Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ – Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութիւն Հանդիպում

Ապրիլ 19, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Յ. Բագրատունի. «Առաջնահերթութեանց Առաջնահերթութիւնը Քաղաքացիին Ընկերային Ապահովութիւնն Է»
Ապուլ Հըսըն. «ՀՅԴ-ի Հետ Եղբայրական Կապեր Գոյութիւն Ունին Եւ Խորհրդակցութիւնները` Այս Փուլին, Աւելի Մեծ Կարեւորութիւն Կը Ստանան»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Րաֆֆի Աշգարեան,  Յակոբ Հաւաթեան եւ Էլի Թաշճեան, երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին  երեսփոխան Հատի Ապուլ Հըսըն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր, կուսակցութեան կեդրոնական խորհուրդի անդամներ Մոհամետ Պասպուս եւ Ուալիտ Սֆէյր, ինչպէս նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի խորհրդատու Հուսամ Արապ:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին երեսփոխան Յ. Բագրատունի ողջունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատուիրակութիւնը` աւելցնելով, որ հանդիպումին ընթացքին վերյիշած են երկու կուսակցութիւններուն միջեւ պատմական յարաբերութիւնները, որոնք տասնեակ տարիներու յարաբերութիւններ են եւ հիմնական երեք յատկանիշներէ կը բաղկանան` պատմական եւ բարեկամական յարաբերութիւններ, քաղաքական յարաբերութիւններ եւ գաղափարախօսական յարաբերութիւններ:

«Այս առումով կը շեշտենք երկու կուսակցութիւններուն միջեւ գաղափարախօսական յարաբերութիւնը, որովհետեւ քաղաքական պայմանները կամ ընտրական շահերը տեղ մը կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ, սակայն գաղափարախօսական յարաբերութիւնը հիմնուած կը մնայ անփոփոխ սկզբունքներու վրայ», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետ քննարկած է երկրին ներկան յուզող հարցերը, յատկապէս տնտեսական տագնապալի կացութիւնը, պետական ամավարկը, ինչպէս նաեւ այն միջոցները, որոնց մասին բոլորս, ինչպէս նաեւ կառավարութիւնը կը մտածենք որդեգրել`

լուծելու համար Լիբանանի տնտեսական տագնապը, որ երկիրը հասցուցած է անդունդի սեմին: «Բայց եւ այնպէս որոշումներ տալու պարագային պէտք է բոլորս զգուշ ըլլանք յատկապէս այնպիսի որոշումներէ, որոնք կը վերաբերին տուրքերու, քաղաքացիին ապրուստին եւ անոր ստացած իրաւունքներուն», աւելցուց ան:

Յ. Բագրատունի նկատել տուաւ, որ բոլորը կը զօրակցին որեւէ քայլի, որ կը միտի պայքարիլ փտածութեան եւ մսխումի դէմ: «Երկրին մէջ կան առաջնահերթութիւններ, սակայն առաջնահերթութեանց առաջնահերթութիւնը քաղաքացիին ընկերային ապահովութիւնն է, մասնաւորաբար` համեստ եւ միջին դասակարգերունը: Բոլորս պէտք է գտնենք այս տագնապէն ելքի ճամբան: Այս իմաստով ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը նոյն դիրքին վրայ կը գտնուին: Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը ներկայացուցած է տնտեսական ծրագիր մը, որ պիտի սերտենք ու հաւանաբար 90 կամ 95 առ հարիւրով համաձայն պիտի ըլլանք անոր, որովհետեւ նոյն գաղափարախօսութիւնը կը բաժնենք, եւ անիկա կրնայ մեզի հասցնել այս ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու», ընդգծեց ան:

Իր կարգին, Ապուլ Հըսըն յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի հետ եղբայրական կապեր գոյութիւն ունին, եւ այս փուլին խորհրդակցութիւնները աւելի մեծ կարեւորութիւն կը ստանան` նկատի ունենալով այն վայրը, ուր կը կայանան, ժամանակաշրջանն ու բովանդակութիւնը:

«Վայրը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կեդրոնն է` լիբանանեան առումով անոր ներկայացուցած պայքարի պատմութեամբ, ինչպէս նաեւ կարգ մը հարցերուն ուղղութեամբ ՀՅԴ-ի տեսակէտով, յատկապէս` ընկերային եւ տնտեսական հարցերուն մասին ՀՅԴ-ի կեցուածքներով, որոնց մասին երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց` անդրադառնալով քաղաքական երկու ուժերուն միջեւ գաղափարախօսական հայեացքին», ըսաւ ան:

Ապուլ Հըսըն նշեց, որ այս խորհրդակցութիւններուն կարեւորութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ անոնք կը կատարուին պետական ամավարկի քննարկումի ու վաւերացումի նախօրեակին: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ներկայացուցինք մեր մշակած տնտեսական ծրագիրն ու որդեգրած սեղմումներու առաջարկները, որոնք յայտարարուեցան 15 նոյեմբեր 2018-ին: «Եթէ մեր կանխատեսումները նկատի առնուէին` երկիրը կրնար այս վիճակին չհասնիլ, սակայն այսօր արդէն կը գտնուինք բաւական զգայուն վիճակի մէջ` տնտեսական եւ ընկերային առումով: Այս առիթով կը հաստատենք, որ կառչած կը մնանք քաղաքացիին ապրուստի կրճատումը եւ աշխատաւորական ու համեստ դասակարգերուն աշխատավարձերու սեղմումը մերժելու կեցուածքին: Այս ծրագիրը մենք յանձնեցինք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, որուն հետ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակենք», շեշտեց Ապուլ Հըսըն:

Ապուլ Հըսըն անդրադարձաւ նաեւ ելեկտրականութեան ծրագիրին եւ պետական անձնաւորութիւններուն պարագային դրամատնային գաղտնապահութիւնը բեկանելու օրինագիծին մասին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կեցուածքներուն:

Նախորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Կառավարութեան Ապրիլ 24-ը Յայտարարելու Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Ոգեկոչման Լիբանանեան Ազգային Օր

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը «Թուիթըր»-ի Վրայ Հակահայ Էջ Ստեղծած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?