Newsletter

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Արցախի Պետական Նախարարը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արցախի Պետական Նախարարը

Երկուշաբթի, 18 մարտ 2019-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը: Պետական նախարարին կ՛ընկերակցէր Արցախի Շահումեան շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեանը: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) ներդրումային ծրագիրներու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Բենիամին Պչաքճեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան, Արցախի Հանրապետութեան...

Առաջին Հայկական Վարժարանը.  Ֆրանսական Կառավարութիւնը  Մեսրոպեանին Շնորհեց «Label CELF»

Առաջին Հայկական Վարժարանը. Ֆրանսական Կառավարութիւնը Մեսրոպեանին Շնորհեց «Label CELF»

18 մարտ 2019-ին եօթը տարուան համատեղ աշխատանքի իբրեւ արդիւնք` ֆրանսական պետութիւնը ներկայացնող Institut Français-ը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին  շնորհեց «Label CELF»-ը (Certification des Etablissements en Langue Française), որ հեղինակաւոր վկայագիրն է վարժարանին մէջ ֆրանսերէնի ուսուցման գերազանց որակին ու մակարդակին: «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ պատմական նշանակութեան հանդիսութեան մը ընթացքին «Label CELF»-ը Մեսրոպեան վարժարանին յանձնեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպան Պրիւնօ...

Ակնարկ. Նոր Զելանտայէն Անգարային Ուղղուած Եւ Ընկալուած Ուղերձները

Նոր Զելանտայի ահաբեկչական գործողութեան դրդապատճառներուն մասին կատարուող վերլուծականները կը կեդրոնանան ահաբեկչութիւն ընդդէմ ահաբեկչութեան ակնկալելի գործընթացի զարգացման վրայ: Այլ խօսքով` ծայրայեղականութեան դիմաց յառաջացող հակազդեցութեան նոյն  ոճի որդեգրման անհատական թէ քաղաքական մղումներուն վրայ: Համաշխարհային ներկայ հասարակարգի  դրուածքը բարդացուցած է իրավիճակը այն իմաստով, որ բնակչութիւններու շարժունակ  միտումները փոփոխութիւններու ենթարկած են ժողովրդագրական պատկերները: Աշխարհագրական միջավայրեր անվերջ կը ստանան ժողովրդագրական յարափոփոխ պատկերներ: Ժողովուրդներու տեղափոխութեան արդի...

Նոր Զելանտայի Հայ Դատի Յանձնախումբը  Կը Դատապարտէ Կատարուած Ահաբեկչութիւնը

Նոր Զելանտայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ Կատարուած Ահաբեկչութիւնը

ՀՅԴ Նոր Զելանտայի Հայ դատի յանձնախումբը կը դատապարտէ Քրայսթչըրչի մզկիթներուն վրայ տեղի ունեցած յարձակումները, որոնց պատճառով 49 մարդ սպաննուած էր: Նոր Զելանտայի Հայ դատի յանձնախումբը իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշէ. «Մենք կը դատապարտենք նաեւ զինուած մեղադրեալին կողմէ հայերէնին, ինչպէս նաեւ այլ քրիստոնեայ ազգութիւններու` վրացիներու, սերպերու, ռուսերու եւ աւստրիացիներու լեզուներուն անդրադառնալու փորձը` այդ լեզուներով նշումներ կատարելով իր զէնքին վրայ, որով...

Արցախի Հանրապետութեան Մշակոյթի,  Երիտասարդութեան Հարցերու Եւ Զբօսաշրջութեան  Նախարարը Աշխատանքային Այցելութիւն Կու Տայ Աթէնք

Արցախի Հանրապետութեան Մշակոյթի, Երիտասարդութեան Հարցերու Եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարը Աշխատանքային Այցելութիւն Կու Տայ Աթէնք

  Աշխատանքային այցելութեամբ Յունաստան կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան: Աթէնքի արուարձան Նէա Զմիռնիի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակին նուիրուած «Զանգակ» յուշարձանին մօտ յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք ան ունեցած է հանդիպում Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթաւրոս Ցուլաքիսի  հետ: Բարեկամական անկեղծ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քաղաքապետը` քաջատեղեակ ըլլալով Արցախի ժողովուրդին ու...

Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտ.  Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի  Եւ Արցախի Յանձնախումբը Կը Վերահաստատուի

Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտ. Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի Եւ Արցախի Յանձնախումբը Կը Վերահաստատուի

Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի գրասենեակը 14 մարտ թուակիր հաղորդագրութեամբ տեղեկացուց, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի Օրէնքներու յանձնախումբը վերահաստատեց Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի եւ արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբը: 2019-2020 տարեշրջանին Փորթանթինօ պիտի մնայ այս յանձնախումբին ատենապետը: Յիշեցնենք, որ յանձնախումբը 2017-ին կազմուած էր ծերակուտական Փորթանթինոյի առաջարկով` նպաստելու համար Հայաստանի եւ Արցախի հետ նահանգային առեւտրական, մշակութային եւ կրթական կապերու...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

Երէկ ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէն մտահոգ է այս օրերին Երեւանի քաղաքապետարանի կողմից իրականացուող գործողութիւնների կապակցութեամբ: Մենք կողմ ենք քաղաքի կեդրոնում կանաչ տարածքների վերականգնմանը, սակայն քաղաքային իշխանութիւնների թիրախաւորուած շտապողականութիւնը եւ շահեր ձեռք ձգելու բացայայտ ամբոխավարական քայլերը` կանաչ տարածքների վերականգնման քողի տակ, մեզ անհանգստացնում են: Գնահատելի կը լինէր, եթէ քաղաքային իշխանութիւնները նոյն ջանասիրութեամբ լծուէին մեր...

Պաքու Կը Դիմէ Միջազգային  Կազմակերպութիւններուն`  Հայաստանի Սահմանը Անցած  Իր Քաղաքացին Վերադարձնելու Համար

Պաքու Կը Դիմէ Միջազգային Կազմակերպութիւններուն` Հայաստանի Սահմանը Անցած Իր Քաղաքացին Վերադարձնելու Համար

Պաքու միջազգային կազմակերպութիւններու աջակցութիւնը կը խնդրէ Հայաստանի սահմանը անցած իր քաղաքացին հայրենիք վերադարձնելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ազրպէյճանի պատերազմական գերիներու, գաղթականներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով յանձնախումբը կը յայտարարէ, թէ Հայաստանի սահմանը անցած քաղաքացին կը տառապի հոգեկան հիւանդութենէ, արձանագրուած է Ղազախի հոգեբուժական շրջանային հիւանդանոցին մէջ եւ մոլորելու պատճառով յայտնուած է Հայաստանի Նոյեմբերեանի շրջանին մէջ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը...

Արցախի Պետական Նախարար  Գրիգորի Մարտիրոսեան Լիբանանի Մէջ

Արցախի Պետական Նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան Լիբանանի Մէջ

16 մարտ 2019-ին սկսաւ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի Լիբանան այցելութիւնը: Պետական նախարարին կ՛ընկերակցի Արցախի Շահումեան շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեան: Պետական նախարար Մարտիրոսեանի առաջին հանդիպումը եղաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան աշխատակազմին հետ: Հանդիպման ներկայ էր «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ» ներդրումային ծրագիրներու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Բենիամին Պչաքճեան: Հանդիպումներուն ներկայ էր նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ...

Հոգեհանգիստ Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ`  Երջանկայիշատակ  Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին Հոգւոյն

Հոգեհանգիստ Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ` Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին Հոգւոյն

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, կիրակի, 17 մարտ 2019-ին, յետ Ս. եւ անմահ պատարագին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքին` երջանկայիշատակ  Մեսրոպ արք. Մութաֆեանին հոգւոյն համար: Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ նաեւ կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, ինչպէս նաեւ կարդացուեցաւ վեհափառ հայրապետին ցաւակցագիրը: Միաժամանակ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ...

