Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Կարծեմ` Ս. Փեթերսպուրկի Եւ Վիեննայի Համաձայնութիւնները Աշխուժօրէն Կը Քննարկուին Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Լուծման Հոլովոյթին Մէջ» Կ՛ըսէ Հայաստանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

June 12, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ի հարկէ, Ռուսիան կարեւոր դեր ունի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին մէջ, նաեւ հիմնուելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ իր ունեցած յարաբերութիւններուն վրայ, սակայն չեմ կարծեր, որ ամէն ինչ իրմէ կախեալ է: Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ռուսիան ունի՞ ռազմավարութիւն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին մէջ լարուածութիւն չարտօնելու:

«Մենք կը գործենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան տակ», ըսաւ ան` նշելով, որ իրենց դիրքորոշումը ամփոփոխ է, որ թոյլ չտրուի լարուածութեան աճ: Ատոր համար կը կատարուին բոլոր կարելի քայլերը:

Ըստ անոր, իրենք կողմ են, որ հիմնախնդիրը լուծուի խաղաղ, բանակցային ճամբով: «Սակայն յստակ է, որ հարցին վերջնական լուծման որոշումը տագնապին կողմերունն է», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի համաձայնութիւններուն, որոնք պէտք է ապահովեն վերահսկողութեան մեքանիզմները սահմանին վրայ, Սերկէյ Քոփիրքին նշեց, որ կը կարծէ, թէ այդ հարցերը աշխուժօրէն կը քննարկուին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին մէջ, ներառեալ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կազմին մէջ:

«Ես չեմ ուզեր խորասուզուիլ ադ հարցին մէջ: Ուղղակի ըսեմ, որ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ դեսպան` ես այս քննարկումներէն տեղեակ չեմ», ըսաւ ան:

Նախորդը

Մովսէս Աբէլեան Նշանակուած Է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալ

Յաջորդը

Լեւոն Մնացականեանը` Արցախի Ոստիկանապետ

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը  Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է

January 19, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Թրամփի  Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ապահովելու  Բոլոր Հայ Գերիներու Վերադարձը
Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Թրամփի Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ապահովելու Բոլոր Հայ Գերիներու Վերադարձը

January 17, 2026
Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչները  Միասին Զննած Են Երասխ-Սադարակ  Երկաթուղային Հատուածը
Հայկական

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչները Միասին Զննած Են Երասխ-Սադարակ Երկաթուղային Հատուածը

January 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.