Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարիօ Նալպանտեան. «Ընկերվար Միջազգայնականը Դէմ Է Որեւէ Խտրականութեան»

June 11, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Մարիօ Նալպանտեան, որ նոյնպէս ներկայ եղած է օրեր առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «Միտքերու հայկական գագաթնաժողով»-ին, «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ նախագահ Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնած ձեռնարկը բացառիկ էր, եւ պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել անոր:

Ըստ անոր, ե՛ւ կազմակերպչական, ե՛ւ խորքային իմաստով լուրջ ներկայացուածութիւն ապահովուած էր, լուրջ քննարկում ծաւալած էր  առանձնացուած հարցերու շուրջ: «Շատ լուրջ մարդիկ կային, բոլորն ալ` արհեստավարժ իրենց մասնագիտութեան մէջ: Համաժողովին ժամանակ աւելի շատ խօսուեցաւ «Հայթեքի» եւ նորարարութեան նիւթերուն մասին: Կարեւոր էր Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Տոմինիք տը Վիլիենի, ամերիկացի նախկին զօրավարներէն մէկուն ներկայութիւնը: Պարոն նախագահին բացման խօսքն ալ բաւական տպաւորիչ էր, ու անոր ներկայացուցած ճառը, որուն մէջ կը խօսէր Հայաստանի տեսլականին մասին: Այդ ամէնը մեծ յոյս կը ներշնչէր: Ես ալ կրցայ իմ խօսքս ըսել իբրեւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ», ըսաւ Մ. Նալպանտեան` աւելցնելով, որ ընտրուած օրակարգն ու նիւթերը լուրջ են, իրատեսական:

Մարիօ Նալպանտեան ընդգծեց, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը կրնայ  աւելի արագ զարգանալ, եթէ համաժողովի ժամանակ հնչած բոլոր միտքերը կեանքի կոչուին, ու միտքերու բախումը, որ տեղի ունեցաւ երեք օրուան ընթացքին, հետեւութիւն ձգէ, շարունակութիւն ունենայ: Ան յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը կարենայ այնպէս մը ընել, որ այդ բոլորը իրականանան, այլ ոչ թէ մնան իբրեւ գեղեցիկ գաղափար կամ միջոցառում:

Ինչ կը վերաբերի Ընկերվար միջազգայնականի գործունէութեան` Մարիօ  Նալպանտեան ընդգծեց, որ կազմակերպութիւնը, հետեւողական ըլլալով  իր անցեալին, թէ՛ այսօր, թէ՛ ընդհանրապէս իր առջեւ նպատակ դրած է խաղաղութեան ամրապնդումը այնտեղ, ուր տագնապներ կան: «Թէ՛ լատինամերիկեան երկիրներուն, թէ՛ մեր շրջանին մէջ եթէ  տագնապներ կան, կը փորձենք երկխօսութեան հարթակներ ստեղծել` Ընկերվար միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւններուն միջեւ: Այսօրուան դրութեամբ` տնտեսական եւ ազատական  քաղաքականութեան պայմաններու մէջ կը ներկայանանք այն գաղափարախօսութեամբ, որ մարդու աշխատանքն ու աշխատանքային իրաւունքները ոտնակոխ չըլլան: Գաղթականութեան հարցերուն կ՛օժանդակենք` ընդունելով, որ գաղթականութիւնը համաշխարհային թիւ մէկ տագնապն է, ու Ընկերավար միջազգայնականը յայտնած է, որ դէմ է որեւէ տեսակի խտրականութեան», ըսաւ Մ. Նալպանտեան:

 

Նախորդը

Մնացականեան. «Հայաստանի Շնորհիւ ԵՏՄ-ն Կարելիութիւն Ստացաւ Խթանելու Արտաքին Տնտեսական Բաղադրիչի Զարգացումը»

Յաջորդը

Ակնարկ. Երեւան – Աթէնք – Նիկոսիա Առանցքը Եւ Անգարայի Ջղաձգութիւնը

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.