Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մնացականեան. «Հայաստանի Շնորհիւ ԵՏՄ-ն Կարելիութիւն Ստացաւ Խթանելու Արտաքին Տնտեսական Բաղադրիչի Զարգացումը»

June 11, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրասիական տնտեսական միութիւնը (ԵՏՄ) նախագահութիւնը թոյլ տուած է Հայաստանին` յառաջ մղելու  սեփական առաջնահերթութիւնները. խորհրդարանին մէջ «Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան տարին ԵՏՄ-ի մէջ. մարտահրաւէրներ եւ կարելիութիւններ» նիւթով լսումներու ժամանակ ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան:

Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ստանձնելով կառոյցի նախագահութիւնը միութեան մարմիններուն մէջ` Հայաստանը կարելիութիւն ստացաւ ո՛չ միայն ազդելու կառոյցի օրակարգի ձեւաւորման վրայ, այլեւ յառաջ մղելու Հայաստանի առաջնահերթութիւնները` ըլլալով աւելի նախաձեռնող, նպաստելու կառոյցի զարգացման եւ անոր միջոցով ընդլայնելու Հայաստանի կարելիութիւնները»:

Անդրադառնալով առաջնահերթութիւններուն` Մնացականեան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է աւելցնել ջանքերը` ուղղուած ուժանիւթի   քաղաքականութեան իրականացման ու ուժանիւթի պաշարներու համար ոչ խտրական հիմքի վրայ գիներու ճշդման հարցի լուծման:

Արտաքին գործոց նախարարը նշեց նաեւ, որ Հայաստանի շնորհիւ ԵՏՄ-ն կարելիութիւն ստացաւ խթանելու արտաքին տնտեսական բաղադրիչի զարգացումը:

Մնացականեան վստահ է` ազատ առեւտուրի գօտին կարելիութիւն  պիտի տայ բազմաթիւ ապրանքներու ներմուծման մաքսատուրքերու նուազեցման կամ զերոյականացման, ինչ որ իր կարգին զգալիօրէն պիտի նպաստէ փոխադարձ առեւտուրի ծաւալներու մեծացման:

«Իրանի եւ Չինաստանի հետ համապատասխան համաձայնագիրներու  իրականացումը, ինչպէս նաեւ Սինկափուրի, Սերպիոյ, Եգիպտոսի, Իսրայէլի եւ Հնդկաստանի հետ բանակցութիւններու աւարտը կրնայ  լրացուցիչ խթան հանդիսանալ միութեան համար համաշխարհային տնտեսութեան մէջ համարկումի հոլովոյթին համար», եզրափակեց արտաքին գործոց նախարարը:

 

 

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցած Է Հարաւային Օսեթիոյ Նախագահին Հետ

Յաջորդը

Մարիօ Նալպանտեան. «Ընկերվար Միջազգայնականը Դէմ Է Որեւէ Խտրականութեան»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.