Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Մնացականեանը` Արցախի Ոստիկանապետ

June 12, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 11 յունիսին հաստատած է կառավարութեան որոշումը, որուն համաձայն Լեւոն Մնացականեան հեռացուած է արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնէն` այլ աշխատանքի անցնելու պատճառով:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` նոյն օրը նախագահը հաստատած է կառավարութեան այլ որոշում մը, որուն համաձայն, Վլատիկ Խաչատրեան նշանակուած է արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն` հեռացուելով  ծառայութեան տնօրէնի տեղակալի պաշտօնէն:

Երկրին ղեկավարը ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն, Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետ Իգոր Գրիգորեան հեռացուած է պաշտօնէն` այլ աշխատանքի անցնելուն պատճառով:

Նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր Լեւոն Մնացականեանը Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանապետ նշանակելու մասին:

Բակօ Սահակեանի նոյն օրը ստորագրած այլ հրամանագիրով մը` Իգոր Գրիգորեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական-Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ:

Նախագահ Սահակեան 11 յունիսին այցելած է Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութիւն եւ անձնակազմին ներկայացուցած է նոր նշանակուած ոստիկանապետ Լեւոն Մնացականեանը` անոր մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք:

Երկրի ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է Իգոր Գրիգորեանին` անոր գործունէութեան համար:

Նոյն օրը, նախագահը այցելած է Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւն եւ անձնակազմին ներկայացուցած ծառայութեան նոր նշանակուած տնօրէն Վլատիկ Խաչատրեանը` անոր մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք:

Վիթալի Բալասանեան Ազատ Կացուցուած Է Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարի Պաշտօնէն

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի ստորագրած հրամանագիրով` Վիթալի Բալասանեան ազատ կացուցուած է Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն: «Արմէնփրես»-ին այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութենէն:

 

 

 

 

Նախորդը

«Կը Կարծեմ` Ս. Փեթերսպուրկի Եւ Վիեննայի Համաձայնութիւնները Աշխուժօրէն Կը Քննարկուին Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Լուծման Հոլովոյթին Մէջ» Կ՛ըսէ Հայաստանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Անճէյ Քասփրչիքը

RelatedPosts

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական  Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ

October 1, 2026
ԵԽԽՎ-ի Մէջ.  Լէյ Հայաստանի Իշխանութիւնները Մեղադրեց Կրօնական Ինքնավարութեան Դէմ  Ոտնձգութիւն Կատարելու Մէջ
Հայկական

ԵԽԽՎ-ի Մէջ. Լէյ Հայաստանի Իշխանութիւնները Մեղադրեց Կրօնական Ինքնավարութեան Դէմ Ոտնձգութիւն Կատարելու Մէջ

October 1, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.