Ահաբեկչական Յարձակումին Առիթով.  Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է  Նոր Զելանտայի Կառավարիչ Փաթսի Ռետիին

Ահաբեկչական Յարձակումին Առիթով. Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Նոր Զելանտայի Կառավարիչ Փաթսի Ռետիին

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Նոր Զելանտայի կառավարիչ Փաթսի Ռետիին` Նոր Զելանտայի Քրայսթչըրչ քաղաքի մզկիթներուն մէջ  տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին առիթով, որ բազմաթիւ  զոհեր խլած է: «Դատապարտելով ահաբեկչութեան որեւէ դրսեւորում` այս ծանր պահուն կը կիսեմ ձեր եւ Նոր Զելանտայի ժողովուրդին վիշտը: Անկեղծ վշտակցութիւնս կը յայտնեմ զոհերու հարազատներուն` մաղթելով տոկունութիւն եւ ոգիի արիութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում», նշուած...

Նախագահ Սարգսեան Եւ Համաշխարհային  Դրամատան Փոխնախագահը Կարեւոր Նկատած Են  «Երկրի Գործընկերութեան Շրջանակ»  Ռազմավարական Փաստաթուղթը

Նախագահ Սարգսեան Եւ Համաշխարհային Դրամատան Փոխնախագահը Կարեւոր Նկատած Են «Երկրի Գործընկերութեան Շրջանակ» Ռազմավարական Փաստաթուղթը

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունած է Համաշխարհային դրամատան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ շրջանի փոխնախագահ Սիրիլ Միւլլերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն: Նշելով, որ Համաշխարհային դրամատունն ու Հայաստանը ունին գործընկերութեան հարուստ պատմութիւն` Համաշխարհային դրամատան փոխնախագահ Միւլլեր յիշած է Արմէն Սարգսեանին հետ իրենց հանդիպումը դեռ 1996-ին: Այդ ժամանակ ինքն էր, որ Հայաստանի...

Աշոտ Ղուլեան Ներկայացուցած Է Հոլանտա  Եւ Պելճիքա Կատարած  Այցելութիւններուն Արդիւնքները

Աշոտ Ղուլեան Ներկայացուցած Է Հոլանտա Եւ Պելճիքա Կատարած Այցելութիւններուն Արդիւնքները

15 մարտին տեղի ունեցած է Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի մամլոյ ասուլիսը` Հոլանտա եւ Պելճիքա կատարած այցելութեան եւ ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքներուն մասին: Այս լուրը հաղորդած է Արցախի Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինը: Խորհրդարանի նախագահը առանձնացուցած է այցելութեան հիմնական ուղղութիւնները` Հոլանտայի մէջ Ներկայացուցիչներու տան խումբ մը երեսփոխաններու հետ հանդիպում, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած «Հայատեացութիւն. պատմական եւ արդի դրսեւորումները»...

Մնացականեան. «Արցախին` Բանակցութիւններու  Սեղան Վերադարձը Չի Կրնար Զանոնք Փակուղի Տանիլ»

Մնացականեան. «Արցախին` Բանակցութիւններու Սեղան Վերադարձը Չի Կրնար Զանոնք Փակուղի Տանիլ»

15 մարտին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան` անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, թէ բանակցային ձեւաչափի փոփոխութիւնը անընդունելի է` ըսած է. «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւններու սեղան Արցախի Հանրապետութեան վերադարձը չի կրնար զայն փակուղի մտցնել»: «Մենք պիտի չընենք բան մը, որ փակուղի կը տանի, որովհետեւ մենք կը մնանք տագնապի խաղաղ...

Աշխատանքային Քննարկում  Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Հետ

Աշխատանքային Քննարկում Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Հետ

ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի արտաքին քաղաքականութեան, սփիւռքի եւ հայրենադարձութեան հարցերու ոլորտային յանձնախումբը նախանցեալ օր կազմակերպած էր հանդիպում-քննարկում ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի եւ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էվինեանի  հետ: Հեղինէ Էվինեան հանդիպումի ընթացքին ներկաներուն ծանօթացուց ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի գործունէութիւնը` Եւրոպայի մէջ  հայկական շահերու պաշտպանութեան, հայկական կազմակերպութիւններու կողմէ իրականացուող հանրային...

