Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրային Խորհուրդ. «Նման Գործելաոճ Չի Բխիր Իրաւական Պետութիւն Կառուցելու Եւ Խնդիրները Բացառապէս Օրէնքով Լուծելու Սկզբունքներէն»

Մայիս 22, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրային խորհուրդը մայիս 20-ին գումարած է արտակարգ նիստ` քննարկելու Հայաստանի դատական համակարգին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հանրային խորհուրդի մամլոյ ծառայութիւնը:

Խորհուրդի անդամները նախ անդրադարձած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` հանրապետութեան բոլոր դատարաններու ելքերն ու մուտքերը փակելու կոչին:

Արտայայտուած են տարբեր կարծիքներ ու դիրքորոշումներ, սակայն շատեր լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են այդ երեւոյթին վերաբերեալ` նշելով, որ նման գործելաոճ չի բխիր իրաւական պետութիւն կառուցելու եւ խնդիրները բացառապէս օրէնքի ծիրին մէջ լուծելու սկզբունքներէն:

Հանրային խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեան` իր կարծիքը յայտնելով Փաշինեանի կոչին, ինչպէս նաեւ անոր ելոյթին մասին, ըսած է. «Ստեղծուած իրավիճակը կրնայ շատ վտանգաւոր ըլլալ մեր երկրին համար: Դատական համակարգը ամբողջ աշխարհին մէջ կը ծառայէ օրէնքին, անիկա պէտք է անկախ ըլլայ` թէ՛ գործադիր իշխանութենէն, թէ՛ օրէնսդիր իշխանութենէն, եւ թէ՛ ժողովուրդի մեծ կամ փոքր հատուածներու ճնշումներէն` առաջնորդուելով միայն օրէնքով: Որոշումներու նկատմամբ անհամաձայնութեան պարագային կան բողոքարկման մեքանիզմներ, եւ ժողովուրդը չի կրնար թելադրել, թէ դատարանը ի՛նչ որոշումներ պիտի տայ: Այո՛, դատական համակարգը մեր մօտ մտահոգիչ է, բայց ատիկա իտէալական չէ նաեւ ամբողջ աշխարհին մէջ, եւ բարեփոխումներ ի հարկէ պէտք են: Այս առումով Բարձրագոյն դատական խորհուրդը ունի իրաւական լայն լիազօրութիւններ, եւ առանց վեթթինկի կամ անցումային արդարադատութեան իրականացման այդ խնդիրները կարելի է լուծել»:

Հանրային խորհուրդի նախագահը` արտայայտելով իր տեսակէտը անցումային արդարադատութեան վերաբերեալ, նաեւ նշած է, որ ատոր կայացման համար Հայաստանի մէջ չկան համապատասխան նախադրեալներ, եւ նման բան աւելի շատ բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ Հայաստանի միջազգային վարկանիշին վրայ:

Վազգէն Մանուկեան մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ վարչապետին ելոյթին մէջ հնչած` Արցախ-Հայաստան փոխյարաբերութիւններու, «դաւադիր պատերազմ հրահրելու», «որոշ տարածքներ յանձնելու եւ տեղի ունեցածին պատասխանատուութիւնը Հայաստանի կառավարութեան վրայ դնելու» յայտարարութիւններուն վերաբերեալ:

Ան վտանգաւոր ու վնասակար նկատած է նաեւ 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրելու նպատակով Ազգային ժողովի քննիչ յանձնախումբ ստեղծելու մտադրութիւնը:

Հանրային խորհուրդը քննարկում ծաւալած է դատական բարեփոխումներու հոլովոյթի իրաւական լուծումներուն շուրջ: Խորհուրդի պետաիրաւական հարցերու յանձնախումբի նախագահ Կարէն Զադոյեան այս հարցերուն, յատկապէս  անցումային արդարադատութեան եւ վեթթինկի վերաբերեալ ծաւալուն տեղեկատուութիւն տուած է, անկէ ետք խորհուրդի տարբեր անդամներ արտայայտած են իրենց տեսակէտները:

Ամփոփելով քննարկումը` Հանրային խորհուրդը որոշած է ամենայն ուշադրութեամբ հետեւիլ Հայաստանի կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի նախաձեռնած դատական բարեփոխումներու գործընթացին եւ Հանրային խորհուրդի հարթակը օգտագործել մասնագիտական, փորձագիտական քննարկումներու կազմակերպման եւ այդ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք կառավարութեան դիրքորոշում եւ առաջարկներ ներկայացնելու նպատակով:

 

 

Նախորդը

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգութիւն Յայտնած Է Փաշինեանին` Դատարաններու Մուտքերը Փակելու Կոչին Առնչութեամբ

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 13, 2025
Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?