  Բանակցութիւններ` Թեհրանի Մէջ

Վարչապետ Փաշինեան Պաշտօնական Այցելութիւն Տուաւ Իրան. Հայ-Իրանական Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ` Թեհրանի Մէջ

Թեհրանի «Սաատապատ» պալատին մէջ երէկ տեղի ունեցած է պաշտօնական այցելութեամբ Իրան հասած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, «Սաատապատ» պալատին մէջ, Հայաստանի վարչապետին դիմաւորած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին: Նեղ կազմով հանդիպումին յաջորդած են ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները: Նախագահ Հասան Ռուհանին շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի վարչապետին իր հրաւէրը ընդունելուն եւ Իրան այցելելուն համար: «Բարի գալուստ Իրան: Կը...

Page 253 of 256 1 … 252 253 254 … 256