Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Տուած Պաշտօնական Այցելութեան Ընթացքին. «Վրաստանի Համար Կարեւոր Է, Որ Իր Տարածք Չտեղափոխուի Շրջանին Մէջ Առկայ Տագնապը» Ըսաւ Վրաստանի Նախագահը

March 14, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանի նախագահի պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ, երէկ  տեղի ունեցած է երկու երկիրներու նախագահներու գլխաւորած պատուիրակութիւններու հանդիպումը` ընդլայնուած կազմով:

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ողջունած է Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Հայաստան: Ան նշած է, որ երկու ժողովուրդներու պատմութիւնը այսօր համատեղուած է անոնց ունեցած ապագայի ներուժով:

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի  ընթացքին քննարկած են շրջանային տագնապներու խաղաղ լուծման վերաբերող հարցեր:

«Համակարծիք էինք, որ հիմնահարցերը եւ տագնապները նոյնական չեն, հետեւաբար նոյնական չեն նաեւ անոնց լուծման հիմքերը: Իմ անձնական համոզումով` լուծումները պէտք է փնտռել բացառապէս խաղաղ ճամբով` միջազգային իրաւունքի եւ օրէնքներու, իսկ Արցախի պարագային` ինքնորոշման իրաւունքի յարգանքի հիման վրայ», «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Երեւանի մէջ Վրաստանի նախագահին հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Արմէն Սարգսեան:

Արմէն Սարգսեան նշած է, որ Հայաստան միշտ շահագրգռուած է շրջանին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ համագործակցութեան մթնոլորտի ձեւաւորումով եւ պահպանումով:

Վրաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի համար շրջանին մէջ առկայ բոլոր տագնապներու լուծման միակ ուղին խաղաղ ճամբան է:

«Մենք կ՛ապրինք շրջանի մը մէջ, որուն համար վճռական է կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը, որոնք պարտադիր նախապայման են մեր երկու երկիրներու տնտեսութեան զարգացման ու տնտեսական համագործակցութեան խորացման համար: Բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կան մեր շրջանին մէջ, որոնց լուծման ուղին խաղաղ ճամբան է` հիմնուած միջազգային իրաւունքի օրէնքներուն վրայ: Այդ ամէնը պէտք է ըլլայ բանակցութիւններու շնորհիւ», ըսած է Զուրապիշվիլի:

Վրաստանի նախագահը նշած է, որ իրենց երկրին համար կարեւոր է Վրաստանի մէջ հայերու ու ազրպէյճանցիներու խաղաղ գոյակցումը:

«Վրաստանի համար կարեւոր է, որ Վրաստանի տարածք չտեղափոխուի շրջանին մէջ առկայ տագնապը: Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ Վրաստանի մէջ ապրող` Հայաստանի ու Ազրպէյճանի քաղաքացիները խաղաղ ըլլան ու համարկուած մեր երկրի մշակոյթին մէջ: Իբրեւ նախագահ` պարտաւոր եմ այնպէս ընել, որ անոնք լիարժէք մասնակից դառնան Վրաստանի տնտեսական ու մշակութային զարգացման», նշած է նախագահը:

Յարգանքի Տուրք` Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Վրաստանի նախագահը ծաղիկներ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ:

Սալոմէ Զուրապիշվիլին եղաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ ծանօթացաւ Ցեղասպանութեան մասին վկայող նիւթերուն. գրառում կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ:

Վրաստանի նախագահին կ՛ընկերակցէին Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան:

Նախորդը

Փաշինեան Հանդիպում Ունեցած Է ԵԱՀԿ Գործող Նախագահին Հետ

Յաջորդը

Ռէալ Մատրիտի Առաջին Փորձը` Զիտանի Վերադարձէն Ետք

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.