Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հիւլէական Գործարքի Կողմերը Պէտք Է Կարգաւորեն Իրանի Հետ Տնտեսական Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Յունիս 10, 2019
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպան եւ Հիւլէական համապարփակ համաձայնագիրի կողմերը պարտաւոր են կարգաւորել Իրանի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները: «Ալիք» կը հաղորդէ, որ երէկ «Ալամէ Հելի» պետական դպրոցին մէջ կայացած «Առաքելութիւնս» ծրագիրի ծիրին մէջ, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ժաւատ Զարիֆին` ընդգծելով, որ Հիւլէական գործարքի կողմերը պէտք է պատասխանեն այն հարցումին, թէ` մինչեւ հիմա այդ հարցը որքանո՞վ լուծուած է:

Զարիֆ, անդրադառնալով օտարերկրեայ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ նախատեսուող հանդիպումներուն, յայտնած է. «Ճափոնի վարչապետին եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին Իրան նախատեսուած այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահ Ռուհանիի այցելութիւնը Պիշքեք (Խըրխըզիստան) ու Տուշանպէ (Տաճիկիստան) եւ այդ երկիրներու ղեկավարներուն հետ հանդիպումները կարելիութիւն կու տան Իրանի իսլամական հանրապետութեան բացատրել ապագայի տեսլականին առնչուած իր քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ լուծումներ գտնել` դիմակայելու այն քաղաքականութիւնները, որոնց թիրախը ամբողջ աշխարհն է»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը` անդրադառնալով այսօր գերմանացի իր պաշտօնակիցին ու անոր ընկերակցող պատուիրակութեան Իրան կատարելիք այցելութեան, եւ այն հարցին, թէ Հիւլէական համաձայնագիրով նախատեսուած իրենց գործողութիւնները չկատարելուն համար անոնք արդեօք պիտի ունենա՞ն պատասխաններ, նշած է. «Եւրոպացիները այն դիրքի վրայ չեն, որ քննադատեն Իրանի գործողութիւնները, եթէ նոյնիսկ ատոնք չեն առնչուիր Հիւլէական համաձայնագիրին»:

Ըստ իրանեան դիւանագիտութեան պետին, Արեւմուտքի վարած քաղաքականութիւնը տարածաշրջանին մէջ վնասներ հասցնելէ բացի ուրիշ որեւէ արդիւնք չէ ունեցած: «Որոշ երկիրներ, ներառեալ Գերմանիան, դադրեցուցին Սէուտական Արաբիոյ վաճառքը սպառազինութեան, որուն միջոցով կը ռմբակոծէր Եմէնը: Սակայն Արեւմուտքը այնուամենայնիւ, բռնապետական վարչակարգերուն կ՛արտօնէ ոճրագործութիւն կատարել», ըսած է Զարիֆ:

Նախորդը

Հիւսիսարեւմտեան Սուրիոյ Մէջ Յարձակում` Թրքական Ռազմակայանի Մը Դէմ

Յաջորդը

Եւրօ-2020. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

RelatedPosts

Սթարմըր. «Չինաստանը Բրիտանիոյ Համար  Իրական Սպառնալիք Է»
Միջազգային

Սթարմըր. «Չինաստանը Բրիտանիոյ Համար Իրական Սպառնալիք Է»

Դեկտեմբեր 3, 2025
Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Շատ Շուտով  Պիտի Սկսին Ցամաքային Գործողութիւններու  Ճամբով Թիրախաւորել Թմրեցուցիչի  Վենեզուելացի Մաքսանենգները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Շատ Շուտով Պիտի Սկսին Ցամաքային Գործողութիւններու Ճամբով Թիրախաւորել Թմրեցուցիչի Վենեզուելացի Մաքսանենգները»

Նոյեմբեր 29, 2025
Խամենէի. «Ամերիկայի Կառավարութիւնը  Արժանի Չէ, Որ Իրան Անոր Հետ Համագործակցի»
Միջազգային

Խամենէի. «Ամերիկայի Կառավարութիւնը Արժանի Չէ, Որ Իրան Անոր Հետ Համագործակցի»

Նոյեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?