Լիբանան Կը Դատապարտէ  Նոր Զելանտայի Ահաբեկչական Արարքը

Լիբանան Կը Դատապարտէ Նոր Զելանտայի Ահաբեկչական Արարքը

Լիբանանի իշխանութեան պետեր, հոգեւոր պետեր, ինչպէս նաեւ քաղաքական պաշտօնատարներ ու կուսակցութիւններ երէկ խստիւ դատապարտեցին Նոր Զելանտայի մզկիթներուն դէմ գործուած ահաբեկչական արարքը, որ պատճառեց 49 զոհ եւ վիրաւորեց 20 ուրիշներ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Նոր Զելանտայի վարչապետին` դատապարտելով մզկիթներուն մէջ աղօթող քաղաքայիններուն դէմ գործուած ահաբեկչական գործողութեան դէմ: Նախագահ Աուն ցաւակցութիւն յայտնեց ինկած զոհերու ընտանիքներուն: Խորհրդարանի...

Նախարար Կիտանեան Չինաստանի  Դեսպանին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի  Գործակցութեան Աշխուժացման Հեռանկարները

Նախարար Կիտանեան Չինաստանի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան Աշխուժացման Հեռանկարները

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանը, որ շնորհաւորեց նախարարը` իր պաշտօնը վերստանձնելուն առիթով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ լիբանանեան-չինական գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները: Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ, որ նախարար Ա. Կիտանեան լիբանանեան յատուկ պատուիրակութեամբ մը այցելէ Չինաստան` հանդիպում մը ունենալու չինական զբօսաշրջական մարզի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Զբօսաշրջական աշխուժացման խորհուրդին հետ:...

«Ամերիկեան Ուժերու Սուրիայէն Հեռացման  Ժամանակացոյց Մը Գոյութիւն Չունի»  Կ՛ըսէ Ճեֆրի

«Ամերիկեան Ուժերու Սուրիայէն Հեռացման Ժամանակացոյց Մը Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Ճեֆրի

Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի յայտնեց. «Ամերիկեան ուժերուն Սուրիայէն հեռացման ժամանակացոյց մը գոյութիւն չունի»: «Կը կարծենք, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի 15-էն 20 հազար հետեւորդներ կան, որոնցմէ շատերը` թաքնուած բջիջներու մէջ», նշեց ան:

Նոր Զելանտայի Մէջ Երկու  Մզկիթներու Դէմ  Կատարուած Յարձակում Մը  Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր

Նոր Զելանտայի Մէջ Երկու Մզկիթներու Դէմ Կատարուած Յարձակում Մը Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր

Նոր Զելանտայի Քրայսթչըրչ քաղաքին մէջ երկու մզկիթներու դէմ կատարուած զինեալ յարձակում մը պատճառեց 49 զոհեր: Առաջին մզկիթը կը գտնուէր Քրայսթչըրչի կեդրոնական թաղամասին մէջ, իսկ երկրորդը` քաղաքի արուարձաններէն Լինվուտի մէջ: Նոր Զելանտայի վարչապետ Ճասինտա Արտըն յարձակումը նկատեց «ահաբեկչական»` աւելցնելով. «Ասիկա Նոր Զելանտայի մէջ ամէնէն սեւ օրերէն մէկն է... յստակ է, թէ այն, ինչ որ պատահեցաւ, արտասովոր բռնարարք մըն է եւ իր...

Իսրայէլեան Օդուժը  Ռմբակոծեց Կազան

Իսրայէլեան Օդուժը Ռմբակոծեց Կազան

Իսրայէլեան օդուժը երէկ արշալոյսին իրերայաջորդ յարձակումներ գործեց Կազայի մէջ Համաս եւ  Իսլամական Ժիհատ շարժումներու դիրքերուն դէմ: Իսրայէլեան բանակը հինգշաբթի գիշեր հաղորդած էր, թէ Կազայի հիւսիսային բաժինէն արձակուած երկու հրթիռներ ինկած են Թել Աւիւի Ղոշ Տան շրջանին մէջ: Իսրայէլեան բանակը հրթիռարձակման համար պատասխանատու նկատած էր Համաս շարժումը: Ռաֆահի մէջ իսրայէլեան օդուժը հարուածեց տուն մը, ուր վիրաւորուեցաւ պաղեստինցի մը եւ իր կինը:...

Page 248 of 256 1 … 247 248 249 … 256