Եւրոպական խորհրդարանի «Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական գործընկերութեան յանձնախումբ»-ի պատուիրակութեան ղեկավար Սաճատ Քարիմ յայտարարութիւն հրապարակած էր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն առնչութեամբ` մտահոգութիւն յայտնելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ իր աջակիցներուն ուղղուած կոչին գծով` մայիս 20-ին հայաստանեան բոլոր դատարաններուն ելումուտը փակելու:
«Մեր մտահոգութիւնը կը յայտնենք նաեւ պարտադիր եւ ընդհանուր «վեթինկ»-ի գաղափարին առնչութեամբ, որ պէտք է վերաբերի անխտիր բոլոր դատաւորներուն: Մենք կը հասկնանք, որ դատաւորներուն քաղաքականացումը էական կարեւորութիւն ունեցող հարց է Հայաստանի մէջ, եւ մենք կ’ապաւինինք իշխանութիւններուն ձեռնհասութեան, միջազգային գործընկերներու աջակցութեամբ ընդունելու եւ իրականացնելու կառուցուածքային անհրաժեշտ բարեփոխումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք պիտի երաշխաւորուի դատական իշխանութեան թափանցիկութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը` զերծ կողմնակի միջամտութիւններէ եւ վերագտած հաւատքը քաղաքացիներուն մօտ, ինչ որ նախապայման է օրէնքի իշխանութեան համար»:
Յայտարարութեան մէջ պետական բոլոր պաշտօնեաներուն խորհուրդ կը տրուի ցուցաբերելու իմաստութիւն եւ զսպուածութիւն, գործելու բացառապէս Սահմանադրութեամբ, իրենց լիազօրութիւններու ծիրին մէջ եւ հաւատարիմ մնալու իշխանութեան օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու բաժանման պարզ եւ անվիճարկելի սկզբունքին»: