Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 14 մարտին ընդունած են Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Դիտորդական յանձնաժողովի Հայաստանի համազեկուցողներ Եուլիա Լովոչքինան ու Անտրէյ Շիրցելը:
Նախագահին հետ կայացած հանդիպումին ան Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման իմաստով կարեւոր նկատած է ԵԽԽՎ-ի դիտորդական հոլովոյթը եւ ընդգծած, որ Հայաստան պատրաստ է կառոյցին հետ շարունակելու բաց ու անկեղծ երկխօսութիւնը:
Ա. Սարգսեան հաստատած է, որ Եւրոպական խորհուրդը Հայաստանի համար կարեւոր գործընկեր է` օրէնսդրական բարեփոխումներու իրականացման հոլովոյթներուն մէջ: Ան բարձր գնահատած է եւրոպական կառոյցներու կարեւոր ներդրումը Հայաստանի զարգացման եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման ճամբուն վրայ:
Միտքեր փոխանակուած են նաեւ խորհրդարանի դերին եւ գործառոյթներուն մասին, նշուած է, որ այժմ աւելի ընդարձակուած են անոր լիազօրութիւններն ու կարելիութիւնները:
Համազեկուցողները պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու իրենց ջանքերը` խորացնելու ԵԽԽՎ-ի համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ:
Մնացականեան Ներկայացուցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Վերաբերեալ Հայկական Կողմին Մօտեցումները
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան փոխանցումով, նախարար Զոհրապ Մնացականեան 14 մարտին ընդունած է ԵԽԽՎ-ի Դիտորդական յանձնաժողովի Հայաստանի համազեկուցողներ Եուլիա Լովոչքինան ու Անտրէյ Շիրցելը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարար Մնացականեան նշած է, որ Հայաստան շատ մեծ կարեւորութիւն կու տայ Եւրոպական խորհուրդին հետ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան` իբրեւ համախմբուած ջանքերու եւ առկայ փորձառութեան ու գիտելիքներու փոխանակման միջոցով Հայաստանի զարգացման օրակարգը խթանելու լրացուցիչ հարթակ:
Կազմակերպութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն առնչութեամբ նախարար Մնացականեան վերահաստատած է Հայաստանի լիակատար աջակցութիւնը` զանոնք դիմագրաւելու նպատակով ի գործ դրուած ջանքերուն:
Զրուցակիցներուն խնդրանքով անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին ներքաղաքական զարգացումներուն` նախարար Մնացականեան ընդգծած է, որ կառավարութիւնը յստակ գործողութիւններով ապացուցած է քաղաքական կամք` կեանքի կոչելու 2018-ի ապրիլ-մայիսին ժողովուրդին կողմէ ընձեռուած, ապա դեկտեմբերին կայացած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք վերահաստատուած կազմին նախաձեռնած բարեփոխումները: Իբրեւ կառավարութեան գերակայութիւն` նախարար Մնացականեան առանձնացուցած է տնտեսական յեղափոխութեան համար նպաստաւոր պայմաններու ապահովումը:
Նախարար Մնացականեան ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին շուրջ հայկական կողմին մօտեցումները եւ սկզբունքային դիրքորոշումը: Այս պարունակին մէջ կողմերը ընդգծած են խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորման եւ վտանգներու սահմանափակման մեքանիզմներու ներդրման կարեւորութիւնը:




