Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համահայկական Խաղերու Ջահը Վառած Է Մուսա Լերան Գագաթին

June 13, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համահայկական խաղերու պատուիրակութիւնը յատուկ առաքելութեամբ հասած է Կիլիկիա:

Մուսա լերան ստորոտը` Վագըֆ գիւղի Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Պոլսոյ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ հայր Թաթուլ Անուշեանի ձեռամբ նախ մատուցուած է պատարագ` Համահայկական խաղերու յաջող մեկնարկին ու ընթացքին համար: Ապա, եկեղեցւոյ մոմերէն Համահայկական խաղերուն ջահը վառելու պատիւը վերապահուած է խաղերու հիմնադիրներէն ամերիկահայ բարերար Ալպեր Պոյաճեանին: Այս մասին կը հաղորդէ Համահայկական խաղերու կազմակերպիչ կոմիտէն:

ՀԽՀԿ փոխնախագահ Ռոլանտ Շառոյեանի կարծիքով` այս արարողութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ հայ ժողովուրդը, աշխարհի ո՛ր ծայրն ալ ըլլայ, իր հաւաքական միտքը ուղղուած պիտի ըլլայ հայրենիքը միասնութեան միջոցով պահելուն, պահպանելուն ու զարգացնելուն:

«Կեանքը ցոյց տուած է, որ երբ կորսնցուցած ենք, կորսնցուցած ենք պառակտուածութեան պատճառով, եւ հիմա ճիշդ ժամանակն է, որպէսզի գոնէ վերագտնենք մեզի եւ ըլլանք իսկապէս պահանջատէր ու հասնինք գոնէ կորուստի նուազագոյն վերականգնման գործընթացին», նշած է Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեան:

Վառած կրակը Մուսա լերան գագաթ հասցնելու իւրատեսակ յաղթարշաւի բոլոր այլ մանրամասնութիւնները պիտի ցուցադրուին Համահայկական խաղերու բացման արարողութեան ժամանակ: ՀԽՀԿ գործադիր կոմիտէի անդամ Պերճ Հալաճեան ջահի վառման եւ տեղի ունեցած իրադարձութեան վերաբերեալ ըսած է. «Բախտ ունեցանք այսօր, այս սերունդի մարդիկ, որ տեսանք ջահի վառման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս սերունդը տէրն է այս գործին եւ հայապահպանման այս պահուն»:

Համահայկական խաղերու պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ պատմական Կիլիկիոյ բերդեր` Լեւոն Բ. թագաւորի բերդ եւ մայրաքաղաք Սիսի միջնաբերդ:

Համահայկական 7-րդ խաղերը այս տարի պիտի կայանան օգոստոսին: Բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի մէջ` 6 օգոստոսին:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Բերիոյ Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեան Հալէպ Հասաւ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.