Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փորթուգալ Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

April 30, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փորթուգալի խորհրդարանը 26 ապրիլ 2019-ին որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, որուն մէջ նշուած է. «Ապրիլ 24-ին միջազգայնօրէն կը նշուի հայ բնակչութեան դէմ կատարուած ջարդերու սկիզբը. այդ օր օսմանեան իշխանութիւնները Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ձերբակալեցին եւ մահապատիժի ենթարկեցին 250 հայ մտաւորականներ ու համայնքային ղեկավարներ` համաձայն «Երիտասարդ թուրքեր»-ու կառավարութեան հրամաններու:

«Համաշխարհային Ա. պատերազմին եւ զայն յաջորդած տարիներուն ընթացքին, ցեղասպանութեան պատճառով զոհուած հայերուն թիւը կը գնահատուի 800.000-1,5 միլիոն: Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ իրենց տարածքին մէջ բնակող հայ փոքրամասնութեան դէմ գործուած համակարգուած ոչնչացումը պատմաբաններու միջազգային հանրութիւնը կը նկատէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն: Կոտորածներ, հարկադիր աշխատանքներ, հարկադիր տեղահանութիւն եւ մահուան կարաւաններ դէպի սուրիական անապատ, ուր կիները, երեխաները, տարեցները եւ վատառողջները ենթարկուեցան բռնութիւններու եւ ջարդերու, նշուեցան մարդկութեան պատմութեան մութ էջին վրայ: Դաժանութիւններէն մազապուրծ հազարաւորներ ենթարկուեցան դաւանափոխութեան, վաճառուեցան ստրկութեան, իսկ անոնք, որոնք կրցան փախչիլ, ձեւաւորեցին աշխարհասփիւռ հայութեան համայնքները:

«Այլ ազգային եւ քրիստոնեայ խումբերը, ինչպէս` ասորիները եւ օսմանեան յոյները, նոյնպէս հալածուեցան օսմանեան կառավարութեան կողմէ, եւ անոնց դէմ այդպիսի վերաբերմունքը շարք մը պատմաբաններու կողմէ կը նկատուի նոյն ցեղասպան քաղաքականութեան մաս:

Ցեղասպանութեան հիմնական կազմակերպիչները Օսմանեան ռազմական դատարանին կողմէ (1919-1920) դատապարտուեցան մահապատիժի կամ ազատազրկման` կատարուած յանցագործութիւններուն համար, սակայն դատարանին վճիռները երբեք չգործադրուեցան:

«Այս յիշատակի տուրքը դաս է մեր ժամանակներուն համար, որովհետեւ համաշխարհային տարողութեան հասնող ազգայնականութեան, այլատեացութեան եւ անհանդուրժողականութեան մակարդակի առկայութեան պարագային` հիմնորոշ է յիշել անցեալի անդունդները:

«Նաեւ յիշատակի մշակոյթին միջոցով է, որ հանրապետութեան խորհրդարանը կը վերահաստատէ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան իր յանձնառութիւնը եւ կ՛ընդգծէ ժողովուրդներու,  մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:

«Այսպիսով, հանրապետութեան խորհրդարանը լիագումար նիստի ընթացքին իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն` պահպանելով յիշողութիւնը իբրեւ ժողովուրդներու հաշտեցման եւ մարդկութեան հիմնարար արժէքներու պաշտպանութեան կարեւոր տարր»:

Թուրքիա Կը Քննադատէ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ օր ետք հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը քննադատէ Փորթուգալի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած բանաձեւը:

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կը նշուի. «Մենք կը քննադատենք Փորթուգալի խորհրդարանի 1915 թուականի դէպքերուն վերաբերեալ 26 ապրիլ 2019-ին տուած որոշումը: Պատմութիւնը սեւցնող, միջազգային իրաւունքն ու եւրոպական իրաւունքը չյարգող նմանատիպ մօտեցումները երբեք չեն կրնար ընդունուիլ»:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Թուրքիան Փորթուգալէն կ՛ակնկալէ ներքաղաքական շարժառիթներով իրականութիւնը խեղաթիւրելու փոխարէն յարգանք ցուցաբերել պատմական փաստերու, արխիւային ապացոյցներու նկատմամբ:

 

Նախորդը

Պելճիքայի Հայ Դատի Գրասենեակը Պելճիքայի Խորհրդարանի` Ժխտողականութիւնը Արտօնող Որոշումը Կը Նկատէ Անընդունելի

Յաջորդը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Ռուսիոյ Վարչապետ Մետվետեւը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.